Յայտարարութիւն

Monday, June 28, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները 115 Ռուբէն

Ահա այդ խումբը իր ամբողջ կազմով կ’ոչնչանայ, իր հետ տանելով թանկագին ուժեր, եւ այդ բոլորը Սերգէյի աչքին առջեւ: Մերոնք թշնամիէն իրենց թիւէն աւելի սպանած էին` զօրքեր ու քրտեր, բայց ի՞նչ օգուտ, քանի որ մեր կորուստը աւելի զգալի էր, քանի որ խումբը չէր հասած իր նպատակին: Եւ որ գլխաւորն է, կորցրած էինք ապագայ խոստացող մի քանի կարեւոր ընկերներ:
Յետոյ կ’երթայ Թումանը:

Թումանի խումբը. – Թուման (Թորգոմ), երբ կը վերադառնայ Ընդհ. Ժողովէն, Որսորդ Գէորգի հետ կը կազմէ 61 հոգինոց Որսկան խումբը: Այս անգամ, սակայն Թուման պիտի չկրնար կրկնել իր Մրրիկ ձիաւոր խումբին յաջող փորձը:
Սասունն արդէն ինկած էր. Թուման չէր ուզեր ետ մնալ իր ընկերներէն եւ կը մտածէր, որ եթէ յարձակի թրքական սահմաններու վրայ, թերեւս թրքական զօրքերու մէկ մասը քաշէ դէպի սահմանը, եւ այսպիսով թեթեւցնէ Սասունի վիճակը:
Խումբին մէջ կը մտնեն բաւականին մեծ թիւով մտաւորականներ` ուսանող, բժիշկ, քահանայ: Կային նաեւ հարուստ ընտանքիներու զաւակներ, ինչպէս, օրինակ, Լեւոն Քալանթարեանը, որ Բագուի նաւթահորերը թողած եկած էր Հայաստանի համար կռուելու: Խումբին մէջն էր Վաղոն, կառավարական մեծ պահեստը դատարկողը: Հոն էին նաեւ Անուշաւանը եւ անոր պէս բազմաթիւ անձնուրացներ:
Ինչպէս ընդունած սովորութիւն էր, խումբի դրօշակը կ’օծուի գիշերը, եկեղեցիի մոմերու աղօտ լոյսին տակ, բոլորը կ’երդնուն եւ կը հաղորդուին: Միւս գիշերը ճամբայ կ’ելլեն Օլթիի շրջանէն: Թիւ 68 սիւնէն մէկուկէս վերստ հեռու, անոնք սահմանը կ’անցնին աննկատ, աղբիւրի մը վերեւ լեռ կը բարձրանան եւ դիրքրերը կը բռնեն: Չորս ռուս զինուորներ կու գան այդ աղբիւրը ջուր խմելու եւ հոն կը տեսնեն երկու շալակաւորներ` քնացած: Կը գողնան մէկուն շալակը եւ կը տանին պահակատուն: Երբ շալակաւորները կ’արթննան ու կը տեսնեն որ թալանուած են, անմիջապէս կը բարձրանան լեռը` տեղեկութիւն տալու Թումանին: Թաքնուած ռուսո զինուորները կը հետեւին միամիտ շալակաւորներուն եւ կը հասկնան ֆետայիներուն տեղը: 150ի չափ սահմանապահ զօրքեր կը շրջապատեն անոնց դիրքերը, միաժամանակ լուր տալով տաճիկ ուժերուն: Օլթիի կողմն ալ, ռուս սահմանապահ հրամանատար Բիկովը կը հասնի օգնական ուժերով:
Առաջին յարձակումը կը գործեն ռուսերը եւ կը ստիպեն ֆետայիները քաշուիլ դէպի տաճկական սահմանը: Որպէսզի թիւրիմացութիւն չծագի, Թումանը կը հրահանգէ որեւէ գնդակ չարձակել ռուսերու վրայ, այլ կռուիլ միմիայն տաճիկներուն դէմ: Միաժամանակ, պատգամաւոր մը կ’ուղարկէ ռուս հրամանատարին մօտ, բացատրելու համար իրենց նպատակը եւ հասկցնելու, թէ իրենց գործը միայն թուրքերուն հետ է: Ռուսերը վար կը դնեն պատգամաւերը (Անուշաւան): Անուշաւանի ետեւէն կ’երթայ Լեւոն Քալանթարեանը, բայց ան ալ բանտ կ’առաջնորդուի:
Բիկովի հրամանով, ռուս զօրքերը երեք կողմէ կը պաշարեն մեր տղաքը, իսկ չորրորդ կողմէն տաճիկ զօրքերն են: Խաչաձեւ կրակի տակ բռնուած, խումբը չի գիտեր թէ որու վրայ կրակէ: Ռուսերը, որեւէ վնաս չկրելով, աւելի կ’ոգեւորուին եւ կատաղի կրակ կը բանան: Միայն թուրքերն են որ կը տուժեն, 10ի չափ ասկեարներ կորսնցնելով:
Կռիւը կը տեւէ մինչեւ ժամը չորսը: Այլեւս ֆետայիները անիմաստ կը սեպեն դիմադրութիւնը եւ կ’որոշեն անձնատուր ըլլան ռուսերուն: Խումբի քահանան, խաչը ձեռքին, ընդառաջ կ’երթայ, բայց կը գնդակահարուի: Կը սպաննուի նաեւ Թումանը, 10 ընկերներու հետ: Որսորդ Գէորգը կը վիրաւորուի եւ իր վերջին շունչը կ’աւանդէ ռուս զինուորի մը սուինի հարուածին տակ: Այսպէս ամբողջ խումբը կը փճանայ կամ ցիրուցան կ’ըլլայ: Ֆետայիներէն կը սպաննուին 27 հոգի, 6 հոգի կը վիրաւորուին եւ 14 հոգի գերի կ’իյնան. մնացածները կը փախչին անտառներու միջով:
Բիկովը հաւաքելով նրանց դիակները, իր զինուորներով կը նկարուի, իբրեւ պարծանք ու կ’արժանանայ թէ՛ ռուս եւ թէ տաճիկ կառավարութեանց շնորհակալութիւններուն:

Շար 115


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝