Յայտարարութիւն

Thursday, July 1, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները 118 Ռուբէն

Այնուհետեւ կը փախչի եւ կը մտնէ մի տուն ու կը թաքնուի խծնելոյզին մէջ: Երբ մութը կը կոխէ, դուրս կու գայ իր թաքստոցէն եւ երեք օր անտառներու ու լեռներու մէջ թափառելէն վերջ, կը հասնի Կարս ու անձամբ կը զեկուցէ Սաքոյին, որ լուծած է Թումանի վրէժը: Սաքոյէն հրահանգ ստանալով, Կարսէն կ’անցնի Թիֆլիս: Ասկէ դժգոհ մնացին թէ՛ Յակոբը, թէ՛ Կ. Կոմիտէն, որովհետեւ թէեւ եղածը պէտք էր, բայց անկանոն լինելուն համար դատապարտելի էր:
Համոն ատկէ ետքը այլեւս մատ մը տղայ չէր եւ ոչ ալ ապագան «բայըսըզ»: Անոր կը վստահուի Անդրկովկասի պատասխանատու ահաբեկումներու իրագործումը. շարք մը մարդիկ կ’իյնան անոր գնդակներէն, եւ ան կը դառնայ վագր մը: Եւ, ինչպէս որ կուժը կը կոտրուի ջուրի ճամբուն, այդպէս ալ փշրուեցաւ Համոյի կուժը ջուրի ճամբուն վրայ: Յակոբն ու Համոն, արդէն հաւասար ընկերներ դարձած, երկուսն ալ նոյն թուականին վաստակեցին նահատակութեան պսակը:

¢¢¢

Կամաց կամաց Կարսի թէ՛ նահանգապետը եւ թէ կառավարիչը կը զգուշանան եւ կը մեղմեն իրենց սանձաարձակութիւնները: Կարսը նորէն կը վերագտնէ իր նախկին համարձակ վիճակը, ինչ էր Սերգէյի ժամանակ: Շուտով Բիկովի ձեռքով ձերբակալուած զինուորներն ալ մէկիկ մէկիկ կ’ազատուին:
Կ. Կոմիտէն կը շարունակէր նոյն գործունէութիւնը, զոր ներկայացուցինք սկիզբները: Այժմս, Թումանի խմբի սպանութենէն յետոյ եւ մանաւանդ որ Կովկասեան Նախագիծը հաւանութիւն էր ստացեր 1904ի Ընդ. Ժողովի կողմէ, ան աւելի ծաւալած էր իր գործունէութիւնը եւ աւելի խորն էր դարձած այն գաղափարը, թէ ռուսն ու տաճիկը խլած են մեր երկիրը եւ բնագրաւած մեր ազատութիւնը: 1904ին աւելի ցայտուն կը դառնայ Կովկասի մէջ գործելու անհրաժեշտութիւնը, առանց մոռնալու, անշունտ, Երկրին շահերը: Նոր Կ. Կոմիտէն կը շարունակէր իր գործունէութիւնը, հետեւելով նախկինի գործելակերպին, միայն այն բացառութեամբ, որ այժմս պակաս հանդուրժող էին դարձած Հնչակեան ցանուցրիւ զինուորներու եւ այդ կուսակցութեան համակիրներու հանդէպ: Ասոնք թէեւ առանձին ոյժ մը չէին ներկայացներ, բայց ձգտում կար, բոլորովին հաշուեյարդարի ենթարկել այդ կուսակցութիւնը Կարսի նահանգին մէջ: Ասոր իբրեւ հետեւանք որոշ ծայրայեղութիւններ գործուեցան եւ պայքարը Հնչակեաններու դէմ տեղի տուաւ նոյնիսկ սպանութիւններու:
Համոյի ետեւէն Սաքոն ալ գնաց Կարսէն, իսկ Սաքոյէն յետոյ քանի մը օր անց ես ալ մեկնեցայ Կարսէն Թիֆլիս:



Շար 118



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝