Յայտարարութիւն

Friday, June 4, 2010

ՏԽՐՈՒՆԻ եւ Յուշիկներ Պետրոս Բարսեղեանէն

ՏԽՐՈՒՆԻ

«Նշանակ» կը գուժէ մահուան բօթը Ա.Մ.Էմիրութեանց գաղութի անդամ Պետրոս Բարսեղեանին որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ հիւանդութեան պատճառով: Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Յունիսին :
Կայքէջիս խմբագրութիւնը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակներուն Անի եւ Պոպ Բարսեղեաններուն, Տէր եւ Տիկին Զարեհ եւ Լենա Հատաճեաններուն, Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեաններուն ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկին Մուշեղ եւ ԶեփիւռՊէտիրեաններուն:


Յուշիկներ Պետրոսէն

1976 Նոյեմբեր:

Ցոլակ Թիւթէլեանը, այդ տարիներուն Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան կարեւոր անդամ, յանձնարարեց որ Ապրօ Ապրոյեանին փեսան Պետրոս Բարսեղեանը տեսնեմ գործի համար: Լսած էր Պետրոսէն որ ան Ծոցի երկիրներ պիտի գար ,որովհետեւ «Պում» ի մէջ էին այս երկիրները: Զուգադիպաբար, Շարժայէն Հրայր Սողոմոնեանը լուր ղրկած էր ինծի, որ Պերճ Պետրոսեանի ցանկութեամբ հարցազրոյցի մը համար պէտք էր տեսնուէի Պետրոս Բարսեղեանին հետ: Ցոլակին ու Հրայրին տուած հեռաձայնի թիւերը իրարմէ տարբեր չէին: Ուրեմն երկու այս ընկերներս նոյն մարդուն ուղղած էին իրենց ցուցամատերը : «Սա ուրեմն լաւ մարդ պէտք է որ ըլլայ»ըսի մտքէս ու հեռաձայնին ընկալուչը վերցուցի հեռաձայնելու համար Պետրոսին:
- Պարոն Բարսեղեա՞նն է:
- Այո, ո՞վ կ՜ըլլայ խօսողը:
- Նշան Պաս...
- Հա Նշան, Ցոլակը խօսեցաւ ինծի: Պպպերճին քով պիտի աշխատիս:
Հասկցայ որ Պարոն Բարսեղեանը քիչ մը կը թոթովէր: Բայց ինչո՞ւ ըսաւ «պիտի աշխատիս», չ՞է որ զիս ինթերվիու պիտի ընէր...
- Պարոն Բարսեղեան, դուք…
- Իմ անունս Պետրոս է Նշան, Բարսեղեանը մականունս է:
«Այս մարդը ինձմէ աւելի պարզ մարդ մըն է» մտածեցի:
- Լաւ Պրն Բարսեղեա... ներողութիւն Պետրոս, ե՞րբ կրնամ ձեզ տեսնել ինթերվիու ի համար:
- Մէկ վայրկեան, «Ալին ե՞րբ կրնայ Նշանը ինթերվիուի գալ»:
Հասկցայ որ քարտուղարուհիին անունը Ալին էր...
- «Շաբաթ ժամը 12 ին» խորէն լսուեցաւ Ալինին ձայնը:

Շաբաթ առաւօտ Պուրճ Համուտէն՝ աներ հօրս տունէն սերվիս առի դէպի Պուրճի հրապարակը, որ քանի մը օրուան խաղաղութենէն օգտուելով բացուած էր հասարակ մահկանացուներուս առաջ:Ալպա վաճառատան առջեւն էի երբ լսեցի որ մորթուած էին բանջարեղէն ծախող խեղճ ու կրակ «արապաճիներ»: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատմութեան մէջ այդ օրը կը կոչուի «Սապթ ալ ասուատ» ՝ «Սեւ շաբաթ Օր»: Հրացանաձգութիւնը բուռն էր: Չեմ գիտեր ինչպէս թաքսիի մը մէջ ինքզինքս տեղաւորուած գտայ եւ ուղղուեցայ հոն ուր Պետրոս յանձնարարած էր որ ըլլայի ժամը 12 ին:

Բանէն դուրս եկաւ որ ես Պետրոսին գրասենեակը չէր որ գացած էի այլ Նազարէթ եւ Կեռան Յովասափեաններուն տունը: Ծանօթացայ Ալինին, որ քարտուղարուհի չէր այլ Պետրոսին կինը: Ան իր մատներուն արանքին մէջ ունէր սիկառ մը: Առաջին կինն էր որ կը տեսնէի սիկառ ի ձեռին: Նազարէթին աչքերուն մէջ կարելի էր կարդալ թէ այնտեղ մտահոգութիւն կար: Տիկին Կեռանը՝ սուրճ շինեց ինծի համար: Դէմքէն լաւ կին կը թուէր ըլլալ: Սակայն զիս տպաւորողը այդ քիչ մը թոթովող մարդն էր՝ Պետրոսը:Ուրախ , աշխուժ եւ լաւատես: Ծննդեան թուականս հարցուց միայն: Այդքանով աւարտուեցաւ իմ ինթերվիուս:Անկէ ետք լայն բացատրութիւն տուաւ օրուան անց ու դարձերուն մասին ապա բացատրեց ինծի , թէ ինչ պիտի ընէի «Պիլտինկ Մաթիրիըզ Իմփորթ Քոմբանիի» որպէս փոխ տնօրէն: Այդ օրերուն Պէյրութի օդակայանէն սահմանափակ թռիչքներ կային դէպի Տուպայ: Պետրոսը առաջարկեց Դեկտեմբեր 31 ի գիշերուան թռիչքով միասին մեկնիլ դէպի Տուպայ: Համաձայնեցայ: Երկու օր ետք հեռաձայնեց ըսելով թէ ինք ինձմէ առաջ Ռիատ պիտի երթար հետեւաբար ես կրնայի առանձինս ճամբորդել: «Նոր ամուսնացած մարդ ես, ըսաւ, եթէ կ՜ուզես Նոր Տարին այստեղ անցուր կնկադ հետ յետոյ գնա» : Շնորհակալ եղայ:
Շնորհակալ եմ քեզի սիրելի Պետրոս մինչեւ օրս, եթէ այդ թելադրանքը չկատարէիր ես այսօր գոյութիւն պիտի չունենայի:
Շատեր կը յիշեն, որ Middle East Airlines ի Boeing 747 օդանաւ մը 31 Դեկտեմբերի գիշերը թիրախ դարձաւ Սէուտական օդուժի մէկ հրթիռին , որուն պատճառաւ մահացան 270 ի շուրջ լիբանանցիներ... Փրկուած էինք եւ ինք եւ ես...

1977 ՝ պատերազմ Պէյրութի մեր հայկական թաղերուն մէջ:

ՀՅԴ Բիրոյի Հերթապահ Հրայր Մարուխեանին պատահմամբ կը հանդիպիմ Intercon Dubai ի ճաշարանը: Կը յայտնէ թէ ընկերներէս մին վիրաւոր է եւ աջ ձեռքը չի կրնար գործածել: Աւելին՝ Պաղեստինեան կազմակերպութեան մը ցանկին վրայ է եւ դատապարտուած մահուան: Քաջարի այս երիտասարդը այլեւս չէր կրնար կռիւը շարունակել : Պէտք էր բան մը ընել...
Կը դիմեմ Պետրոսին, որ այդ օրերուն White Wesinghouse ի ընդհանուր ներկայացուցչութիւնը առածէր ԱՄԷ ի համար:
« Այդ տղան պէտք է դուրս հանել այդ տեղէն, այդ սրիկաները գլուխը կ՜ուտեն» բացատրեց: « Թող մեր մօտ աշխատի»:
« Սակայն Պետրոս, ինչպէս ըսի տղուն աջ ձեռքը չի գործեր»:
« Հայ չէ՞», հարց տուաւ Պետրոսը, ինքնավստահ իր ըսելիքին ճշմարտութեան, «ան իր աջովը չկատարածը ձախովը կ՜ընէ» ըսաւ: «Անպայման պէտք է գայ»:

Միայն բարի չէր Պետրոսը, ՊԱՊԱ էր…

Դպրոցը նոր աւարտած երկու երիտասարդներ ուզեցին ԱՄԷ գալ: Մին՝ մէխանիքական ուսումով միւսը՝ աւելի գրական գեղարուեստական կրթութեամբ:
« Մեքենայէ, ելեկտրականութենէ հասկցողին վիզա կ՜ընեմ սակայն միւսին պէտք չունիմ» ըսաւ Պետրոսը:
« Պետրոս, ըսի, այդ քու չուզածիդ տուր միւսին կէս ամսականը , միայն թէ գայ տղան » փորձեցի համոզել…
« Լաւ. որ այդքան կը պնդես՝ թող գայ բայց միւսին կէս ամսականով:
Եկան տղաքը: Ամսավերջին երբ հարցուցի թէ իւրաքանչիւրը քանի ստացաւ, երկուքն ալ յայտնեցին ստացած ըլլալ նոյն ամսականը : ԵրբՊետրոսին հարց տուի թէ ինչո՞ւ «խօսքին տէրը չէր ելած» , պատասխանեց.
«Նշան, ասոնք ընկերներ են , ճիշտ է որ մին միւսէն շատ աւելի գործունեայ է , բայց ի վերջոյ Հայ են, ինչպէ՞ս զատողութիւն դնեմ իրենց մէջ:»

Պետրոսը ոչ միայն փափկանկատ էր այլ եւ գլխագրով՝ ՀԱՅ…

Միջազգային ,բայց մանաւանդ Լիբանանեան քաղաքականութիւն վերլուծելը իր hobby ն էր: Իր քաղաքական վերլուծումները համով հոտով էին ու համոզող: Տրամաբանութիւն կար իր վերլուծմանց մէջ նոյնիկ եթէ դէպքերը իր նախատեսածին պէս չզարգանային կամ չվերջանային: Ալինը շատ յաճախ համաձայն չէր ըլլար ամուսնոյն վերլուծումներուն, սակայն Պետրոսը տեղի չէր տար ու ամէն ճիգ ի գործկը դնէր համոզելու համար իր հոգեհատոր Ալինը:

Պետրոսը ոչ միայն ինքզինքը զարգացնող մարդ էր այլ նաեւ ինքնատիպ մարդ էր : ԿԵՑՈՒԱԾՔԻ ՏԷՐ մարդ էր Պետրոսը:

Դատաստանական Յանձնախումբի մէջ ենք: Ինք՝ ատենապետ: Իրեն վայելող պաշտօն: Իրարմէ բաժնուիլ փորձող Տէր եւ Տիկին մը կը հարցաքննենք: Կնկան հաշիւները ուրիշ... էրիկինը ուրիշ: Երեք «դատաւորներս» հաշտութեան առիթ կը փորձենք ի զուր ստեղծել: Երկու նիստ այսպէս կ՜անցընենք: Պետրոսը ամենէն պաղարիւնն է մեր մէջ: Դէմքէն յայտնի չէ որ արիւնը իր մէջ կ՜եռայ ամուսնին տուած անհեթեթ ու չափազանցուած մեղադրանքներուն պատճառաւ: Նիստը կը փակէ , տուն կ՜ուղարկէ վերջին հարցաքննուողը ապա իր ցասումը կ՜արտայայտէ խորհուրդիս : սակայն եւ հակառակ իր այդքան բորբոքած ըլլալուն՝՝« մարդը ուրիշ սիրած ունի բայց զինք այդտեղ հասցնողը կինն է» կ՜եզրակացնէ:
Պետրոսը միայն խելացի չէր, գիտէր դիմացինին մորթին տակ մտնել ու ոտքերը դիմացինին կօշիկներուն մէջ դնել... յատկութիւն մը որ քիչերու է տրուած եսակեդրոն այս մարդկային ընկերութեան մէջ...

Ութսունական թուականներուն կորսնցուց իր շատ սիրելի 15 ամեայ Ապրօն: Այդ օր ես ճանչցայ գերզգայուն Պետրոսը եւ սթօիք Ալինը: Շատ բան պիտի խորտակուէր իր մէջ եթէ չըլլար այդ իրատես եւ քաջ կինը, որ կրցաւ Պետրոսին ընդունիլ տալ գործնական այն իրականութիւնը թէ մահն իր ճամբով կ՜երթայ իսկ կեանքը իր ճամբով :

Սիրելի Պետրոս, Ալինը կողքէդ հեռանալէն ետք չմնացիր այն Պետրոսը որ էիր Ալինով : Սակայն Աստուած քեզ վարձահատոյց ըրաւ : Բոլոր անոնց վրայ որ դուն գուրգուրացած էիր՝ ըլլան անոնք զաւակներդ Անին ու Պոպը կամ Մուշեղը որ քեզ ու Ալինը սիրեց հարազատ հօր ու մօր նման իսկ դուք երկուքդ զինք ընդունեցիք որպէս հարազատ զաւակ՝ քեզ առանձին չթողուցին երբեք:Երբ դուն խօսելու կամ դուն զքեզ արտայայտելու ի վիճակի չէիր իրենք քու շուքիդ տակ իրենք զիրենք զօրաւոր զգացին : Իսկական հայր եղար սիրելի Պետրոս եւ իրենք ալ կը մնան յարգանքով լի ու երախտագէտ քու զաւակներդ:

Այս քանի մը խօսքն ու յուշերու պատառիկները ընդունիր որպէս ափ մը հող իմ ձեռքերէս՝ քու շիրիմիդ:

Նշան Պասմաճեան






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝