Յայտարարութիւն

Sunday, June 6, 2010

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՒԱՔԵՑ՝ ՕՆՆԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

ՕՏԱՐՆԵՐԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԱՍԻՆ

Անատոլուի մէջ հայերը միակ քաղաքակրթիչ տարրն են: Ճարտար են անձնազոհութեան աստիճան եւ չեն յուսալքուիր այնպիսի պայմաններու տակ, որոնք կրնային ահ ու սարսափ ազդել մարդկային ցեղի ստուար մասին: Անոնց լաւագոյններէն հերոսներ եւ մարտիրոսներ կը դարբնուին:
Տոքթ. Է. Միլլըն
Անգլիացի գրող


« Զէնքերը վար պիտի չդնենք, միչեւ որ Թուրքիոյ կողմէ ճնշուած ազգերը գտնեն իրենց ազատութիւնը: Թուրքիա իր վայրագութեամբ զլեց անցաւ իր տէրերը: Հայերու հանդէպ գործադրուած մեթոտիկ ջարդերը կը ստիպեն մեզ աւլելու Եւրոպայի վրայէն այս տգէտ եւ վատառողջ աւազակախումբը: Հայաստանին պէտք է տրուի իր պատմական իրաւունքը: Թուրքիայէն աւելի իրաւունք ունի ան ապրելու, որովհետեւ աւելի լաւ կրնայ կառավարել ինքզինքը: Ուշ կամ կանուխ Թուրքիա պիտի հանուի դատաստանին առջեւ եւ հաշիւ պիտի տայ իր սարսափներուն համար եւ այն ատեն պիտի պահանջուի իրմէ վերադարձնել իրենց տէրերուն թալանուած իրերը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր»

Նախագահ Ուտրօ Ուիլսըն

----------------------------------------------------------------------------------------------------------------

«Հայերը մեծ եւ ազնիւ կարողութեանց տէր ժողովուրդ մըն են: Անոնք պահեցին իրենց քաղաքակրթութիւնը դարերու ընթացքին ճնշման տակ, որ կրնար ճզմել ուրիշ որեւէ ժողովուրդ: Հայը երկրագունդիս ազնուագոյն ցեղերէն մէկն է»
ԷՆՏՐԻՈՒ ՀՈՒԱՅԹ
Գերմանիոյ ամերիկեան դեսպան


«Այս հին Սորպոնէն, ուրկէ Ֆրանսական միտքը հինգ դարերէ ի վեր լոյս կը տարածէ աշխարհի, Ֆրանսա, իր բոլոր զաւակները գրկած, սիրոյ աղաղակով կը պատասխանէ քու հեծեծանքիդ, ո՜վ փառապանծ Հայաստան, դուն որ ինքդ, նոյնիսկ ստրկութեան ստուերին մէջ, պահեցիր գաղտնիքը դպրութեանց, արուեստներու եւ խոյանքը ազատութեան:»

ՓՈԼ ԴԵԼԱՆԵԼ
Նախագահ՝ Ֆրանս. Երես. Ժողովին


« Կը հաւատամ թէ հայ ազգը չընկճուիր իր ենթարկուած հալածանքներէն, ընդհակառակը աւելի պիտի խստացնէ պայքարը:Այդ հալածանքները, այս տեսակէտէն կարելի է համարել օրհնութիւն մը զոր Աստուած կուտայ տառապանքի ձեւի տակ:
ՌԱՊԻՆՏՐԱՆԱԹ ԹԱԿՈՐ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝