Յայտարարութիւն

Tuesday, June 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները116 Ռուբէն

Այս դէպքը նշանակալից էր անով, որ ռուս եւ թուրք զօրքրեը միասին կռուեցան հայ ֆետայիներուն դէմ, ցոյց տալով թէ երկու կառավարութիւններն ալ թշնամաբար կը վերաբերուէին հայ ազատագրական շարժման: Լոպանովի քաղաքականութեան արտայայտութիւն էր այդ, որ յետոյ պիտի շարունակուէր Լենիններու եւ Լեգրաններու օրով:

Սերգէյ յուսալքուած կը պատմէր մանրամասնութիւնները մահուան այն ընկերներուն, զորս գուրգուրանքով ճամբած էր Երկիր եւ որոնք բոլորը համարեա սպաննուած էին, եւ ինքը միայն դժբախտութիւնն ունէր ապրելու անոնցմէ յետոյ:
- Անոնց մահը ինծի հանգիստ չի տար, կ’ըսէր ան, եւ ես կ’ուզեմ երթալ Երկիր ու իմ դիակս աւելացնել անոնց դիակներու վրայ: Այդքան զոհերէն յետոյ, ապրելը ամօթ է մեզի համար:
Եւ երբ յայտնեցի անոր իմ յուսալքումը, որ հակաակ եզրակացութեան բերած էր զիս, ան չառարկեց եւ չըսաւ, որ ես սխալ եմ:
- Ըրէ՛ այնպէս, ինչպէս կը դատես, իսկ ես վճռած եմ, ինչ գնով լինի, գնալ Իշխանի ճամբով Վասպուրական եւ այն ճանապարհը, որմէ դու ես դարձեր, ես պիտի շարունակեմ: Դու արդէն մկրտուեցար կռուի մէջ, ես ալ նոյնը պիտի փորձեմ Երկիրի մէջ:
Մենք նոյն վիշտն ունէինք, բայց այդ վիշտը բաժնուած էր մեզ եւ մեր ճանապարհները: Զիս դէպի յուսալքում տարած էր, իսկ Սերէգյին մղած էր ծայր աստիճան յամառութեան: Ես տուի Սերգէյի մանրամասնութիւնները ճանապարհներու մասին եւ ըսի որ ամենայարմարն է եւ ամենադիւրինը Երկիր անցնիլ Թադէոս Առաքեալով, ուրտեղէն ես կարող էի անցնիլ, եթէ ցանկանայի:

¢¢¢

Սերգէյ Ալեքսանդրապոլէն գնաց Թիֆիս, յանձնարարութիւններ ստանալու Երկրի համար եւ այնտեղէն ուղիղ մեկնեց դէպի Վասպուրական: Իսկ ես եղբօրս` Երուանդի հետ միասին գացի Կարս: Ճանապարհին ան ինծի յայտնեց, որ նա Կարսի Կ. Կոմիտէի անդամ է ընտրուած:
Կարսի հին կազմը փոփոխութեան էր ենթարկուած եւ այժմս Կ.Կոմիտէի մէջ էին` Նորհատեանը, Սեւ-Կարսն, Ղազանճեան Կարսն եւ, կարծեմ, նաեւ Բզնունին:
Մերինները, ինչպէս ըսի, կը կարծէին, թէ ես սպաննուած եմ եւ նոյնիսկ հոգեհանգիստ կատարած էին: Դժբախտ մայրս արդէն հաշտուէր էր իմ մահուան մտքի հետ, մանաւանդ որ հարիւրաւոր մարդիկ, քանի մը ամսուան մէջ, զոհուած էին հայրենիքի զոհարանին առջեւ: Իսկ այդ կինը տարօրինակ հայրենասիրութիւն ունէր եւ մոլեռանդ էր իր հաւատին մէջ: Ծանօթ լինելով անձամբ բոլոր սպաննուածներուն, իմ մահը նրաց կողքին թեթեւ կը թուար անոր եւ մասամբ մխիթարուած էր, որ ես սպաննուած եմ հայրենիքի համար: Եղբայրս կը զգուշացնէ մօրս, ըսելով որ ես մեռած չեմ, այլ ծանր վիրաւոր եւ տուն պիտի հասնիմ ողջ: Այդ նախապատրաստութիւնը նրան չի վնասեր: Մի երկու ժամ զայն յուզմունքներու ենթարկելէ յետոյ, կ’ըսեն, որ իմ վէրքը շատ ծանր չէ եւ ես առողջ եմ ու վաղը տունը կը լինիմ: Վաղը կը դառնայ այնուհետեւ երկու ժամ, որմէ յետոյ զիս կը ներկայացնեն անոր:
Երբ ան տեսաւ զիս, քարացաւ. անշարժ կեցած իր տեղը չէր կրնար ոչ խօսիլ, ոչ ուրախանալ եւ ոչ ալ լաց լինել: Եւ երկար րոպէներ անցան քաղցր լռութեան մէջ: Վերջապէս ան ըսաւ.
- Տղաս, քու բոլոր ընկերները գացին եւ սպաննուեցան, Աստուած հոգիները թող լուսաւորէ, բաց երբ մէկը ճամբայ մը կը բռնէ, պիտի շարունակէ. ես չեմ անիծեր զանոնք որոնք ողջ մնացեր են, բայց ով որ մեռածի ճամբան չի շարունակեր` ան անարժան է մեռածներուն: Գիտեմ, օղուլ, Ռուս Գէորգն ալ սպաննուեցաւ, շորերն ալ մօտս են. մօրը պիտի ղրկեմ, թող մխիթարուի...
Ու սկսաւ լաց լինել:
Ես կը պատմեմ մեր ընտանիքի մէջ պատահած այս դէպքը, որովհետեւ մօրս այդ օրուան խօսքերը դարձան իմ կեանքի միակ պատուիրանը: Ես սկսայ ամչնալ իմ մտքերէն: Մայրս չգիտէր որ ես յուսալքուած էի: Ես այդ վայրկեանէն բոլորվին փոխուեցայ եւ համոզուեցայ, որ Սերգէյը աւելի ճիշդ ճամբու վրայ էր կանգնած:
Քանի մը օր միայն անցած էր, ինչ տուն էի դարձած, երբ նկատեցի, որ զիս կը հետապնդեն, որպէսզի ձերբակալեն: Թէեւ գործերը առաջուան նման կը քալէին, բայց առաջուան նման ազատ համարձակ չէինք կարող ման գալ: Անցեր էին այն օրերը, երբ Սերգէյ նահանգապետէն ա՛լ աւելի ուժեղ էր եւ ոչ ոք կը համարձակէր ձեռք տալ յեղափոխականի մը:
Շար 116



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝