Յայտարարութիւն

Friday, June 11, 2010

ԱՄԵՐԻԿԱ՛ ՔՈՅՐՍ

Ամերի՛կա քոյրս,
Թշնամացած բարեւները,
Կախեցիր մեր հին պատշգամի հին թելերուն...
Ուր մնացին պատառիկները մեր մանկութեան ...
Ամերիկա, քոյրս,
Կանգնեցայ Նիակարայի առաջ,
Ըսիր, ջրվէժը հզօր է, դիմացը Պուֆֆալոն...
Երազներդ մէկ առ մէկ
Հանեցին դեղին ծոցատետրէս ...
Ամերիկա, քոյրս,
Երազներդ մնացին մեծ մամայի հայատառ թրքերէն
տողերուդ մէջ,
Ուր դուն պոլսահայերու հետ նստած կլոր սեղանին,
Անոնց պատրաստած համադամները համտեսեցիր ...
Կանաչ եալանչիներ հիւթեղ ...
....
Իբnեւ թէ քեզ չեմ փնտռեր ...
....
Քեզ չեմ փնտռեր,
Ամերիկա քոյրս,
Ձեռքս Անդրանիկ քեռայրին կղպուած
Փոշոտած հեռախօսին չերթար լսելու համար ձայնդ ...
Ձայնդ հին եւ գունագեղ ...
Կը պատմես կեանքէն ... ու բառերդ ալիքներ...
Բառերդ տող տող,
Բառերը հատիկ-հատիկ...
Հարց կու տաս Հայաստանի մասին
_ Հայաստան պիտի չերթա՞ս Սագօ ...
Ամերիկա քոյրս, ծալլապատիկ կը սպասենք
որ կանաչները երկրիդ
Գունաւորեն պահարանները մամային ...
Յիշողութիւնս կը պատռէ ցանցը ժամանակի ...
Մենք կը մերկացնենք ապրումները մեր...
Տղաքս ֆրանսերէն կ’երգեն ...
ու մենք մեր լեզուն կը զեղծենք...
Երազս էր Ամերիկան, երազս Ամերիկա քոյրս.
Աշխարհը մեր հանդիպումը ինչո՞ւ ծրագրէ...
Ահաւոր է երբ ես փակած եմ դռները երազիս ...
Եւ հեռացումդ ծանր կը նստի սրտիդ ....
Դէմքեր կը սեւնան, բանաստեղծները կը շիջին...
Կը զանգահարեն, կÿըսեն որ էջերս դառն էին եւ վատ ...
Մէկը կը փռնգտայ Աստուծոյ անունով,
Ուրիշ մը‘ բEaonCY նստած, անօթեւան,
կիսամերկ կաղնիի պէս
Կը սպասէ անձրեւը... որ պիտի գայ
Անձրեւը այս յիմար աշնան,
Անձրեւ‘ այս տօթ յիմար աշնան...
Ուրիշ մը բարձր սարերուն վրայ վերջալոյսներ կը յօրինէ.
...
Ամերիկա՛ վիթխարի քոյրս,
Հիմա նստած ես կայսրութեան փլուզումը նկարա•րելու...
Ինչպէ՞ս խօսիմ հետդ ...
Ըսէ՛ ....
Ըսէ ո՞ր լեզուովս,
Համրանալս վեհանձնութիւն սեպէ...
Լռութիւնս աղօթք թող ըլլայ քեզի,
Ու մեր սառնութիւնը ամերիկեան
Գէշ նկարուած ֆիլմերու նմանցուր:
Տասնըութ տարեկան չեմ այլեւս, որ
նամակ գրեմ քոյրիկին ...
Այս տարի, քոյրիկ, մի՛ մոռնար Լէպթոփը...
Այս տարի կաղանդ պապան ալ սեւ է.
Ուրախանալու ոչ մէկ տեղիք կայ հիմա, գիտես չէ,
Պուրճ Համուտի սեւ ճաUբաները ո՞ւր կը տանին...
Հոն չեմ պիտի ըսես... յանկարծ սխալներ չընես
Ամերիկա՛, դուն մեծ քոյրս,
Քանի՞ տուփ Էտվիլ մնաց պայուսակիդ մէջ...
Յիմար Էտվիլ,
Առաջին տարիներուն գաղտնապահ Էտվիլ,
Ու հիմա բացայայտ ու ներբաններուն վրայ քալող
յիշատակ որպէս...
Հինգշաբթի երեկոյ Լիբանանեան լոթօ...
Լոթոն բaEan անտէր հայերուն հայրենիքն է...
Յատկապէս հինգշաբթի իրիկուն
Բոլոր հայերն աշխարհի
Սեւ ներկուած, սեւով ծպտուած ու սեւ ձեւացող հայերը...
Պիտի դառնան տուն ձեռք մը պլոթ խաղալու...
Պահարանին միւս կողմը, կամ ետեւը միշտ կայ
ցեղասպանութեան ուրուն, որ կը հալածէ զիրենք...
Ու դիմացի անկիւնը ուրիշ վերանտայի մը վրայ
Քաղաքական կիսամերկ բանտարկեալներ կը տեսնեմ...
Հասակի՜դ մեռնիմ...
Քոյրիկ, կը յիշե՞ս այդ վերանտան, ուր Սեդա քոյրիկս
հաւկիթ կը խաշէր պապային համար...
Ու չէր մոռնար երկու սառած ալմազա բերել ընթրիքին...
Կեցցէ՛ փրոսթաթ Ամերիկան
... ...
Ամերիկա, քոյրս, նիհարցա՞ր ...
Սուշի եւ ֆաստ ֆուտ չմնաց քաղաքին մէջ...
Պատմէ՛ Ամերիկայէն...
Հայտէ, նազ մի՛ ըներ...
Պատմէ ինծի վերջին աղաւնին ո՞ւր գնաց ձեր տունէն...
Որուն նկարն անգամ չես ղրկած
Ի՜նչ անջրպետ մեր միջեւ...
Մի՛ դժգոհիր, Քոյրիկ...
Ամերիկա քոյրս պիտի սիրե՜մ քեզ անջրպետին չափ,
Մեծ ու կապոյտ...
Երկարող երազին պէս որ չունի աւարտ...
Ամերիկա՛ քոյրս...
......
Ամերիկա՛ քոյրս,
Կապոյտով գրեցի քու մասիդ,
Կապոյտով
Էյչ Փի բnCYAAnA չաշխատիր...
Առաւօտեան վաղ՝ հինգուկէսն է...
Եաննին միայն կայ դիմացս,
Բաժակ մը կոնեակ,
Ամերիկա՛ քոյրս,
Ո՞ւր ղրկեցիր մեծ քոյրերս...
Հօրքուրս որ Իրաքէն հազիւ պրծաւ ,
Անօթեւան անջուր հիմա Հոլանտա...
Անամուսին անմուրազ ու անխօս հէրն անիծած...
Հին երգերը հօրքուրներուս...
Ո՞ւր մնացին հին ձայները,
Ամերիկան մեզ anբացուց
Ըսին որ երազի երկիր է...
Երազները վրայ տուինք ու մեռանք ...
Մենք չմեռանք...
Հիմա արեւելքի պորտին
Զաւակներուս մրմունջ բառերը պատշ•ամէն կÿարձակեմ...
Aբnեւ մասունք աղօթքի,
Ամերիկա՛ քոյրս,
Մեր խէրիկը անիծեցիր...
Աֆղանիստան, Իրաք,
Հիմա ալ ելեր ես Հայիթիի
anբaoIYերը գողնալու...
Ամերիկա՛ սեւ համպըրկըր յիշատակիդ...
Ընկերներս ետ դարձուր...
Ես չեմ մեռնիր, մի՛ մտածեր այդ մասին
Գիրգոր քեռայրը միզել չկրցաւ,
Եւ փրոսթաթի խլիրդէն մեռաւ,
Աւելի քան սէր, աւելի քանսէրէն մեռաւ...
Ո՛վ գիտէ ինչ ճանապարհ էր Քէրքուքէն Հոլանտա...
...
Անդրանիկ քեռայրս անյիշատակ կը պառկի
Ղազար ամոս, հարսքոյրիկս ու հիմա Սա•ոն
Որ մէկը թուեմ...
Մեռելները կը հաւասարին ողջերուն
... ինչ տեսակ երազ է ասիկա
Սուտերդ քեզի թող մնան
Տաունդաուններդ սովալլուկ վհուկներու պէս,
Բերանաբաց ու դատարակապորտ ուրուներ են միայն:
Ամէն ինչդ գէշ է
Ամէն ինչդ մահ է
Ամերիկա՛...
Ամերիկա, քոյրս,
Կը զանգեմ Յարութին բարեւ ըսելու...
Բարեւ ընկեր
Բարեւ բոլոր ընկերներուն...
Ամերիկա՛ քոյրս,
Կ՜ըսես ուրուականը պիտի հիննայ ու անցնի...
Ամերիկան մեծ երկիր է
Թալէպները քանի-քանի օդանաւ վար կ՜առնեն
Ամերիկացի խարտեաշ զինուորներ հողին կը տրուին...
Ծօ՛, դուրս ե՛լ,
Դո՛ւրս բեր զօրքերդ,
Մեծ օդանաւերդ ի՞նչի կը ծառայեն.
Հարաւս սեւ մոխիր ըրիր,
Բայց չինկայ...
Դուն նաւթ կ՜ուզես խմել...
Նաւթի ծարաւ ես
Աշխարհս ծեր է,
Վախնամ մեռնի
Ծառերը սեւ հագնին...
Ձիւնի փոխարէն տեղայ կարկուտ կարմիր...
Դուն նաւթէն չե՞ս կշտանար...
Տե՛ս հնդիկները ինչպէս կը կառուցեն իրենց տունը
Տե՛ս հարաւի բYակիչները,
Տե՛ս չինացիները...
Դուն կեսար կÿուզես խաղալ,
Երեխաներդ առանց ցաւի պիտի ծնին
Առանց երկունքի,
Աճին առանց աnբaoYuC
ջերմանոցի անհամ ելակներու պէս...
Ո՞ւր են բանաստեղծներդ թող ապտակեն քեզ
Ամերիկա՛ թող ապտակեն...
Ո՞ւր է Ալէն Կինզպըրկի ոգին
Վա’յ, մամա ճան:
Մէզ կը հոտի երկիրդ...
Ամերիկա քոյրս,
Քիչ մը զգացում եւ սէր ուղարկեմ
Ուեսթերն Ունիոնով ...
Ըսէ՛, սորվեցնե՞մ
Ինչպէս կը գուրգուրան հօր ու մօր վրայ
Ըսէ՛, արցունք մի՛ թափեր
Լէպթօփս չի հասկնար
Ու աչքերուս մէջ տեղ չմնաց արցունքի...
Ամերիկա քոյրս, կը լսե՞ս զիս,
Հաւաքէ պայուսակներդ...
Իրերդ
Ըսէ՛ Ամերիկան ի՞նչ տուաւ քեզի ...
Ամերիկան բաց գերեզման է, գիտես...
Հոն մեռելները կը պառկին գեղեցիկ գերեզմանատան մէջ...
Մեծ կայսրութիւն Ամերիկա՛
Մարդիկ թիւ, հազարումէկ թիւ ու թիւեր...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

.....
Ամերիիկա քոյրս,
eaonբ Սարգիսն ալ անցաւ,
Ոչ ոք զանգ չի տար
Հասնող հեռախօսներուն համարները
Երեք եօթը չորսով են միայն...
Նախագահիդ կ՚ըսես
Որ հոգս չէ թէ ի՞նչ բառ պիտի գործածէ ... Ապրիլ 24ին...
Միայն նաւթի համար,
Պիտի զղջաս Ամերիկա քոյրս ...
Տունէն դուրս ե՛լ...
Վերջացաւ մելանս որ գրեմ...
Ամերիկայիդ մասին գրելէն յոգնեցայ...
Ամերիկա քոյրս,
Երթամ ապրելու...
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝