Յայտարարութիւն

Thursday, July 22, 2010

Անեքտոթներ քաղեց՝ Օննիկ Պօղիկեան

ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ


Հայ ծանոթ անձնաւորութիւն մը , անգամ մը գործի համար նաւակով կամուրջէն Սկիւտար կ,անցնի: Նաւավարը, որ հրեայ էր՝ ճամբան կ՝ըսէ անոր ծաղրելով.
-Ճանը՜մ, աս ին՞չ զարմանալի կրօնք ունիք դուք. Հայր Աստուած կ՝ըսէք, Որդին Աստուած, Հոգին Սուրբ Աստուած, ու այս երեքին հաւատալով մէկ Աստուած կը պաշտէք նորէն. Ինչպէս կ՝ըլլայ ասիկա:
Կուզե՞ս գիտնալ, կը յարէ իսկոյն Հայը, որ միամիտ մէկը չէր , ու ձեռքը ցոյց տալով կը հարցնէ.-« Ասոր ինչ կ՝ըեն:
- Ձեռք, կը պատասխանէ նաւավարը:
- Աս՞որ, կը հարցնէ Հայը բազուկը ցոյց տալով
- Բազուկ:
- Աս՞որ:
- Դաստակ:
- Ու Հայը սոսկալի Ապտակ մը կ՝իջեցնէ հրեային քթին բերնին:
- Ու այս ալ, կ՝աւելցնէ, այս երեքէն ելած միակ ուժն ու զօրութիւնն է. Հայր Աստուած ունինք մենք, Որդի Աստուած ունինք, Հոգին Սուրբ ,Ատուած ունինք, սակայն մէկ Աստուած միայն կը պաշտենք ու այդ Աստուածը միւս երեքին միացումն ու ամբողջութիւնն է:
- Հրեան բացատրութիւնը բաւական համարեց ու մինչեւ Սկիւտար ուրիշ որեւէ կատակ չըրաւ քրիստոնէական կրօնքին վրայ:
-

՝ԵՐԵՔ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐԸ


Մեծն Ֆրետերիք իր զինուորներուն հետ միշտ ֆրանսերէն լեզուով կը խօսէր եւ սովորութիւն ունէր՝ երբ նորեկ մը մտնէր բանակը՝ երեք հարցում ուղղելու անոր, հետեւեալ կարգով.-
1« Քանի՞ տարեկան ես. 2- Որ՞քան ատենէ ի վեր դրօշի տակ կանչուած ես 3- Թօշակդ կը փափաքիս որ բարձրացնեմ թէ պաշտօնդ:: Զինուորները պարտ էին յարմար ու քաղաքավար պատասխաններ տալ, որոնցմէ ետք եթէ թագաւորը գոհ մնար՝ վարձատրութիւններ ալ կուտար անոնց:
Անգամ մը Պաւարիացի մը, որ բառ մ՝իսկ ֆրանսերէն չէր հասկնար, զինուոր ՝կարձանագրուի: Կ՝իմացնեն իրեն թագաւորին սովորութիւնը եւ բառ առ բառ կը սորվեցնեն հետեւեալ երեք պատասխանները, որոնց առաջինը՝ առաջին, երկրորդը՝ երկրորդ եւ երրրորդն ալ երրորդ հարցումէն ետք պարտի պատասխանել :
1. Քսանմէկուկէս տարեկան:
2. Կէս տարի:
3. երկուքն ալ, Վեհափառ տէր:
Պավարիացին նախ մեծ դժուարութիւն կը քաշէ, բայց վերջապէս կը սորվի: Որոշեալ որը Ֆրետերիք Բ. Բանակը անցուցած ատեն՝ զինքը տեսնելով՝ իր մօտ կը կանչէ, բայց տարօրինակ մէկ հանդիպումով մը կը պատահի որ շեղելով սովորական կարգէն՝ նախ երկրորդ հարցումէն կը սկսի ու կը հարցնէ.
Որքա՞ն ատեն է որ դրօշի տակ կանչուած ես:

-Քսանմէկուկէս տարի, կը պատասխանէ Պավարիացին թութակի պէս:
Քանի՞ տարեկան ես որ... կը հարցնէ թագաւորը սաստիկ զարմացած
Կ՜էս, կը պատասխանէ զինուորը:
Ֆրետերիք ապուշ կտրած աչքերը կ բանայ.
Կամ ես խենթ եմ կամ դուն:
Եէրկուքն ալ, Վեհափառ տէր....:









Սպանիացին


Սպանիացիները՝ Կասկոններուն պէս շատ անուններ կ՝ունենան: Անձրեւոտ օր մը անոնցմէ մին, երկար ճամբորդութենէ մը վերադարձած ըլլալով՝ կ՝ուզէ մօտակայ գիւղակի մը պանդոկին մէջ ապաստանիլ: Կէս գիշերին դուռը կը զարնէ:
-Ո՞վ է ան, կը պոռայ ներսէն պանդոկապետը:
-Ես, կը պատասխանէ դուրսէն սպանիացին՝ Տօն Սաշ- ալֆօնս- Ռամիր- Ժուան- Բէզրօ- Գարլոս-Ֆրանսիզ Տօմէնկ տը Ռօքաս տը Սթիւնիկա տը լոս Ֆիւէնդէս:
Պանդոկապետը, որ սենեակ մը միայն պարապ ունէր, կը պոռայ.- Գա՛ցէք բաներնուդ, այդչափ մարդը ո՞ր տեղ պիտի սեղմեցնեմ, ու քթին տակէն մրմռալով վերստին կերթայ պառկելու՝ առանց դուռը բանալու:


ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆԸ

Երիտասարդ թեկնածու մը ամուսնութեան մասին տունէ մը խորհուրդ հայցեր է:
-Ինչ տեսակ կնոջ մը հետ կ՛ուզես ամուսնանալ, հարցուցեր է իմաստունը:
-Կ՛ուզեմ կոյս աղջիկ մը, պատասխաներ է թեկնածուն:
-Կոյսը կէս հասունցած ընկոյզի կը նմանի. Անոր միջուկը յայտնի չըլլար:
- Այդ պարագային պիտի առնեմ կին մը, որ ամուսին մը ունեցած է արդէն:
- Այրի կնոջ սէրը կը նմանի սեր չպարունակող կաթի...
- Պիտի ամուսնանամ խելացի կնոջ մը որ խօսուն ըլլայ:
- Աւելի նախընտրելի է կողակիցդ լռել գիտնայ:
- Թող նրբամարմին գեղադէմ կին մ՛ըլլայ:
- Դժուար է պահել այն բանը , զոր շատեր կը սիրեն ու կը ցանկան:
- Ուրեմն նախապատուութիւն պիտի տամ տգեղ դէմք, բայց ազնիւ սիրտ ունեցող կնոջ մը:
- Շուտ պիտի ձանձրանաս այն բանէն, որ ոչ ոքի հաճելի չէ:
- Հարուստ կին մը պիտի առնեմ:
- Անոնք ժլատ են, իսկ իրենց քսակներն ալ միշտ կը սեղմեն:
- Ուրեմն աւելի լաւ է առնել աղքատ կին մը ,որ իր սիրոյ մէջ հարուստ ըլլայ:
- Աղքատութիւնը տաղտկալի է , պարապ ամանները սիրտ ալ կը պաղեցնեն:
- Կ՛ըսեն թէ երեխայ սիրող կիները բարի սիրտ կ՛ըլլան, պիտի նախընտրեմ կին մը որ զաւակի մայր կ՛ուզէ ըլլալ:
- Երեխաները իրենց հայրը յիմարի կը վերածեն եւ անոր տուները կը խլեն:
- Լաւ , ուրեմն, ամուլ կին մը:
- Անպտուղ ծառը ի՞նչ արժէք ունի: Անոր շուքը ամառուան տօթերուն միայն հաճելի կ՛ըլլայ: Քու խրատներէդ կ՛եզրակացնեմ թէ ամուսնութիւնը բաց աչքերով խորասուզուիլ կը նշանակէ: Չեմ ուզեր կին ունենալ. Պիտի շարունակեմ ամուրի մնալ:’
- Չամուսնացած այրը կը նմանի անտանիք տան եւ անարեւ օրուան: Սրտիդ հրամանին անսա՛, բայց գիտցիր թէ՝ ամէն մէկ երջանկութին իր շալակին վրայ կը կրէ իր դժբախտութիւնը:



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝