Յայտարարութիւն

Wednesday, July 21, 2010

ՈՒԻ ՈՒԻԼ ՀԵՎ ԹՐԷ ԽԱՐԱՇՕ ՄՈՒՍԹԱԳՊԱԼ, ԱՄԻԿՕ ՋԱՆ

Տոքթ Բարսեղեանի քննադատական այս յօդուածը շատ բան ունի իր մէջ ուսանելի: Նոյնիսկ եթէ այնտեղ չափազանցութիւններու հանդիպինք՝ անոնց պատճառն է ,գոյութիւն ունեցող ցաւ ու վէրք որոնցմէ յօդուածագրին սիրտը կը կոտտայ:

Նշանակ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
Յուլիս 19, 2010
ՈՒԻ ՈՒԻԼ ՀԵՎ ԹՐԷ ԽԱՐԱՇՕ ՄՈՒՍԹԱԳՊԱԼ,
ԱՄԻԿՕ ՋԱՆ*
ՏՈՔԹ. ՃՕՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Անհասկնալի յառաջադրանք մը՝
Ընտրեցէք ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի ճիշդ նախաբանը՝
Ա. «Մեր Հայրենիք ազատ անկախ».
Բ. «Մեր Հայրենիք թշուառ անտէր».
Գ. «Մեր Հայրենիք ամայացուած».
Դ. «Ձեր Հայրենիք ազատ էք դուք»։
Անհասկնալի՝ որովհետեւ պահանջուածը յստակ չէ: Եթէ խօսքը պարզապէս արտասանուող տարբերակին մասին է՝ ապա անիկա միայն մէկն է, իսկ եթէ ճիշդ տարբերակը նկատի ունենանք, ապա՝ բոլորը ճիշդ են, բացի մէկէն։
Այն երկիրը որուն պետական լեզուն Հայերէնը չէ, իմ հայրենիքս չի՛ կրնար ըլլալ («Դ.-տարբերակ») իսկ պետական լեզուն իմ ըմբռնումովս, միայն պետական պայմանագիրներ կնքելու, Խորհրդարանի մէջ «Այո» կամ «Ոչ» արձանագրութիւններով մանդադներ բարձրացնելու, քոնեակ-ին վրայ «Արարատ» տպելու, ֆութպոլային խաղի մեկնաբանութիւններ ընելու համար չէ…։ Երբ երկրի մը օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւնները, չեն կրնար պարտադրել իրենց զաւակներուն, գոնէ նախնական կրթութիւնը, տուեալ երկրի «պետական» կոչուած լեզուով ստանալ, սահմանադրական դատարանն ալ ձեռքը ծալած նստած է, ապա այդ երկրին մէջ կա՛մ այդ լեզուն պետական չէ, եւ կամ յիշեալ իշխանութիւնները իրենց հանդէպ յարգանք ձեռք բերելու անհրաժեշտութիւնն ունին՝ («Բ տարբերակ»): Իսկ յարգանքը կարելի է վաստակել ոչ թէ ծեծելով կամ բռնի ուժով, այլ պարզապէս՝ ազնուութեամբ։ Եղած չեղածը քանի մը հոգի մարդ մնաց երկրին մէջ («Գ.-տարբերակ»), անոնք ալ շոյուելու փոխարէն, տակաւին պիտի ծեծուի՞ն…, պարզ օրէնք մըն է՝ մարդ իր կլոր փորը երեք անգամ շոյելէ ետք, գոնէ անգամ մը այդ փորը կլորցնող կողքի «հասարակ մահկանացուն» ալ պէտք է շոյէ, յարմար պայմաններ ստեղծէ որ մնայ ու բազմանայ, այլապէս առանց անոր - փորը իր կլորութիւնը կը
կորցնէ…։ Այդ ալ յիշենք որ՝ դուրսէն մուրացուած յարգանքը «ողորմելի յարգանք» մը կ'ըլլայ, որ երբեմն անարգանք է նոյնիսկ…։ Կայ հնարաւոր բացատրութիւն մը եւս, պետական լեզուի վերաբերեալ նման ոտնձգութիւներուն, որ երեսուն արծաթի ծանրութիւնն ունի, բայց լեզուս չի դառնար անոր մասին խօսելու…։
Քի՛չ ազգային հարցեր ունէինք, վրան ալ «Էլիտար դպրոց» մը աւելցաւ…։ Էլիտար դպրոց ըսուածը «եթէ սխալ չեմ» օտար կրթութիւն տուող դպրոց մըն է՝ Անգլերէն թեքումով, Ռուսերէն թեքումով, Պարսկերէն թեքումով, Սպաներէն, Ճափոներէն, Արաբերէն եւ այլ թեքումներով… մէկ խօսքով բոլորն ալ թեքուած են, շիտակ բան մը չկայ հոն՝ բոլորը ծուռ…։
Էլիտար դպրոցները կարելի է բաժնել հետեւեալ խմբաւորումներու՝
-Արեւելեան լեզուներու խումբ՝ Պարսկերէն, Արաբերէն, Չինարէն, Ճափոներէն, Ուրտու։ Յարմար դպրոցներ են յետագային վաճառականներ արտադրելու։
-Արեւմտեան լեզուներու խումբ՝ Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Սպաներէն։ Յարմար դպրոցներ են յետագային «հոն» հաստատուելու համար։
-Հիւսիսային լեզու՝ Ռուսերէն։ Յարմար է յետագային Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչուած ամայի ագարակը տնօրինել ցանկացողներուն համար – երկրամաս մը, ուր պիտի գտնուին շատ սահմանափակ թիւով քաղաքացիներ, 5-6 հազար սփիւռքահայերու դատարկ բնակարաններ, եւ քիչ մըն ալ պետական մարդիկ, գողականներ, «Որոգայթ» խաղցող դերասաններ եւ Ճիւան Գասպարեանը «որ իսկապէս արժանի է յարգանքի»։
-Հարաւային կամ ստորին… չէ՛ կարծեմ սա դպրոց չէ, այլ կրօնական ուղղութիւն մը, որ պետական արտօնագիր ալ ունի՝ Սատանայապաշտութիւն կը կոչեն ոմանք…։ Քանի որ հոս հասանք, եկէք այս խումբին մէջ հարեւան զոյգ երկրներու լեզուն ալ ընդգրկենք - վերջապէս Էլիտար դպրոց մըն ալ անոր պիտի հասնի ապագային։
Սպասելի է որ այդ Էլիտար դպրոցները, սոցիալական յստակ բաժանում մը յառաջացնեն Հայաստանի մէջ, ստեղծելով Էլիտար դասակարգ մը՝ որ Էլիտար դպրոց յաճախած է, եւ ոչ Էլիտար դասակարգ՝ «հասարակ դասակարգ», որ բաղկացած ըլլալով Հայկական դպրոցներ աւարտածներէ, անոր խօսակցական լեզուն պիտի ըլլայ՝ երկրի հասարակ դասակարգին լեզուն, այսինքն Հայերէնը՝ ոչ Էլիտար,
«հասարակ կամ փողոցային» լեզու մը Հայաստանի մէջ։ Եւ ես ալ, դեռ գլուխ պիտի կտրեմ եղեր, որ զաւակներս Սուրիոյ մէջ Հայկական դպրոց երթան՝ «հասարակ ու փողոցային» գրականութեամբ դաստիարակուելու։
Սիրտդ լայն պահէ ա՜յ մարդ, քանի մը հոգի ալ թող օտար կրթութիւն ստանան Հայաստանի մէջ, ի՞նչ կ'ըլլայ որ…։ Մէջս նման ձայն մը կը փորձէ հանգստացնել փոթորկոտ զայրոյթս, կը հանգստանամ ու կը սկսիմ մտածել այդ քանի մը հոգիին մասին։ Արդեօք որո՞ւն համար պիտի գործեն այդ օտար դպրոցները։ Կը խորհիմ թէ Էլիտար դպրոց պիտի աշակերտեն հետեւեալ ընտանիքներու զաւակները՝
-Իշխող դասակարգ։
-Նուվորիչներ։
-«Ինթելիկիէնթ»ներ։
-Օտարամոլներ «որ դժբախտաբար ազգային խասեաթ դարձած է»։
-Ապագայի մասին մտածողներ։
-Ո՛վ որ կրցաւ…։
Եւ այս բոլոր աշակերտները Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ ղեկավարներ, մտաւորականներ եւ մշակոյթի գործիչներ ըլլալու ամենահաւանական թեկնածուներն են, եթէ իրենց ուսումը աւարտելէ ետք անմիջապէս չարտագաղթեն, կամ եթէ ապագային փրոլետարեաթը, այսինքն հասարակ դասակարգը՝ «Հայերէն խօսողներու» յեղափոխութիւն մը չկազմակերպէ…։ Արդեօք վաղը Հայաստանի Հանրապետութեան արքունիքի խօսակցական լեզուն ո՞ր մէկը պիտի ըլլայ Անգլերէ՞նը, Ռուսերէ՞նը, Պարսկերէ՞նը, Իտալերէ՞նը կամ գուցէ Թուրքերէ՞նը…։ Ի՞նչպիսի ապագայ մը պիտի կերտէ հայրենքին համար Բաբելոնախօս մեր Էլիտար երիտասարդութիւնը։
Կար ժամանակ որ «պլակարոտնի» Ռուսերէն լեզուն թելադրուած էր - վերնախաւը նաեւ «այնտեղ հասնիլ ուզողները» այդ թեքումով կը դաստիարակէին իրենց զաւակները։ Գուցէ այն ժամանակ այդ օտարացումը «որ մինչեւ օրս ալ իր բացասական ազդեցութիւնը կը շարունակէ ունենալ», անհրաժեշտ տուրք մըն էր Սովետական Միութեան մէջ մնալով գոյութիւն պահպանելու։ Ներկայ ժամանակներուս, ազատ անկախ պետութեան մը մէջ, օտարացում թելադրողը ո՞վ է եթէ ոչ նորին վսեմութիւն «Տոլար» կամ «Իւրո» կոչեցեալները…։ Կրկին անգամ երեսուն արծաթը միտքս կու գայ… մեղա՜յ Աստուծոյ…։
Որակեալ կրթութիւն, կամ բարձր մակարդակի գիտութիւն կ'ակնկալեն ոմանք օտար դպրոցէն։ Եթէ Վիքթոր Համբարձումեան Հայկական կրթութիւն ստանալով հասած տեղը հասած է, դուք հիմա ի՞նչ կը փնտռէք, եթէ ձեր զաւակը արժանի է, ունակ է եւ կարող, ապա Հայկական կրթութեամբ մի կասկածիք որ ետ կը մնայ, իսկ եթէ ոչ, ուրեմն այս ամբողջ շիլա լաբա-ն կը թարգմանուի հետեւեալ ձեւով՝ «Պատը ծուռ է՝ կովը կաթ չի տար…»
«Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատին…»։ Յստակ է թէ որուն հասցէագրուած էր անարգանքը այդ ժամանակ, եւ ինչու համար։ Իսկ այսօր նոյն այդ հսկան (որուն ծանօթանալու ժամանակ եւ պատեհութիւն պիտի չունենան Էլիտար դպրոցներուն աշակերտները՝ «լինել թէ չլինել» հարցին պատասխան մը փնտռելով զբաղուած ըլլալնուն) արդեօք պիտի ձեւափոխէ՞ր այդ տողերը -իր սահմանէն ներս- խոնաւցնելով հետեւեալ կերպ՝
«Ո՛վ ազգային խեղկատակներ, թող ես թրջեմ ձեր ճակատին…»։
Դամասկոս, Սուրիա
----------
*Շատ լաւ ապագայ մը պիտի ունենանք, ընկեր ջան
(առաջին երեք բառերը անգլերէնով, չորրորդը՝ ֆրանսերէնով, հինգերորդը՝ ռուսերէնով, վեցերորդը՝ արաբերէնով, եօթներորդը՝ սպաներէնով):

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝