Յայտարարութիւն

Monday, July 19, 2010

«ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Սիրելի ընթերցող,

Արտատպումը այս լուրին կատարեցինք պարզապէս քու ուշադրութեանդ յանձնելու Նարեկ Վարժարանի տարիներու վաստակաւոր տնօրէն , ինքը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան սան եւ այժմ Նարեկ ի հոգաբարձութեան ատենապետին ոսկի կշռող խօսքերը: Լաւ ուշադրութիւն ըրէք իւրաքանչիւր արտասանուած բառին եւ այնտեղ պիտի տեսնէք մեր հոգեբանութիւնը դրսեւորող նիւթ, մեր անցեալը պանծացնող յուշ, մեր ներկան ափսոսացող սրտի կանչ:
Արտատպման այլ պատճառ մըն ալ կայ: Յուշամատեան կը հրատարակուի հաստատութեան մը հիմնարկութեան ամեակի մը առթիւ գնահատելու համար անոր խաղացած դերը մեր պատմութեան մէջ: Մեծի գործ է մեծութիւններ գնահատելը: Յուշամատեաններով պատմութիւն կը գրուի:Հարկ է դաս առնել եւ առիթները չփախցնել հրատարակելու այսպիսի մատեաններ, որոնք վկաներ են հայ մշակոյթի պահպանման ի խնդիր տարուած անխոնջ աշխատանքին , անսակարկ զոհողութեան:Կը գնահատենք Պրն. Գայայեանի ութ տարիներու տարած հոյակապ աշխատանքը :
Նշանակ

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«
ԿԻՊՐՈՍ
«ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
«…Պատմութեան սիրոյն եւ յաւերժացնելու համար Անմահ Բարերարներուն յիշատակը, մանաւանդ բոլո՛ր մելգոնեանցիները նո՛յն պատնէշին վրայ համախմբելու տեսանկիւնէն դիտուած, վաղուց անհրաժեշտութիւն դարձած էր եզակի Հաստատութեան «Յուշամատեան»ի լոյս ընծայումը, Հաստատութիւն մը, որ իր դռները օր մը պիտի վերաբանայ վերանորոգ ծրագրումներով եւ առաքելութեամբ, ի խնդիր հայ գիրի եւ դպրութեան»։
Ե.Գ.
Կողքի ձեւաւորում՝ Աւետիս Գուշեանի, 2005 թ. շրջանաւարտ, Նիկոսիա
Հինգշաբթի, Յունիս 24-ին, երեկոյան ժամը 7-ին, Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկ. Եղիա Գայայեանի տարիներու բծախնդիր եւ համբերատար խմբագրական աշխատանքին արգասիք հանդիսացող «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ի շնորհանդէս-գինեձօնը, հովանաւորութեամբ Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գեր. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի, նախագահութեամբ կիպրահայ համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի եւ զօրակցութեամբ Կիպրոսի ՄԿՀ Սանուց Միութեան։
Բացման խօսքին մէջ, անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ որբերը կորուստէ փրկելու, կրթելու ու դաստիարակելու նպատակով հիմնուած եւ ապա հայ լեզուի ու մշակոյթի իւրօրինակ ամրոց
դարձած Հաստատութեան անցեալին, Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեան հրաւիրեց օրուան պատգամախօսը՝ Վարդան Թաշճեանը, ներկայացնելու համար «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ը։
Օրուան պատգամախօսը իր ելոյթը սկսաւ «խոնարհել»ով եւ «երկրպագել»ով տաղանդին ու բարութեան առջեւ։
Այո՛, տաղանդի եւ բարութեան խորհրդանիշ է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ուր 79 տարիներ շարունակ, հնչեցին «Աւետիս Հայեր»ը եւ «Անմահ Լուսոյ»ն, կենսատու եւ կենսունակ մնացին Մեսրոպ Մաշտոցի երեսունվեց կոթողները։
Հաստատութեան մէջ հասակ եւ ուսում առած Վարդան Թաշճեան, շնորհապարտ մելգոնեանցիին յատուկ եւ անսահման երախտագիտութեամբ, արտայայտուեցաւ Հանդիսութեան պատգամաբերը`
Անմահ Բարերարին մասին, որ «իր վրիժառու Պրն. Վարդան Թաշճեան
գաւազանը կը զարնէր գետի՛ն, հիմը դնելով
«մեր հարազատ հոգետան», որպէսզի այս դպրոցը մեր վրէժը լուծէ, այդ որբ ձագուկները իրենց հօրենական տունը նորէն շինեն, եւ անոնցմէ պատրաստենք մեր նո՛ր մեծերը։
Ապա, հանգրուան առ հանգրուան, լուսարձակի տակ առնելով Հաստատութեան 79-ամեայ պատմութիւնը՝ որբանոցի օրերէն մինչեւ վարժարանի «որբացում»ը, պատգամախօսը, մանրամասնօրէն եւ բծախնդրութեամբ, ներկայացուց «Յուշամատեան»ի ճոխ բովանդակութիւնը, որ հեղինակը, իր անձնական նախաձեռնութեամբ, դեռեւս ութ տարիներ առաջ, աշխատանքը սկսած եւ ծրագրած էր լոյս ընծայել «իբրեւ 80-ամեակի տօնակատարութեանց փառաբանանքի ու պայծառացման պերճախօս ընծայաբերումը մը, սիրոյ եւ յարգանքի տուրք մը…»։
«Մտաւորական, ուսուցիչ եւ մամուլի նուիրեալ Եղիա Գայայեանի մտայղացումով, նպատակադրումով ու անխոնջ ջանքերով առարկայացած այս հսկայական աշխատանքը արժանի է ջերմ գնահատանքի եւ ծափահարութեան։ Յարատե՛ւ, հմո՛ւտ, յամա՛ռ, մեղուաջա՛ն գործի եւ անձնական զոհողութեան պտուղն է անիկա, գեղեցկօրէն դասաւորուած, խնամեալ, հետաքրքրական, առանց դոյզն ինչ կաշկանդումի կամ նախապաշարումի», ընդգծեց Վարդան Թաշճեան։
«Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ը աղօթքի ընթերցանութեամբ եւ միւռոնով օծելէ ետք, Վարուժան արքեպիսկոպոս գնահատանքի եւ դրուատանքի խօսքերով անդրադարձաւ Հաստատութեան շուրջ 80-ամեայ պատմութեան եւ իրագործումներուն վաւերական պատկերը ներկայացնող հսկայածաւալ այս հատորին, մասնաւորաբար ընդգծելով, որեւէ հրատարակութեան պարագային, հեղինակի նուիրուածութիւնը, մեկենասի
պատրաստակամութիւնը եւ ընթերցողի գնահատանքը՝ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։
Հուսկ ապա, նպատակ դարձած ծրագրումի՝ «Յուշամատեան»ի տպագրութեան առիթով, խմբագիր ընկ. Եղիա Գայայեան իր երախտագիտութեան խօսքը փոխանցեց մեկենասներուն՝ Վարդան Թաշճեանին, Յակոբ Տիգրանեանին եւ «Գալայճեան» Հաստատութեան. ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց Վարուժան արքեպիսկոպոսին եւ Վարդգէս Մահտեսեանին, իրենց օգտաշատ եւ շահեկան աջակցութեան համար, նախապէս մակագրուած մէկական հատոր յանձնելով մեծայարգ ազգայիններուն։
Կոկիկ հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ արտայայտուող կարծիքները, տպաւորութիւնները, քաջալերանքի խօսքերը եւ շնորհաւորութիւնները շարունակուեցան մինչեւ ուշ երեկոյ։
Երանի թէ խուռներամ ըլլար «Իւթիւճեան» սրահը Հաստատութեան անցեալով հպարտ, ներկայով եւ ապա•այով մտահոգ կիպրաբնակ շրջանաւարտներու եւ սաներու, վաստակաշատ ուսուցիչներու եւ պաշտօնէութեան, վարկ ու յարգանք վայելող ազգայիններու, անձնուէր ուսուցիչներու եւ գրասէր այցելուներու մասնակցութեամբ. չէ՞ որ այդ երեկոյ եզակի Հաստատութեան բացառիկ «Յուշամատեան»ի շնորհանդէս-գինեձօնն էր, ուր հանրութեան կը ներկայացուէր աննախընթաց եւ մեծածաւալ յուշակոթող մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝