Յայտարարութիւն

Sunday, June 27, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները114 Ռուբէն

Նախ կ’երթայ Մշեցի Վաղարշակի խումբը:
«Դժոխք» խումբը. – Մինչ Երկաթ-Թոխմախի խումբը այսպէս կը նահատակուէր Ախլաթի ճամբուն վրայ, Կարսի Բասէնի շրջանին մէջ կը պատրաստուէր Սասուն անցնելու ուրիշ խումբ մը, Վաղարշակի (Կայծակ) գլխաւորութեամբ:
Վաղարշակին մենք նոյնպէս ծանօթ ենք արդէն. զինքը տեսանք Մշոյ մէջ եւ Առաքելոց Վանքի կռիւներու ատեն: Սասնոյ աչքառու ֆետայիներէն էր, որ ունէր նաեւ կազմակերպական խորոշոր կարողութիւն: Ան եւս գացած էր Սոֆիայի Ընդհ. Ժողովին իբր պատգամաւոր Դուրան-Բարձրաւանդակի կողմէ: Կը փութար Սասուն նորէն 29 ձիաւորներով, որոնց մէջն էին քանի մը համալսարանական գործիչներ, Բժիշկ Խաչիկը, Ռուս Գէորգը (Դերպէնտցի), որ թէեւ կիսահայախօս էր, բայց ուխտած էր մեռնիլ Հայաստանի համար: Վաղարշակի հետ էին նաեւ շատ մը ընտիր զինուորներ, ինչպէս Առվարինջցի Սէյտօ Պօղոսի ընկեր Վարդանը, Մշեցի Պաղտասարը, Գէորգը, Նատոն եւ ուրիշներ:
Գիշերուայ մութին` լաւ պարենաւորուած` Վաղարշակի խումբը սահմանը կ’անցնի. կը նկատուի թշնամիէն. փոքրիկ կռիւ մը կ’ունենայ անոր հետ, բայց կը յաջողի սահմանէն ներս մտնել եւ Խորումի եւ Զեւինի հին բերդին մէջ, բլուրի մը վրայ, հանգիստ առնել: Վաղ արշալոյսին խումբը կը պաշարուի սահմանապահ զօրքերու եւ քիւրտ աշիրէթներու կողմէ: Ռուս զինուորները ռուսական սահմանէն կը դիտեն հայ ֆետայիներու հետ սկսուած կռիւը, որ մինչեւ կէսօր յաջող կ’անցնի, եւ թշնամին կորուստներ տալով չի յաջողիր մօտենալ ֆետայիներու դիրքերուն: Կէսօրէ վերջ թշնամին նոր օգնական ուժեր կը ստանայ եւ աւելի բուռն յարձակումներ կը սկսի ֆետայիներու վրայ: Վաղարշակ ձիու վրայ նստած կը շրջի դիրքերը եւ սիրտ կու տայ իր զինուորներուն դիմադրելու մինչեւ վերջ. բայց ֆետայիները անզօր են առաջքն առնելու թշնամիին հազարաւոր կռուողներու գրոհին: Վաղարշակ կը վիրաւորուի մահացու կերպով. անոր ետեւէն գնդակահար կ’իյնան շարք մը ուրիշ ֆետայիներ: Վերի դիրքերը կը գրաւուին, իսկ ներքեւը դիմադրութիւն դեռ կը շարունակուի: Ի վերջոյ ողջ մնացածները կ’ուղղուին դէպի ռուսական սահմանը:
Բլուրի վրայ հաւաքուած թուրք եւ քիւրտ բազմութիւնը կը շարժի առաջ, ողջ մնացած ֆետայիները եւս սպաննելու համար: Թուփերու մէջ կան վիրաւորներ ֆետայիներէն, որոնց մէջն է նաեւ Առվարինջցի Վարդանը: Վերջինս կը թաղէ ռումբերն ու տինամիթը թուրքերու եւ քրտերու ճամբուն վրայ եւ կը վառէ պատրոյգը: Ռումբերը կը պայթին եւ անոնց կտորները երկինք կը հանեն տասնեակներով թշնամիներ: Ինք` Վարդանը, սողսկալով թուփերու մէջէն, քարերու արանքով, երկու օր վերջ կը հասնի ռուսական սահմանը մէն-մինակ:
Ֆետայիներու մնացորդները Ռուս Գէորգի առաջնորդութեամբ ատկէ առաջ արդէն հասած կ’ըլլան ռուսական սահմանը, ուր կանգնած էին ռուսական սահմանապահ զօրքերը: Ռուսախօս Գէորգը վստահ ըլլալով, թէ ռուսերը ձեռք չպիտի տան իրեն եւ իր ընկերներուն առաջ կ’անցնի. բայց խեղճը դաժանօրէն սխալած էր. ռուս զինուորներու համազարկերը կը դիմաւորեն զինքն ու իր խումբը. եւ երկու կրակի մէջտեղ իյնալով Գէորգն ու իր ընկերները բոլորն ալ գնդակահար կ’ըլլան: 29 հոգիէ միայն երկու վիրաւորներ կ’ազատին: Սակայն, ինչպէս ոմանք կը պնդեն, ֆետայիներու այս խումբը ոչնչացաւ իրեն հետ ոչնչացնելով 300 թշնամիներ: Եթէ այս թիւը չափազանցուած ալ ըլլայ., ամէն պարագայի տակ կատարեալ վստահութեամբ կարելի է ըսել թէ թշնամիին կորուստը 90էն աւելի էր, որովհետեւ այդպէս կը վկայեն թուրք պաշտօնեաները, որոնք մասնակցած են այս կռիւներուն: Իսկ ռուսներու վկայութեամբ թուրքերու կորուստը 250ի մօտ էր:

Շար 114
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝