Յայտարարութիւն

Friday, July 9, 2010

Ուտել Ապրելու Համար - Մարօ Գըվըրեան Նիկողոսեան

Առողջ ապրելու արուեստը



Այնպիսի ժամանակներու հասեր ենք, որ այլեւս պէտք է ամփոփել ու լրջօրէն մտածել չհիւանդանալու մասին: Պէտք է կարդալ ու սորվիլ առողջութեան պահպանումի, հիւանդութիւնները հակակշռելու եւ մարմինին կարիքներու համաձայն չափաւոր ուտելու մասին:
Ներկայ ժամանակներու պատահական առողջութիւնը երկնային պարգեւ է կարծէք, սակայն` դիւրաբեկ:
Կարելի չէ՞ ապրիլ առանց ֆիզիքական դժուարութեան, կարելի՞ չէ հիւանդութիւններէ խուսափիլ:
Բժշկական մարմինները լրջօրէն կը մտահոգուին այս բարդ հարցով ու մարդիկ խուճապի կը մատնուին:
Ներկայիս սա համոզումը գոյացած է թէ տարբեր պատճառներու կողքին, սննդառութիւնը նոյնպէս պատասխանատու է մարմնի օրկաններու այլակերպման (degeneration of organs):
Ի զուր չէ որ առաջ, մարդիկ յարգանքով կը մօտենային ուտելիքին եւ մեծ արարողութեամբ կ’ըմբոշխնէին զայն: Հրաշալի փոփոխութիւնը որ տեղի կ’ունենայ մարմնին մէջ,ուտելիքը վերածելու համար արեան, աւիշի,կամ զարգացնելու համար միտքն ու յիշողութիւնը:
Տան մէջ խոհանոցը եւ ճաշարանը սրբատեղի կը սեպուէր: Կ’ուտէին ապրելու համար:
Երբեմն, կ’ըսեն թէ ապրելու համար, ուտելիքը այնքան ալ անհրաժեշտ չէ ամէն ինչ չէ ուտելիքը:
Սակայն անոնք կը մոռնան, որ ուտելիքը մարմնին համար ոչ միայն կարեւոր է այլ նաեւ ամէն բանէ առաջ է:
Մեր մօր արգանդին մէջ ստեղծուելու ժամանակ կը կերակրուինք անոր արիւնով որմէ ետք կը կազմուին մեր բջիջները յետոյ մեր գործարանները եւ հետաւաբար մեր մարմինը:
Շատեր ալ կ’ըսէին թէ մեր մարմինը թէեւ կրնայ ուտելիքէն կախեալ ըլլալ բայց բնաւ կապակցութիւն չունի գիտակցութեան հետ:
Սակայն դարձեալ կը մոռնան որ նոյնիսկ գիտակցութենէն առաջ կու գայ ուտելիքը քանի որ երբ դեռ մեր մօր արգանդին մէջ մանր բջիջ ենք ու երբ դեռ մեր ուղեղը կազմուած չէ եւ ոչ ալ մեր ջղային դրոյթը, կը կերակրուինք մեր մօր արիւնով: Ասոնցմէ ետք է, որ կու գայ մեր մտածելու կարողութիւնը: Ուտելիքը, մարմինէն եւ գիտակցութենէն առաջ կու գայ : Առանց ուտելու չենք կրնար ապրիլ ոչ ալ սուրբեր կը ծնին առանց ուտելու:
Անոնք որոնք կ’ուզեն հոգեկան բարձունքներու հասնիլ եւ չեն գիտեր ի՞նչ ուտել կը նմանին այն մարդուն որ կ’ուզէ առանց ծառի պտուղ հասցնել:
“Աճեցէք եւ բազմացէք” ըսելէ առաջ, Աստուած ըսաւ. – “Ձեզի համար կանաչ բոյսեր տուի իբրեւ ուտելիք”:
Ան որ կ’ուտէ, կը գոյատեւէ, ան որ կ’ուտէ կրնայ մտածել, խօսիլ, շարժիլ, պայքարիլ, սիրել, ամուսնանալ, ստեղծել: Ան որ չուտեր բան չի կրնար ընել, հետեւաբար կը մեռնի: Ուրեմն ուտելիքը առաջին մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ: Առողջութիւն կը ցանկանանք բայց չենք գիտեր ինչ ուտել: Կը նմանինք այն մարդուն որ ծառ մը կ’ուզէ տնկել բայց անոր յարմարագոյն հողը չի գտներ:
Երջանկութիւն կը փնտռենք, առանց ենթահողի: Այս բոլորը կարելի կը դառնայ երբ կարող կ’ըլլանք մեր առողջ դատողութիւնը գործի մղել: Սակայն դժբախտաբար մեր ներկայ ուտելու սովորութիւնները միտքը կը շփոթեցնեն: Կամաց կամաց կորսնցնելու վրայ ենք գտնելու եւ տեսնելու դժուարութեան սկզբնաւորութիւնը, անոր ծագման պատճառները, անոր ազդեցութիւնը, արդիւնքը:
Առողջական զանազան բարդութիւններուն առաջքը առնելու համար նախ պէտք է սորվիլ ին՞չ ուտել, քանի որ մենք ենք` այն ինչ որ կ’ուտենք: Կեանքն իսկ ստեղծելու արուեստն է երբ գիտակցաբար կ’ընտրենք եւ կ’եփենք ուտելիքը: Մեր ուրախ սիրտը, առողջութիւնը, հիւանդութիւնը, մեր եռանդը, մեր լաւատեսութիւնը, յոռետեսութիւնը մեր վէճերն ու բարկութիւնները, աղմկարարութիւնը եւ հանդարտութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ տգեղութիւնը, իմաստութիւնը եւ ագահութիւնը, մեր յաղթանակն ու պարտաւորութիւնը եւ տակաւին բազմաթիւ բաներ կախեալ են մեր կերածներէն եւ խմածներէն: Ուտելիքն է որ կը վճռէ մեր առողջական վիճակին յաջորդական զարգացումը եւ կամ հակառակը` առողջութեան անկումն ու քայքայումը:
Ժողովուրդներ կան որոնք հացահատիկ, լուբիա ու բանջարեղէն կ’ուտեն: Ժողովուրդներ ալ կան որոնք մսակեր են իսկ ուրիշներ ձուկ կ’ուտեն եւ դեռ ուրիշներ պտուղ, շաքար եւ օշարակ:
Արդի մարդոց ւ տեսակները մի քանի դասերու կարելի է բաժնել.-
1. Մսակերներ, որոնց գլխաւոր ուտելիքը միս է: Այս տեսակ մարդիկ յոյժ գործունեայ եւ շարժուն կ’ըլլան: Կը ձգտին նիւթին արժէքը տալ ու կը դառնան նիւթապաշտ: Անկարող են տեսնել հոգեւոր եւ մտաւորական աշխարհի կարեւորութիւնը:
2. Ձուկ ուտողներ: Ձուկ ուտողներու մտայնութիւնը կը գտնենք ճաբոնցիներու եւ սքանտինաւցիներու մօտ: Ձուկը իրենց գլխաւոր ուտելիքը եղող երկիրներու մարդոց մօտ կը պակսի լայնախոհութիւնը:
3. Պտուղ եւ հում ուտելիք սպառողներ: Այս ալ Հնդկաստանի պարագան է: Այս տեսակ սնանելու կերպը կը նպաստէ խորհրդապաշտ միտքին: Ասոնք ապաշխարելու ձգտում կ’ունենան: Մսակերներու ճիշդ հակառակը:
Հազարաւոր դարեր առաջ մարդիկ գիտակից էին ուտելիքի զօրութեան ու անոր համար կը յարգէին զայն որովհետեւ կը զարգացնէր բարձր դատողութիւնը:

Պատրաստեց Մ. Գ. Նիկողոսեան
(Mishio Kushi)



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝