Յայտարարութիւն

Wednesday, July 14, 2010

Սորվուած եւ դեռ սորվուելիք դասերը -Վրէժ Արմէն

Քանատա հրապարակուող «Հորիզոն» է ն արտատպուած է Վրէժ Արմէնի այս յօդուածը: Կասկածէ վեր է որ դիրքերու յստակ փոփոխութիւն տեղի կ՜ունենայ հետեզհետէ եւ այսօր՝ հայրենի եւ սփիւռքահայ ղեկավարութեանց մտածելաձեւին մէջ: Ողջունելի: Անգամ մը եւս կը փաստենք մենք մեզի թէ ,սփիւռքի մէջ մենք զմեզ երջանիկ հայ հաւակնելու համար ,որքան կախեալ ենք մեր Հհայրենիքի բարօրութենէն,կթող հայ եւ կթան կով հայ բացատրութեանց չհաւատացող իմաստուն եւ անշահախնդիր ղեկավարութենէն:

Նշանակ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Սորվուած եւ դեռ սորվուելիք դասերը
Այս տարուան Մայիս 28-ին, որ իրաւամբ կը կոչուի այլեւս Հանրապետութեան տօն, եւ ոչ՝ Ա. Հանրապետութեան տօն – քանի որ մեր երկրի պետականութեան վերականգման, հանրապետութեան գոյառման տարեդարձն է անիկա, անկախութեան հռչակման օրն ալ ըլլալով հանդերձ –, ՀՀ նախագահը, կարծէք աւելի իմաստուն դարձած` հայ եւ թուրք յարաբերութիւններու վերջին շրջանին ստացած դարձուածքներէն, ուշագրաւ ուղերձ մը յղեց իր ժողովուրդին:
Ուշագրաւ էր այդ ուղերձը, որովհետեւ պրն Սերժ Սարգսեան ճի՛շդ կը գնահատէր 1918 Մայիս 28-ի իմաստը եւ շատ ճիշդ դասեր կը քաղէր անկէ:
Ի՞նչ կ՜ըսէր մեծարգոյ նախագահը:
Առաջին հերթին, որ »Մայիսի 28-ին հայը դարձաւ պետութեան քաղաքացի«: Ասիկա իսկական յեղափոխում մըն էր )այս ալ ախագահին գործածած բառն է(, որ մէկ օրէն միւսը չիրականացաւ, այլ ան պատրաստուած էր դարերու ընթացքին, )թէեւ չի յիշեր, բայց լռելեայն կը հասկցուի, թէ ովքեր էին պատրաստած այդ յեղափոխումը( եւ »Մայիս 28-ի սխրանքը [...] առաջին հերթին կատարուեցաւ մեր գիտակցութեան մէջ եւ սրտերում«:
Պրն Սարգիսեան, իր ելոյթին մէջ, կը թուէր հետեւեալ դասերը, որ Մայիս 28-էն քաղելու ենք.
Դաս առաջին – »Ոչ ոք աշխարհում պարտաւոր չէ կռուել քեզ համար եւ քո փոխարէն«: Օտար ուժերուն պիտի չապավինիս պաշտպանելու համար ընտանիքդ, ազգդ, երկիրդ:
Դաս երկրորդ – »Ոչ ոք պարտաւոր չէ քո փոխարէն հաստատել պետականութիւն«: Ի հարկէ դաշնակիցներ պէտք է ունենալ, բայց »այդ սխրագործութիւնները դու պարտաւոր ես պատրաստ լինել կատարելու մեծ-մենակ«:
Դաս երրորդ – »Պետական կառոյցներ ձեւաւորած ժողովուրդի նկատմամբ կարելի է տանել առանձին յաղթանակներ, բայց անհնար է իրականացնել Ցեղասպանութիւն«:
Դաս չորրորդ – »Հայ ժողովուրդը ի վիճակի է լուծել իր առջեւ դրուած ամենաբարդ, երբեմն անհնար եւ երեւակայելի թուացող խնդիրները«: Այս դասին կը յաջորդէ անոր բնական հետեւութիւնը` »Հայ ժողովուրդն ուղղակի անպարտելի է, եթէ աշխարհին ներկայանում է միասնական ճակատով«:
Դաս հինգերորդ – »Պէտք է հաւատալ հայ ժողովուրդի ունակութիւններին, հաւատալ նրա կռուելու, կառուցելու, մտածելու, արարելու մեծ հնարաւորութիւններին«:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարդիսեանի նման մտածումները եւ եզրահանումները, Մայիս 28-ի 92-ամեակին առթիւ, անշուշտ միայն հրճուանք կը պատճառեն մեզի` Հայաստանի անկախութեան հաւատացած, Հայաստանի հանրապետութեան գոյառման, պահպանման, հզօրացմա՛ն երազով ապրած ու ապրող հայութեան համար:
Տակաւին 25 տարի առաջ այս բոլորը հեռաւոր երազ կը թուէին շատերուս համար, բայց ինչպէս պրն նախագահը կ'ըսէ, »Այսօր էլ մեր շուրջ կան մարդիկ, ովքեր չեն հաւատում, թէ Հայաստանը կարող է ունենալ եւրոպական զարգացած երկրի վայել բարեկեցութիւն, օրինապահութիւն, ամենաբարձր չափանիշներին համապատասխանող կրթութիւն, գիտութիւն, առողջապահութիւն, սպորտ, եւայլն«: Տուն քանդող, աւելի ճիշդ` տան կերտո՛ւմը խափանող այդ հոգեբանութեան վերջ պէտք է տրուի անպայման, բայց որպէսզի վերջ տրուի, մենք տակաւին ուրիշ դասեր ալ ունինք քաղելիք 28 Մայիսի հրաշքէն: Կ'արժէ վերյիշեցնել այդ դասերը:
Դաս վեցերորդ – Վստահութիւնը պէտք է հաստատուի սեփական պետականութեան նկատմամբ, հայութիւնը, հայրենաբնակ թէ այլաբնակ, իր պետական այրերուն եւ պետական կառոյցի բոլոր մակարդակներուն վրայ պէտք է տեսնէ անշահախնդիր, անկաշառ, բարոյական բարձր արժանիքներով ու միայն ծառայութեան յօժար անձեր, ինչպէս էր Հանրապետութեան հիմնադիր սերունդը` Արամ Մանուկեանէն սկսեալ:
Դաս եօթներորդ – Հայը նաեւ պէտք է այն համոզումին հասնի, որ իր մարդկային ու ազգային իրաւունքները ամենէն առաջ Հայաստանի մէջ է, որ լաւագոյն ձեւով կը պաշտպանուին, հո'ն է, որ ան կրնայ իր արդար վաստակին տէր ըլլալ, թէկուզ համեստ, բայց բաւարար` իր եւ ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար: Այդպէ'ս է, որ հայրենաբնակը երկրէն դուրս պիտի չուզէ ելլել, եւ արտերկրաբնակը երկի'ր պիտի ուզէ վերադառնալ, ինչպէս եղաւ 1918-1920:
Դաս ութերորդ – Տակաւին, մեր հողին վրայ ապրող չունեւորը, հիւանդը, տկարը զգա'ն պիտի, որ իրենց տէր կանգնող կայ, եւ ոչ թէ իրենց վիճակէն օգտուող... Վայրագ դրամատիրութեան ճիրաններուն մէջ մեր երկիրը այլապէս կը պարպուի իր ժողովուրդէն, կը կորսնցնէ նոյնիսկ իր գոյութեան իրաւունքը՝ դառնալով գերուժի մը խաղաքարտը պարզապէս։
Դաս իններորդ – Գրողը, մտաւորականը, արուեստագէտն ու մշակոյթի բոլոր գործիչները հայրենի պետութիւնը իրենց թիկունքի'ն պիտի զգան, իրենց զօրավի'գ, այնպէս ինչպէս դաշնակցական լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի նեցուկը կը վայելէր համայնավար բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց:
Եւ վերջապէս`
Դաս տասներորդ – Բոլորս զգանք, որ Հայաստանը է' Ամենայն հայոց հայրենիք, որ անսակարկ տէր կը կանգնի ե՛ւ ազգի պատմական իրաւունքներուն ե՛ւ ազգային մշակութային ժառանգութեան, երկիր՝ ուր կ՜ապրի ու կը զարգանայ մեր լեզուն, հարազատ իր արմատներուն, անխաթար ու անապակ, հայոց հող՝ ուր կը ծաղկի հայ հանճարը եւ ուրկէ՛ աշխարհին կը ճառագայթէ իր մտքի ու ձեռքի արգասիքը, եւ պետութիւն՝ ուր հայ մարդը վերջապէս մարդավայել կեանք մը ապրելու ամբողջական իրաւունքը կը վայելէ:
Այո, վսեմաշուք պրն նախագահ, իրաւամբ »Մայիս 28-ը մեզ յուշում է, որ [...] առանց պետական մտածելակերպի, քաղաքացիական պահանջկոտութեան ու պատրաստակամութեան, առանց քո երկրի հանդէպ մեծ հաւատի հեռու չես գնայ«:
Այդ մեծ հաւատքովն է, որ կը գրեմ այս տողերը, որովհետեւ Ձեզի պէս` »պատրաստւում ենք շատ հեռու գնալ, որովհետեւ մեր թիկունքում ունենք Մայիսի 28, որովհետեւ շատ հեռուից ենք գալիս«...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-07-12 )1619(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝