Յայտարարութիւն

Wednesday, June 30, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները 117 Ռուբէն

Խուսափելու համար ձերբակալումէն, ես ստիպուեցայ նորէն փախչիլ մեր տունէն: Ապաստանեցայ նախ Քռոյի-Մահլէն, ու յետոյ` Բերդի-թաղ տունի մէջ, ուր Սեւքարեցի Սաքոն էր թաքնուած:
Քիչ կային իմ նախկին ընկերներէն Կարսի նահանգը: Մեծ մասը իմ ծանօթներէն սպաննուած էին կամ ձերբակալուած ու փախած: Դուրսեցիները քիչ կ’երեւային քաղաքի մէջ: Մնացեր էր Չիլինգարեան Յակոբը, բայց ան ալ հեռացաւ, որովհետեւ զայն եւս կ’ուզէին բռնել: Նոր ոյժերն էին գործի վրայ: Բոլորն ալ կ’աշխատէին ծածուկ, միայն Պլօ թագաւորն էր, որ առաջուան նման շամաթայով ու զալմազալով իր խանութներուն մէջ շոռիկ կը կարէր եւ ազատ համարձակ կը խօսէր: Նրան կարծես թէ կը ներէին ազատ խօսիլ եւ երբեմն ալ գործել. առանձին կարեւորութիւն չէին տար եւ ձերբակալել չէին ուզեր:
Թէեւ արտաքուստ այս տարբեր ձեւին տակ, բայց ներքուստ գործը կը շարունակուէր նոյն թափով: Կ. Կոմիտէն կը ծրագրէր Թումանի եւ իր խումբի վրէժը առնել թէ ռուսերէն եւ թէ տաճիկներէն: Այդ նպատակով եկած էր եւ Սեւքարեցի Սաքոն: Կ’որոշուի կազմել խումբ մը, բաղկացած եօթ հոգիէ, որոնք միայն տասնոց ատրճանակներով եւ ռումբերով զինուած, պիտի գնային եւ ծածուկէն մօտենային տաճկական զօրանոցներուն եւ մութ գիշերով պատուհաններէն ներս պիտի նետէին ռումբերը: Այս ծրագիրը կ’առաջարկուի նախ Տուրբախին, բայց յետոյ զայն յանձն կ’առնէ իրագործել Ամերիկայէն եկած Յարութիւնը, որ դժոխային մեքենաներ եւ ռումբեր պատրաստելու եւ գործածելու մասնագէտ էր:
Անոնք կ’երթան սահմանագլուխ, կ’անցնին սահմանը, կը յարձակին զօրանոցներու վրայ ռումբերով ու վնասներ կը պատճառեն, բայց ոչ ակնկալուածին չափ: Որոշուած ծրագիրը` հիմնայատակ ընել եւ բոլորովին ոչնչացնել զօրանոցները` լիովին չ’իրագործուիր: Բայց այդ ալ պատիժ մըն էր, եւ վրէժը մասամբ առնուած էր տաճիկներէն:
Մինչ այդ գործողութիւնը կը կատարուէր, կը մտածուէր նաեւ Բիկովի մասին:
Մի օր եկաւ ինձ մօտ երտասարդ մը, իւղոտած եւ ներկոտած շորեր հագած, ինքն ամբողջովին ներկերու մէջ: Հազիւ ճանչցայ, որ այդ «ներկարարը» Համոն է (Ջանփոլատեան): Մենք համբուրուեցանք եւ շատ ուրախացանք, որ նորէն միմեանց հետ տեսնուեցանք: Բայց Սաքոն մեզ հանգիստ չձգեց: Քաշելով Համոն անկիւնը, սկսաւ ինչ որ բան փսփսալ անոր հետ, որմէ յետոյ այդ ներկոտած երիտասարդը, մի «ցը» կանչելով դուրս ելաւ: Ես նախ կարծեցի, թէ երեւի դուրս գնաց կարճ ժամանակով եւ շուտով պիտի կրկին վերադառնայ: Յետոյ հասկցանք, որ նա կ’երթար դէպի մահ: Ինչպէս որ ես զայն խաբած էի, սպասցնելով Երեւանի կայարանը, այնպէս ալ ան զիս սպասեցրեց Սաքոյի կողքին: Սաքոն ինծի բան մը չըսաւ: Միայն հինգ օր ետքը նա յայտնեց, որ մենք պիտի հեռանանք Կարսէն միառժամանակ: Եւ հաղորդեց նաեւ ուրախալի լուրը, որ Համոն սպաննած էր Բիկովը ու առած մեր ընկերներուն վրէժը:

Այստեղ մի քանի խօսք Համոյի եւ այդ տեռորի մասին: Համոն ամենէն փոքրն էր եւ, ինչպէս ըսի, ան կ’արհամարհուէր որէպս ֆրանտ (պճնամոլ): Ան չյաջողեցաւ Երեւան մտնել խմբի մէջ եւ գնալ նահատակուելու: Զայն չէին ընդունած նմանապէս ոչ Վաղարշակը եւ ոչ ալ Թումանը: Նա լաց էր եղած Թումանի մօտ ու գանգատած, թէ ինչու զինքը չառին խմբի մէջ, ըսած էր որ ինքը նոյնպէս քաջ է եւ պատրաստ է մեռնելու: Բայց ինչպէս Թումանը, նոյնպէս Որսորդ Գէորգը այդ երիտասարդը վիրաւորած էին: «Սպասիր, մի քիչ մեծացիր, եւ երբ լաց լինելը թողնես, այն ժամանակ կը լինես ոչ թէ զինուոր այլ խմբապետ»: Ան այդ ատենը կարծես թէ մարգարէացած, յայտարարած էր որ յեղափոխականներու վրէժը առնողը Համոն պիտի լինի: Եւ երբ Թումանի սպաննուիլը կը լսէ, Թիֆլիսէն կը վազէ Կարս Սաքոյի մօտ եւ անոր կը պատմէ իր ցաւը, Յակոբի հակառակութիւնը իր «նահատակութեան», կը խնդրէ իրեն ճամբել գործի մը եւ կ’առաջարկէ Բիկովի սպաննութիւնը կատարել: Սաքոն, առանց Կ. Կոմիտէին յայտնելու, կը համաձայնի, կ’աջակցի, կը զինէ զայն: Եւ Համոն` երեսը մրոտած` մազերը գզգզած, ոտքերին եամանի հագած, պատռուած հագուստներով, ծխնելոյզ մաքրողի կերպարանքով մէն-մինակ կը հասնի Օլթի: Հասնելով Օլթի, ան հետամուտ կը լինի եւ կը հասկնայ, որ Բիկով շատ զգոյշ կը պահէ ինքզինք: Երեւի տաճկական զօրանոցներու դէմ կատարուած յարձակումէն յետոյ կասկածած էր, որ ինքն ալ կրնայ ենթարկուիլ տեռորի: Այդ պատճառով ալ հսկողութիւն կ’ուժեղացնէ զօրանոցի վրայ եւ ինքն ալ միայն զինուորական ակումբը կը յաճախէ, որ քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր զօրանոցէն: Համոն կ’ուսումնասիրէ Բիկովի երթեւեկը եւ անգամ մըն ալ երբ ան դուրս կու գայ զօրանոցէն ակումբ երթալու համար, որսորդական հրացանով կը խփէ զայն եւ գետին կը տապալէ: Ատով ալ չգոհանալով` կը մօտենայ անոր եւ ատրճանակի քանի մը գնդակով կը գոցէ անոր հաշիւը:

Շար 117



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝