Յայտարարութիւն

Saturday, July 24, 2010

Ո՞ՐՆ ԷՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԷՆ ՇՈՒՇԻ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲԱՆ

1870-ի գերմանա-ֆրանսական պատերազմը վերլուծողն երը բազմիցս արձանագրած են, թէ »գերմանացի ուսուցիչն էր որ պատերազմը շահեցաւ«։ Ամեն մեծ յաղթանակի ետին կայ դաստիարակչական-քարոզչական բՆոյթի նախապատր աստական աշխատանքներու շարան մը, առանց որուն հնարաւոր չէ հաւաքականութեան մը կամքը գործնականօրէն դրսեւորել ռազմի դաշտին վրայ. զինուորները պէտք է հոգեպէս պատրաստ ըլլան, որպէսզի կարենան նաեւ ֆիզիքապէս պատրաստուիլ եւ, »եnբ տան զանգը«, իրենց լաւագոյնը տան մարտի դաշտին վրայ։

1988-էն 1994 ծաւալած Արցախի ազատագրական պատերազմի մարտիկները, որոնք ի զարմանս աշխարհի կարող ացան ամենաաննպաստ պայմաններու տակ կորզել յաղթանակի դափնին, փաստօրէն ունէին այդ նախապատրաստութիւնը։ Գուցէ ատենը եկած է, համարեա երկու տասնամեակներ անց, ուսումնասիրելու Շուշիի ազատագրման մասնակիցներու հոգեվիճակի կառուցման պատմականը։

1985-ի գոnբաչովեան »բարենորոգում«ներու ալիքին վրայ Հայաստանի մամուլն ու առհասարակ գրական հրապարակը ողողուեցաւ նախա-խորհրդային տարիներու մասին բազմաթիւ հրապարակումներով, որոնց բարձրակէտերէն էր Բագրատ Ուլուբաբեանի »Սարդարապատ«ը՝ 1988-ին։ Այդ հրապարակումները մեծ դեր խաղացին խորհրդային քարոզչութեան խեղաթիւրումներուն մէջ բազմաթիւ մաքրագործումներ կատարելու գծով, սակայն դժուար է հաստատել, թէ անոնց դերը էական էր արցախեան ռազմադաշտերու ոգիին վրայ. ժամանակի առումով, այդ տարիները բաւարար չէին, պէտք է աւելի ետ նայիլ։ Քերթողութեան մէջ ունինք Սեւակի երկերը, Շիրազի երկերը, բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք ներկայացման կարիք չունին, արձակի բնագաւառէն՝ Խանզատեանի եւ այլոց վէպերը, որոնք Սփիւռքին համեմատաբար աւելի ծանօթ են եւ անոնց հրապարակման իրողութիւնը կրնանք նկատի ունենալ որպէս Եղեռնի յիսնամեակէն ետք ծաւալած ազգային զարթօնքը հունաւորելու միտող միջոցառումներ։

Սփիւռքի ընթերցողին նուազ ծանօթ վէպ մըն է Յարութիւն Մկրտչեանի »Անյայտ զինուորի յիշատակարանը« ընդարձակ վէպը, որուն երեք հատորները լոյս տեսան 1966-էն 1975 տարիներուն եւ վերատպուեցան 1980-ին։ Առաջին դէմքով գրուած այդ վէպը կը երկայացնէ 1916-1921 տարիներու Հայաստանը, զինուորի մը ակնոցով դիտուած։ Առաջին հատորը կ'աւարտի Սարդարապատի ճակատամարտով։ Սահուն կերպով ընթերցուող այդ վէպը անշուշտ համեմուած է խորհրդային վարչակարգին տուրք տուող եւ յաճախ »թուքով փակցուած« պատկերներով, սակայն իր աUբողջութեան մէջ բաւական իրապաշտ ներկայացում մըն է իրադրութեան, այնպէս, ինչպէս պիտի տեսնուէր անհատ քաղաքացիի մը աչքերով։ Գիրքի վերատպումը ինքնին ապացոյց է, որ վէպը ժողովրդական ընդունելութիւն գտած էր եւ լայն զանգուածներուն քով գուցէ աւելի ազդեցութիւն գործած, քան գրականութեան համար շատ աւելի ուշագրաւ հատորներ։

Հեղինակի մասին կենսագրական տուեալները, զոր քաղեցինք »Հայկական սովետական հանրագիտարան«էն, կը վկայեն առ այն, որ ան եղած է »սիստեմ«ի մարդը։ Ծնած է Արճէշի (Վանի շրջան) Փայխներ գիւղը՝ 1903-ին։ 1916-էն 1919 ուս անած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք արագ յարմարած է նոր կարգերուն. 1922-ին՝ կոմկուսի անդամ, 1923-էն 1926 ուսանած է Թիֆլիսի կոմունիստական »համալսարան«էն ներս, իսկ 1940-ին աւարտած է Երեւանի մանկավարժական ինստիտուտի լեզուա գրական ֆակուլտետը։ Ստալինեան տարիներուն վարած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ գրականութեան բՆագաւառէն ներս. Հայաստանի արուեստի աշխատողների միութեան նախագահ )1931-1933(, Հայաստանի գրողների միութ եան առաջին քարտուղար )1934-1937, երբ չարենցներուն եւ բակունցներուն գլուխը կերան(, »Գրական թերթ«ի )1932, 1935-1936( եւ »Սովետական )ապա՝ խորհրդային( գրականութիւն«ամսագրի )1934-37, 1947-50( խմբագիր, Գրական թանգարանի տնօրէն )1937-40(։ Զօրակոչուած է Բ. Աշխարհամարտին)1941-45(։ 1950-էն սկսեալ, ըստ երեւոյթին, կոչուած է »նոմ ենկլատուրային« հանգիստի. Երեւանի հեռակայ մանկավարժ ական ինստիտուտի հայ գրականութեան ամբիոնի վարիչ )1950-1968(, ապա՝ արդէն թոշակի տարիքին՝ Երեւանի համալսարանէն ներս հայ գրականութեան դասախօս։

Գրել սկսած է 1920-ականներէն. վերոյիշեալ »Յիշատակարան«էն բացի լոյս տեսած են իր »Նովէլներ եւ ակնարկներ« )1945(, »Անմահական այգի« )1957(, »Հայրենի երկրում« )1963( ժողովածուները, »Զանգակաւոր գայլը« )1945(եւ »Արագիլը« )1946( մանկական գրքոյկները։ Կազմած է նաեւ դպրոցական դասագրքեր։ Յետագայ էջերով կու տանք վէպի առաջին հատորէն քաղուած եւ Սարդարապատի հերոսամարտին վերաբերող հատուածներ։


Սարդարապատ
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար.
Այսպէս ծագեց, արեգակեց
Սարդարապատի մարտը մեծ:
Զանգեր ղօղանջէք,
բազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից:
Աւարայրից ջանք առանք,
Այստեղ մի պահ կանգ առանք,
Որ շունչ առած, շունչներս տանք
Սարդարապատի պատի տակ:
Զանգեր ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից:
Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք դեռ կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը.
Որ մեր հոգու պարտքը տանք:
Զանգեր ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից:

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝