Յայտարարութիւն

Tuesday, July 6, 2010

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԻ ԾՈՑԱՏԵՏՐԷՆ - Եթէ հայկական ոճ կ՚ուզենք

Վերջերս Դիմատետրի (Facebook) ճամբով Եւա Սարգսեան կոչ մը ըրաւ: Ո՞վ է Եւա, եւ ի՞նչ կոչ էր ըրածը:
Եւա ճարտարապետ է եւ հրապարակագիր: Կը վարէ Armenian Times( www.p r m.am ) հայերէն կայքէջի խմբագրի պաշտօնը, միեւնոյն ժամանակ կը զբաղի ճարտարապետութեան տեսութեամբ: Ներկայիս կը պատրաստէ աշխատանք մը հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան վերաբերեալ, որ պիտի ներկայացնէ Մալմոյի համալսարանին (Շուէտ)՝ իր բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու ծիրին մէջ:
Այդ աշխատանքին համար, ան երկու հարցում դրած է իր կոչին մէջ, խնդրելով որ իր սիրելի մօտիկ եւ հեռաւոր ընկերները պատասխանեն անոնց:
Հարցում 1 - «Կարո՞ղ է հայկական առաքելական եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը փոփոխուել, մեկնաբանուել կամ առանձին դէպքերում կառուցուել բոլորովին նոր, ատիպիկ, իւրօրինակ տեսքով»:
Հարցում 2 - «Եթէ՝ այո, ապա որո՞նք են ըստ ձեզ այն բազային պահանջներն ու պայմանները, որոնց որ այդ ճարտարապետութիւնը պէտք է բաւարարի»:
Քանի որ անձամբ ճանչցած էի այս կորովի երիտասարդուհին, հին թուղթերուս մէջէն անմիջապէս հանեցի սոյն (ստորեւ տրուող) յօդուածս, որ լոյս էր տեսած Հայրենիք եռամեայի 1969-ի աշնան թիւով, ու զայն
կարդալէ ետք անդրադարձայ, որ ան ոչ միայն որոշ չափով պատասխան մը կրնայ հանդիսանալ վերեւի զոյգ հարցումներուն, այլեւ հրահրել մտքեր այս հարցերուն մասին, հարցեր որոնք ազատ Հայաստանի մէջ նոր
այժմէականութիւն կրնան ստանալ:
Այն ատեն, երբ կը գրուէր սոյն յօդուածը, աչքիս առջեւ էին Սփիւռքի մէջ կառուցուած ու նոր կառուցուող եկեղեցիները, որոնք բացի յաճախ ձախող ընդօրինակութիւնը ըլլալէ դասական մեր ճարտարապետական գլուխ գործոց կոթողներուն, ամբողջովին զուրկ էին որեւէ յաւելում կատարելու հնարաւորութենէն՝ հայկական ճարտարապետութեան հարուստ ժառանգութեան վրայ:
Այսօր սակայն, 1991-էն ասդին, այդ հիւանդութիւնը տարածուած է նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան տարածքին, եւ մեր հայրենի ճարտարապետները կորսնցնելու վրայ են առիթը 21-րդ դարուն համապատասխանող՝ համամարդկային ու ազգային ձգտումներուն համահունչ հայկական դրոշմը դնելու մեր կառուցողական արուեստին վրայ:
Գերութեան երկար դարերը խանգարեցին հայկական ճարտարապետութեան զարգացման ընթացքը, իսկ թուրքը 1915-ին լախտի հարուածը տուաւ մեր մտքի ազատագրութեան գործընթացին: Կորուստը՝ ահաւոր եղաւ, ոչ միայն գոյութիւն ունեցածին աւերումով, այլեւ գոյութիւն ունենալիքին խափանումով ու յետագային ալ գոյանալիքին խաթարումով:
Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Եւրոպայի մէջ, կոթական ոճով կառուցուած անկրկնելի տաճարներէն հասան Le Corbusier-ի Ռոնշանի (Ֆրանսա)եկեղեցւոյն, ապա ամերիկեան ցամաքամասին վրայ՝ Felix Candella-ի առագաստանման ծածկերով վեհացնող եկեղեցիներուն, որոնք Եւայի բառերով նոյն «խնդիրն են լուծում՝ ոգեղէնութիւն, խորհուրդ ու որոշակի զգացում հաղորդելու խնդիրը», ինչպէս կոթական տաճարները, «բայց տարբեր խորհուրդներ են, հանգունօրէն, տարբեր ճարտարապետական միջոցներով», մինչ «ինչ որ կառուցւում է այսօր որպէս Առաքելական եկեղեցի ընդամէնը պոստմոդեռնիստական խաղ է ճարտարապետական ոճի ու ձեւի հետ, այն կապ չունի հաւատքի եւ դրա գաղափարախօսութեան հետ... »:
Արդարեւ, խիստ մտահոգիչ է, ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ ներկայիս, քանի որ հետապնդուածը ոչ արուեստն է, ոչ ալ ազգային ոգին, այլ ձեւապաշտութիւն մը, formalisme, որ միայն տեղքայլ, նոյնիսկ յետքայլ ընել կու տայ մեզի:
Ափսո'ս, որ այնտեղ, կարծէք որպէս հակազդեցութիւն համայնավար ապազգայնացման բռնատիրութեան շարունակուող հետեւանքներուն, մարդիկ «կտրուկ դէմ են եկեղեցու աւանդական կերպարը որեւիցէ կերպ փոխելուն», ինչպէս կը գրէ Եւա Սարգսեան: «Ֆունկցիոնալ եւ գաղափարական, նաեւ գեղագիտական նոր պայմաններին համապատասխանող եկեղեցու նոր ճարտարապետական ձեւերի փնտռտուքի մասին մտքերը մարդիկ համարում են ազգային արժէքների ոտնահարում, օտարամոլութիւն, մեծամտութիւն եւ
նոյնիսկ սրբապղծութիւն»:
Այո, Մեծ Եղեռնը շատ սուղի նստաւ, եւ հիմա որքան ճիգ, որքան շունչ,որքան ժամանակ է պէտք՝ վերստին մտնելու համար, քաղաքակրթութեան համաշխարհային գործընթացին մէջ:
Յուսալիցը այն է, որ Հայաստանի մէջ կայ նոր սերունդ մը, որ պատրաստ է այդ քայլը առնելու...

***

Սփիւռքի հայ կեանքի բոլոր երեւոյթները անքակտելիօրէն իրարու շաղկապուած են. բա՞ն մը փոխել կ՚ուզենք այս կամ այն բնագաւառին մէջ՝ անհրաժեշտ է որ փոխուի մեր ամբողջ կեանքը, որովհետեւ մեր կեանքի պայմաններէն կը բխին թերիներ՝ որոնցմէ մէկուն մասին կը գրեմ հիմա:

Կ՚ըսեն թէ ոճը մարդն իսկ է, աւելցնենք՝ ոճը ժողովուրդն իսկ է: Ինչպէս ամեն արուեստագէտ, նոյնպէս ամեն ժողովուրդ, նոյնիսկ իւրաքանչիւր գաւառի բնակչութիւն, իր յատուկ դրոշմը կը դնէ իր արուեստին մէջ, (չեմ ըսեր՝ արուեստին վրայ, որովհետեւ այդ դրոշմը, կամ ոճը, արուեստին հետ կու գայ, ո'չ թէ ետքը վրան կ՚աւելնայ):
Ճարտարապետութիւնը բոլոր արուեստներէն աւելի ենթակայ է տեղական այս զանազանութեան, քանի որ որեւէ կառոյց՝ իր ճարտարապետին երեւակայութեան ծնունդն ըլլալէ առաջ եւ ըլլալէ ետք՝ արդիւնքն է բազմաթիւ ազդակներու, զորս կրնանք երկու խումբի բաժնել՝ բնական եւ քաղաքակրթական:
Բնական ազդակներէն առաջինը՝ ժողովուրդի մը բնակավայրի աշխարհագրական դիրքն է եւ կլիման: Հին Եգիպտոսի ճարտարապետութիւնը հարազատ արդիւնքն է անապատային, տաք երկրի մը պայմաններուն, մինչ գոթական ճարտարապետութիւնը՝ բարեխառն կամ ցուրտ, ամպոտ եւ լեռնային Եւրոպայէն կու գայ: Բնական երկրորդ ազդակը՝ բնակավայրի երկրաբանական կազմուածքն է. Հայաստան տուֆ ունի, Յունաստան մարմար, Գանատա՝ փայտ
ու երկաթ: Իւրաքանչիւր շինանիւթ իր գործածութեան ձեւերն ու արտայայտութիւնը կը պարտադրէ:

Քաղաքակրթական ազդակներն ալ երկուք են. առաջին՝ պատմաքաղաքական պայմանները՝ որոնք կ՚որոշեն երկրի մը զարգացման թափը: Միջնադարեան Եւրոպայի երկիրները առաւել կամ նուազ չափով վայելելով իրենց ազատութիւնը, հասան ճարտարարուեստական
յեղափոխութեան՝ որ իրենց ընծայեց նոր շինանիւթեր եւ շինելաձեւեր գործածելու հնարաւորութիւնը, մինչ միջնադարեան Հայաստանը՝ իյնալով խաւառասփիւռ գերութեան մէջ, վրայ տուաւ իր ամբողջ ունեցածը:
Քաղաքակրթական երկրորդ ազդակն ալ՝ տուեալ ժողովուրդի մը ընկերային (եւ կրօնական) պայմաններն են, որոնք, վերջին հաշուով, կը սահմանեն շէնքի մը նպատակը: Գտնուելով տեւապէս արտաքին ճնշումներու տակ, հայաստանցին իր եկեղեցիներով պիտի կտրէր ինքզինք
դուրսի աշխարհէն, ներամփոփուէր. նմանապէս, Արաբը իր տան պատուհանները պիտի բանար ոչ թէ փողոցին՝ այլ ներքին բակի մը վրայ, որպէսզի իր հարեմը հեռու պահէր նախանձոտ ու տարփամոլ օտար աչքերէ, իսկ հին Հելլէնը, կանուխէն ազատագրած իր միտքն ու հոգին՝ պիտի կառուցէր բաց շուկաներ եւ նոյնքան բաց տաճարներ:
Վերոյիշեալ բոլոր ազդակներէն առաջնահերթը՝ այս վերջինն է: Այսօր ալ ամենէն կարեւոր հարցումը զոր ճարտարապետը ինքն իրեն կ՚ուղղէ, սա է.- Ի՞նչ կ՚ուզէ յաճախորդը՝ իր շէնքէն. ի՞նչ ազդեցութիւններ կ՚ակնկալէ. օրինակ, սնէք-պարի մը տէրը չ՚ուզեր որ մարդիկ երկար մնան իր քով, այլ՝ արագ ուտեն եւ հեռանան, տեղ տալով նորեկներու, մինչ մեծ վաճառատան տնօրէնը ճիշդ հակառակը կը ցանկայ:
Փորձեցի, սեղմ գիծերու մէջ, ցոյց տալ թէ ինչպէս ճարտարապետութիւնը ոճ կը ստանայ, կ՚ունենայ յատուկ դրոշմ, համաձայն երկրին, ժողովուրդին, ժամանակին, եւայլն: Այս ոճը ինքնեկ է, եւ ոչ «փնտռովի»: Ինքնաբերաբար կը գոյանայ այն ազդակներէն՝ զորս վերը թուեցի: Չի պարտադրուիր, չի փակցուիր կառոյցի մը վրայ, ինչպէս մարդու մը կերպարանքը՝ որ հարազատ ցոլացումը կ՚ըլլայ իր մարմնի կազմուածքին, իր ապրելակերպին, բնութենէն կամ այլապէս
ստացուած ազդեցութիւններու, նոյնիսկ իր... նկարագրին:
Իսկ երբ ոճը կը փնտռուի կամ կը պարտադրուի՝ ատիկա արդէն ստեղծագործական սնանկութեան, անկման գոյժ կը հանդիսանայ:
Դժբախտաբար՝ այդ գոյժն է որ կը լսենք Սփիւռքի մէջ կառուցուող մեր եկեղեցիներէն...

Ճիշդ է: Արդար պահանջ մը ունինք: Կ՚ուզենք որ հայկական ոճով գծագրուին մեր նոր տաճարները, բայց, ո՞ր ոճով... Մեր դասական հոյակապ ճարտարապետութիւնը մեզմէ հազարամեակ մը առաջ դրեր է իր վերջակէտը: Իսկ Հայաստանի մէջ վերջին յիսուն տարուան մէջ մէկ հատիկ եկեղեցի չէ շինուեր... [կը յիշեցնեմ՝ սոյն յօդուածը գրուած է 1969-ին]։
Ուրե՞մն... ճարահատ սփիւռքահայը կ՚ընդօրինակէ իր պատմական յուշարձանները՝ որոնք տարբեր պայմաններէ ծնունդ առած, տարբեր պահանջներու գոհացում տուած, չեն կրնար բաւարարել մեզ:
Ասիկա շատ դժուար հարց է, որ կը յուզէ միտքը ամենէն առաջ Հայաստանի ճարտարապետներուն:
«Չէ՞ որ դժուարը, ասենք Հայաստանում ոչ թէ պարզապէս ժամանակակից ճարտարապետութիւն պատուաստելն է, այլ ժամանակակից հայկական ճարտարապետութիւն ստեղծելն ու զարգացնելը, ճարտարապետութիւն՝ որի մէջ ներդրուած լինեն ազգային ոչ թէ մերկ ձեւերը. այլ նախ եւ առաջ սկզբունքները», կը գրէ Արծուին Գրիգորեան, «Սովետ.
արուեստի»ի 1969-ի մայիսի թիւին մէջ:
Երբ Հայաստան տակաւին չէ կրցած լուծել այս բարդ խնդիրը, մենք այդ «մերկ ձեւերը» ընդօրինակելով կը կարծենք թէ հայկական ճարտարապետութիւն կÿունենանք:
Իսկ ի՞նչ վնաս կայ ընդօրինակութեան մէջ: Շա'տ: Եւ ամենէն առաջ՝ ոտնակոխում բուն ինքն հայկական պատմական ճարտարապետութեան սկզբունքներուն, սկզբունքներ՝ որոնք այսօր ալ, տակաւին, կրնան պատուով ճակատիլ ամենէն արդի տեսութիւններուն հետ:
Խօսիմ, սակայն, քանի մը օրինակներով:
Քարաշատ Հայաստանը բնականաբար քարով պիտի կառուցէր իր եկեղեցիները: Այդ քարը պիտի հանդիսանար գլխաւոր, կրո'ղ շինանիւթ, ատով իսկ, պիտի որոշէր շէնքին ստանալիք ձեւը եւ կերպարանքը: Այսօր երբ հինին նմանելու մարմաջէն մղուած, մենք ալ քար կը գործածենք, շինութեան ծախսերը բարձրացնելէ զատ նաե'ւ ճարտարապետական անպարկեշտութիւն կատարած կ'ըլլանք: Ինչո՞ւ, որովհետեւ մեր քարը պարզապէս երեսապատումի կը ծառայէ.
իսկ ատոր մէջ ոչ մէկ սխալ կայ: Բայց մենք, փոխանակ պահելու անոր լիցքային երեւոյթը, անով կը ծածկենք մեր հիմնական կառոյցը (երկաթ կամ պեթոն), այնպէս որ ամբողջովին քարաշէն ըլլալու տպաւորութիւն ձգէ մեր շէնքը: Հայկական ճարտարապետութեան սկզբունքներով, սակայն, կերպարանքը պիտի հանդիսանար կառոյցին հարազատ արտայայտութիւնը, այսինքն՝
չծածկէր իր երկաթէ, պեթոնէ կամ քարէ կմախքը:
Ուրիշ օրինակ մը՝ գմբէթը, որ մեր դասական ճարտարապետութեան, ինչպէս շատ ուրիշներու, տուած է ինքնուրոյն դրոշմ: Գմբէթը տրամաբանական աւարտումն է քարէ կառուցուածքի մը, լաւագոյն միջոցը՝ մեծ տարածութիւն մը մէկ թռիչքով ծածկելու համար: Իսկ այսօր, ոչ միայն անոր կարիքը չկայ, այլեւ ան մեծ վնասներ կու տայ: Նախ՝ իբր աւելորդ բեռ, կը ծանրացնէ կառոյցը, ուստի յաւելեալ ծախսի դուռ կը բանայ. նոր միջոցներով շատ աւելի մեծ
տարածութիւններ կրնանք ծածկել աւելի թեթեւ տանիքով մը. յետոյ՝ կը խանգարէ եկեղեցիին ձայնականութիւնը եւ զայն սրբագրելու համար դարձեալ կը ստիպուինք նորանոր ծախսեր կատարել:

Բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդները հրաժարած են դասական գմբեթէն, մինչ մենք կը յամառինք մնալ հոն՝ ուր էինք... հազարամեակ մը առաջ: Ա'յս ալ արհամարհանք է մեր դասականին հանդէպ, որովհետեւ ան զերծ է ամեն աւելորդութենէ:
Վերջին օրինակ մը՝ յատակագծին ձեւը: Թէեւ մեր պատմական եկեղեցիները կառուցուած են զանազան ձեւերու վրայ, ինչպէս օրինակ՝ քառանկիւն (Օձուն), քառակուսի (Բագարան), ութանկիւն ( Եղուարդի Զօրավար), նոյնիսկ բոլորակ (Զուարթնոց), մենք սակայն տեւապէս կ'ընտրենք խաչաձեւը (Էջմիածին)՝ հակառակ անոր որ մասնաւոր հայկական ոչինչ ունի
այս վերջինը, եւ գործածուած է բազմաթիւ ազգերու կողմէ: Խաչը տրամաբանական ձեւ մըն է երկու նեղ սրահներու միացումով կազմուած, այսօր, սակայն, երբոր շատ աւելի լայն սրահներ կրնանք շինել, խաչաձեւը կը պատճառէ յաւելեալ ծախսեր եւ անյարմարութիւններ, նախ
կ՚երկարէ շրջագիծը, ուստի կը բարձրացնէ ջեռուցման ծախսը, մինչ նոյն շրջագիծով կարելի է ունենալ մեծ քառանկիւն տարածութիւն մը: Այս տեսակէտով, ամենէն խնայողականը բոլորակն է, ձեւ մը՝ որուն գրեթէ միայն հայկական ճարտարապետութեան մէջ կը հանդիպինք: Յետոյ՝ խաչաձեւը կը ստեղծէ նաեւ տեսողական դժուարութիւններ, կարճ թեւերուն մէջ նստողներւն
համար: Կանխաւ յստակագծին ձեւը որոշելով եւ փորձելով մեր պահանջները յարմարեցնել անոր, մենք, հակառակելով հայկական ճարտարապետութեան աւանդներուն, նմանած կ'ըլլանք այն դերձակին՝ որ հագուստը կարելէ ետք կը փնտռէ յաճախորդ մը, որ կը յարմարի այդ կարուածին...
Ուրե՞մն...
Շատ փափուկ հարց է, որ կը դրուի մեր առջեւ: Սփիւռքի տարածքին նոր կեդրոններ շինելու ձեռնարկող միութիւններ՝ իրենց որոշումներով մեր ժողովուրդի դիմագիծն է որ կը սահմանեն, ատոր համար, շատ զգուշութեամբ պէտք է բանաձեւեն իրենց պահանջները՝ զանոնք ճարտարապետին ներկայացնելէ առաջ: Իսկ այս վերջինը, պարտաւոր է ոչ միայն լաւապէս
ծանօթանալ մեր կարիքներուն, այլեւ մեր դասական ճարտարապետութեան դրական եւ առողջ սկզբունքներուն, ոչ թէ ձեւերուն՝ որոնց ընդօրինակումը կամ նմանակերպումը պատճառ կ՚ըլլայ որ շինծու, կեղծուած ոճով շէնքերու տիրանանք: Մեր, սփիւռքահայուն ոճը, պիտի ծնի մե'ր իսկ պայմաններէն եւ մենք պիտի օգտագործենք մեզի ընձեռնուած բոլոր արդի միջոցները՝ մեր
կարիքները գոհացնող, մեր աւանդներուն հարազատ եւ խնայողական շէնքեր կառուցելու համար: Մեր եկեղեցիները (եւ ո'չ միայն եկեղեցիները) միայն այս ձեւով կրնան հայկական մեր դիմագիծէն բան մը տալ այն երկիրներուն՝ ուր բնակութիւն հաստատած ենք... առժամաբար:
Այլապէս՝ ճարտարապետութենէն հասկցողը պիտի խնդայ մեր կեղծիքին եւ մեր յետամնացութեան վրայ:

Իսկ մեր կեանքի պայմանները հասկցողը պիտի ափսոսա'յ որ, այդ կեանքին նման, մեր ճարտարապետութիւնն ալ միայն դիմա՜կ կրնայ ունենալ, եւ ոչ՝ հարազատ դիմագիծ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-06-28, -07-05 (1617-1618)

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝