Յայտարարութիւն

Tuesday, July 13, 2010

Քեսապ

Բազմատաղանդ բանաստեղծ,արձակագիր ու գրական քննադատ Թորոս Թորանեան այս պարզ բայց շատ բան ըսող բանաստեղծութեամբ կ՜արտայայտէ հմայք, կ՜երգէ բնութիւն, կ՜երգէ գեղեցկութիւն:Կ՜երգէ Քեսապը:Հոն կայ պատառ մը պատմութիւն, պճեղ մը արուեստ, փշուր մը կրօն եւ առատ սէր:
Երախտագիտութեամբ՝
«Նշանակ»
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«


ՔԵՍԱՊ

Քեսապ,
Հայոց դարաւոր կայք,
Որուն հմայքին տակ
Հայկակներ ժմնեցան։

Քեսապ,
Դո՞ւն աւելի մօտն ես արեւին
Թէ արեւը քեզի,
Երբ լոյսերու մէջ կը շողաս։

Քեսապ,
Լեռներու պար
Կարծես աղջիկներ են հայ
Ու կ՛երգեն ձերամբ։

Քեսապ,
Տօթն ըմբերանող
Անտառներուդ սօսափին տակ
Որքան անուշ է եթերանալ
Երազներով անյատակ։

Քեսապ,
Դուն օրհներգ ես մէն մի հայու
Ու կը ժպտիս ամէն անցորդի,
Որ գագաթներուդ վրայ
Աստուծոյ հետ զրոյցի կը նստի...

Քեսապ,
Քու ծոցիդ մէջ կայտառ
Այսօր հայն իսկ յամառ
Գիտցաւ վերջապէս,
Որ հայրենիքն իր վէս
Եփրատ-Տիգրիսի ակունքներուն է
Եւ ստորոտին յաւերժի լերան...

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝