Յայտարարութիւն

Saturday, July 3, 2010

Տան Ներքին Յարդարանքը- Տալիտա Գալըպճեան

Տան Ներքին Յարդարանքը
Տան յարդարանքը կրնայ ամբողջական ազդեցութիւն ունենալ մեր տրամադրութեան վրայ: Այս իմաստով շատ կարեւոր է ուշադրութեամբ ընտրել զարդարանքի եւ կահաւորման իրերը եւ անպայման յարմարեցնել զանոնք մեր նկարագիրին ու խառնուածքին: Այստեղ կը ներկայացնենք քանի մը առաջարկներ եւ անոնց իրագործումը կը տեսնէք նկարներով: Ձարմարագոյնը ընտրեցէք ու կիրարեցէք:
1- Ճերմակի գերակայութիւնը: Եթէ ճերմակը կամ բաց երանգները ձեր ճաշակին ու նկարագիրին շատ կը համապատասխանեն, այս դասաւորումը եւ կարասիները լաւագոյնը կրնան ըլլալ ձեզի համար: Եթէ կը կարծէք, թէ ճերմակը կրնայ շատ ձանձրալի ըլլալ, անոր վրայ աւելցուցէք բաց դեղին գոյնի բարձ կամ ծածկոց եւ նաեւ բաց ու մեղմ մետաղագոյնը կցեցէք անոր : Այսպիսով եռանդ կրնաք բերել ձեր ժերմակ կահ-կարասիներուն:
2- Գունաւոր պատկերներով կրնաք ամբողջութեամբ զարդարել պատ մը: Անիկա կրնայ ըլլալ ձեր երեխաներուն մանկական թաթիկներուն հետքերը կամ ձեռային աշխատանքները: Սովորաբար այսպիսի բան կարելի է ընել կրակարանին վերեւի պատին վրայ,թէեւ պարտադիր չէ: Ձեր նախասիրած եւ ամէն օր յաճախ տեսած մէկ անկիւնը նաեւ կրնաք տրամադրել այս ցուցահանդէսին:
3- Կրակարանի յարդարանքը: Կրակարանը երբ գործող է, կրակը ինքնին գեղեցիկ ու ներշնչող զարդ մըն է, սակայն երբ կրակ չկայ, մութ բաժինը կամ պարապ խոռոչը կրնայ աչքին անախորժ թուիլ: Կրակարանին վրայ մետաքսեայ ծաղիկներու դասաւորում կամ այլ զարդեր զետեղեցէք այդ պարապը ձեւով մը ծածկելու համար:
4- Տան մէկ անկիւնը ջերմացուցէք…: Վստահաբար այս գաղափարը բոլորիդ ալ հաճելի կը թուի, մանաւանդ ձմրան: Մոմերուն գոյները թող համապատասխանեն ձեր կարասիներուն եւ անպայման միասին զետեղեցէք տարբեր ձեւի ու չափի մոմեր: Մոմակալներ ալ ապահովեցէք ու ձեռքի տակ պահեցէք զանոնք: Մոմակալներու փոփոխութիւնը տարբեր ազդեցութիւն կը ձգէ ձեր զարդարանքին ու ներքին դասաւորումին վրայ:
5- Արեւուն բարիքները օգտագործեցէք: Արեւը բացի իր առողջապահական բնոյթէն, նաեւ ունի տունը լուսաւորելու եւ հետեւաբար բնական գեղեցկութիւն հայթայթելու յատկութիւն: Օգտուեցէք այս առիթէն առաւելագոյն ձեւով: Վարագոյրները օրուան ընթացքին միշտ բաց պահեցէք ու արեւուն թափանցած բաժինները հայելիներ ալ զետեղեցէք, ըստ յարմարութեան լոյսին թափանցումը բազմապատկելու համար: Գիշերուան համար ալ լուսամփոփներ ապահովեցէք եւ անուղղակի լուսաւորումը նկատի առէք ձեր տան համար, որովհետեւ անիկա շատ աւելի հանգստացնող է, քան ուղղակի կեդրոնացած լոյսերը:
6- Ջուրի կարկաչ տա ն մէջ: Այո , տան մէջ ին~չ հանգստութիւն: Իւրաքանչիւրս պիտի փափաքէինք ծովեզերեայ կամ գետեզերեայ տեսարանով ու համապատասխան ձայնով տան մը մէջ ապրիլ , բայց գոնէ կարելի է ջուրին ձայնը վայելել եւ անշուշտ հանգստանալ…:Ձեր հանդարտ ժամերուն դրէք ջուրին ձայնը եւ թող անոր կարկաչը ձեզ պահ մը անջատէ հեւքոտ առօրեայէն ու ձեր փափաքած վայրերը առաջնորդէ եւ արժէքաւոր պահեր պարգեւէ: Պատկերը խօսուն է եւ <ձայնաւոր>:
7- Անուշաբոյր մթնոլորտ: Այս կենսաբանական իրողութիւն մընէ: Անուշահոտը քիթի զգայարանքներէն կ’անցնի դէպի ուղեղ ու զայն հանգիստ վիճակի կ’առաջնորդէ: Տունը ողողեցէք անուշաբոյր մոմերով կամ նոյնիսկ անուշահոտի սրուակներով, ի հարկին ցրուելով տան մէջ, եւ անոր հաճոյքը վայելելով վերացէք ձեր փափաքած ու երազած վայրերը:
8- Ընտանեկան նկարներ: Նկարը հաճելի յիշատակ մը կրնայ ըլլալ եւ անոր գոյութիւնը տան մէջ այդ յիշատակին ու պահին թարմացումը կը նշանակէ: Ընտակեկան այն պահը կամ պատկերը, որ կը փափաքիք միշտ թարմ մնայ ձեր մտքին մէջ, անպայման զետեղեցէք տան մէկ անկիւնը եւ վայելեցէք յիշելով այդ օրը կամ պահը: Զանոնք դասաւորելով ալ կրնաք այդ հաճոյքը ապրիլ եւ անոնց ձեւը ու տեղը կը փոխէք, անգամ մը եւս կը թարմացնէք զանոնք ձեր մտքերուն մէջ:
9- Բնութիւնը ներս բերէք: Այս մէկը կարելի է ծաղկեփունջերու օգնութեամբ, կամ տան մէկ անկիւնը փոքր պուրակի մը վերածելով:Զգոյշ սակայն. եթէ հնարաւորութիւնը չունիք հոգատարութեան,անտեսուած ծաղիկներ կամ թաղարներ մի պահէք տան մէջ: Աւելի լաւ է նման պարագաներուն չոր ծաղիկներու օգնութեան դիմել եւ կամ նուազ հոգատարութիւն պահանջող բոյսերու: Ասոնք եւս բնութեան մէկ պատկերը կը փոխանցեն, սակայն նուազ աշխատանքով:
10- Դուրսի բնութիւնը երբեք մի անտեսէք: Հաւանաբար տան մէկ պատուհանը բնութեան կամ ձեր բակին կը նայի: Անոր գոյութիւնը երբեք մի անտեսէք, անպայման օգտուեցէք անկէ: Իւրաքանչիւր եղանակ կամ նոյնիսկ օր իւրայատուկ է իր պատկերով: Դուք ձեզ մի զրկէք այդ պատկերէն եւ այդ պատուհանը որ դուրս կը դիտէ, գեղեցիկ եւ փոքր աշխատանքներով կրնաք դասաւորել, որպէսզի առաւելագոյնը օգտուիք դուրսի գեղեցկութենէն:

Տալիդա Գալըպճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝