Յայտարարութիւն

Saturday, July 17, 2010

Անեքթոտներ Քաղեց Օննիկ Պօղիկեան

ԵՐԿՈՒ ՆԵՐՈՒՄՆԵՐԸ


Անգլուհի մը մահուան անկողնի մէջ էր: Զգալով վերջին վայրկեանին մօտենալը, ամուսինը իր քով կանչել տուաւ ու ըսաւ.
- Ամենամեծ գաղտնիք մը ունիմ քեզի հաղորդելիք, միայն այն ատեն պիտի համարձակիմ այս գաղտնիքը քեզի խոստովանիլ, երբ առաջուց իմանամ թէ անոր ներում պիտի շնորհես:
Ամուսինը խոստացաւ: Այն ատեն անգլուհին մանրամասնօրէն պատմեց ահռելի մեքենայութիւն մը, զոր առողջ ատեն պատրասդած էր, իրեն սիրելի եղող անձի մը հետ, որու անունն ալ տուաւ:
- Կը ներեմ քեզի, ըսաւ պաղարիւնութեամբ ամուսինը, բայց խոստացիր որ դուն ալ ինծի ներես, քեզի հանդէպ ունեցած մէկ յանցանքս:
-Ամբողջ սրտովս:
- Սակայն ես առաջուց գիտէի քու բոլոր մեքենայուդիւննէրդ ու այս պատճառաւ է որ քեզի գաղտնաբար թոյն խմցուցի, որու հետեվանքով քիչ ետքը պիտի մեռնիս:


Լ Ո Ւ Ի ԺԱ. ԵՒ Խ Ո Հ Ա Ր Ա Ր Ը

Լուի ԺԱ. Անգամ մը իր Բլէսիս- Լէ- Թուռ Դղեակին խոհանոցը իջնելով,14-15 տարեկան տղայ մը տեսաւ, որ շամփուր կը դարձնէր:
Թագաւորը այս տղուն դէմքին վրայ զմայլած, հարցուց- Ո՞ր տեղացի ես , ի՞նչ է անունդ, ո՞րքան կը վաստկիս հոս ...»:
Տղան պատասխանեց.- Պերլինցի եմ, անունս Էթիէն է, արհեստս խոհարարութիւն է ու այնքան կը վաստկիմ որքան թագաւորը»:
- Ինչ կը վաստկի թագաւորը քու կարծիքով, հարցուց Լուի Ժ Ա.:
Իր Ծախսերը, ու ես իմիններս,, պատասխանեց Էթիէն:
Այս պատասխանը հաւնուեցաւ Վեհապետին կողմէ, հանեց խոհարարը խոհանոցէն, զայն իր սենեկապանը ըրաւ ու առատորէն վարձատրեց:


ԱՆԳԼԻՈՅ ԹԱԳԱ ՒՈՐԻՆ ՋՈԹԱԿԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆԸ


Երեւելի ջութակահար Սալոմոն, Անգլիոյ Գէորգ Գ. Թագաւորին ջութակի դասեր կուտար: Օր մը , ուզելով հասկցնել անոր իր յարատեւ ծուլութիւնն ու անյառաջդիմութիւնը, կերպ մը կը խորհի իր Օգոստափառ աշակերտը չբարկացնելու համար, կ’ըսէ.
- «Ջուդակ նուագողները երեք կարգի կրնան բաժնուիլ : Առաջին կարգին կը պատկանին անոնք, որ բնաւ նուագել չեն գիտեր. Երկրորդին՝ անոնք որ գէշ կը նուագեն, իսկ երրորդին՝ անոնք որ լաւ կը նուագեն:
Ձեր Վեհափառութիւնը մինչեւ երկրորդ կարգը բարձրացած է:



Ի Մ Ա Ս Տ Ո Ւ Ն Օ Ր Ի Ն Ա Կ Ը




Կասկոնեացի գրագէտ մը, կին մը ունէր շատ գեղեցիկ, որուն հետ երբեք համաձայնութիւն չէր կրնար գոյացնել . միշտ կռիւ ու ծեծկւուք տեղի կ՝ունենար: Իր պաշտօնակիցները եւ բարեկամները ամէնքն ալ կը զարմանային թէ ի՞չպէս կրնայ դժգոհիլ այդքան հրեշտակային գեղեցկութիւն ունեցող կնոջմէ մը:
Օր մը , Կասկոնեացին ըսաւ անոնց՝ կօշիկները ցոյց տալով:
- Բարեկամներ, կը տեսնէ՞ք այս կօշիկներս որքան ձեւաւոր են արտաքուստ, նոր, մաքուր, փայլուն: Ամէնքդ ալ համոզուած էք թէ սքանչելի կոշիկներ են ասոնք , այնպէս չ՞է, լաւ, բայց ես հիմա պիտի ըսեմ ձեզի թէ երկու օրէն մէկ կողմ պիտի նետեմ զանոնք, որովհետեւ ահռելի կերպով ոտքերս կը սեղմեն: Դուք չէք կրնար գիտնալ թէ անոնց ո՞ր մասը կը նեղէ զիս: Նոյնպէս կը խաբուիք կնոջս գեղեցկութենէն, առանց հասկնալու թէ իր ներքին ո՞ր բնաւորութիւնն է, որ անտանելի կը դարձնէ զայն ինծի:


ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԱԾ ՍՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆ


Երիտասարդ թեկնածու մը , օր մը Գերմանիոյ Ֆրէտէրիք-Կիյեոմ Ա. Թագաւորին ներկայացաւ՝ պալատին մէջ փոքր պաշտօն մը խնդրելու համար:
- Ո՞ր տեղացի էք , հարցուց թագաւորը:
- -Պերլինցի, տէր:
- Պերլինցի՞...Գէշ բան, ես Պերլինցիները չեմ սիրեր, անպիտան մարդիկ են անոնք:
- Ատիկա իրաւ է, պատասխանեց երիտասարդը պաղարիւն, սակայն բացառութիւներ կան, որոնցմէ երկուքը կը ճանչնամ:
- - Երկո՞ւքը, որ՞ոնք:
- Ձեր Վեհափառութիւնը եւ ես....
- Թագաորը խնդաց այս սրամիտ պատասխանին վրայ ու երիտասարդին խնդրած պաշտօնը շնորհուեցաւ:


ԼՈՒԾՈՒԱԾ ՎՐԷԺԸ


Ամերիկացի պետական պաշտօնեայ մը, Սըր Ճոն Քէնըն , խենթի պէս սիրահար էր.... հանգիստի, ուստի պարապոյ ժամերոըն մեծագոյն մասը կանցընէր քնանալով:
Օր մը, ճաշէն վերջ, թիկնաթոռի մը մէջ մեղկօրէն մրափած ատեն, իր երէց աղջիկը ահռելի աղաղակներ արձակելով վրան կը վազէ ու կը պատմէ թէ ամուսինը հաստ գաւազանով մը ծեծած էր զինք անգթօրէն , եւ թէ իր հօրը միայն կ՝իյնար ատանկ կոպտութեան մը վրէժը լուծել:
Քէնըն Ուիլս դժկամութեամբ աչքերը կը բանայ բայց անկարելի կ՝ըլլայ իրեն աղջկան պահանջը չգոհացնել: Պէտք էր պատիժ մը գտնել այդ անփափկանկատ ամուսինին համար: Ամենայն պաղարիւնութեամբ ամերիկացին ոտքի կ՝ելլէ, ձեռքը կը բանայ ու աղջկան քթին բեռնին ահռելի ապտակ մը կ՝իջեցնէ ու այս վերջինը տակաւին ապշութենէն չսթափած՝
- Գնա՛, ըսէ ամուսնոյդ թէ, կ,աւելցնէ Քէնըն Ուիլս, եթէ ինք իմ աղջիկս ծեծեց, ես ալ... իր կինը ապտակեցի:








«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝