Յայտարարութիւն

Thursday, August 5, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 118 - Ռուբէն

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

Պաթում.
Առաջին ճամբորդութիւնս Պաթում, 1902 թուականին.
Ալեոշան.
Ակնարկ Պաթումի դրութեան, տիրող հոսանքներու
եւ Դաշնակցութեան ուղղութեան մասին.
Պաթում 1904ին. Տեռորի մը իմ մասնակցութիւնը.
Չմտածուած նախաձեռնութիւն մը եւ անյարմար
կացութիւն ինծի համար.

Թիֆլիս հասնելով ներկայացայ Բիւրոյին, որ որոշեց զիս ուղարկել Պաթում, իբրեւ գործիչ:
Երկրորդ անգամն էր, որ ես կ’երթայի այդ քաղաքը գործելու: Առաջին անգամ ես հոն գացի 1902 թուի վերջրեը, երբ մէկ ոտքս Դաշնակցութեան մէջ էր, իսկ միւսը` կը խարխափէր անորոշութեան մէջ (Հետագայ էջերը, որ կը նկարագրեն Ռուբէնի առաջին ճամբորդութիւնը Պաթում` 1902 թուին, գրուած են 1948ին, «Հայրինք»ի համար, բայց չեն ճամբուած: Գլուխ ԺԲի երկրորդ մասը (1904) առնուած է նոթերէն Ա.Խ.):
Կը յիշեմ, այդ թուականներուն (1902) օր մը ներկայացայ Թիֆլիս Համոյին (Օհանջանեան), որ Դաշնակցութեան մէջ կեդրոնական անձ մըն էր, ամենէն երիտասարդն ու ամենէն սիրուածը: Ան կը ճանչնար զիս մանկութենէ, երբ կու գար մեր տունը` մեծ եղբայրներուս հետ խաղալու համար: Համոն երբ զիս տեսաւ շատ ուրախացաւ: Առաջարկեց երթալ Պաթում: «Քեզի պէս երիտասարդներու համար, ըսաւ ան, սթաժ ընելու յարմար վայրը Պաթումն է, ուր յեղափոխական խմորումները սաստիկ են: Յեղափոխական երկու հնոցներ կան, մէկը Սասունն է` Թուրքիոյ մէջ, իսկ միւսը Պաթումն ու Գուրիան` Անդրկովկասի գուցէ եւ ամբողջ Ռուսիոյ մէջ: Մենք ուժեղ Մարմին ունինք Պաթում, բայց ան խորը չի գիտակցիր իր վայրի կարեւորութեան. թարմ ոյժեր անհրաժեշտ են հոն: Անցեալները ուղարկեցի Ալեոշան, դուն ալ գնա Մարմնի տրամադրութեան տակ եւ գործէ անոր ցուցմունքներու համաձայն»:
Թէեւ 21 տարիքը լմնցուցած եւ արդէն բազմաթիւ փորձերէ անցած էի, բայց այս փորձութեան մէջ բնաւ չէի ընկած: Պիտի գնայի ու գործէի յանուն մի կուսակցութեան, որ թէեւ ամենէն գրաւիչն էր պատանեկան իմ խարխափումներու մէջ, բայց որու էութիւնը ինծի անծանօթ էր: Հասուն էի, բայց կը գիտակցէի, որ տրուած յանձնարարութեան ես պատրաստ չէի: Այսուհանդերձ ընդունեցի Համոյի առաջարկը:
Պաթում հասնելով, տեղաւորուեցայ այն պանդոկը, ուր կ’իջեւանէին ինձ նման մարդիկ: Դիւրութեամբ ծանօթացայ Ալեոշային, ուր ինձմէ աւելի պատրաստուած եւ ինձմէ աւելի փորձառու էր գործերու մէջ: Ան ռուսական համալսարանէն էր եւ ինծի տարեկից: Երբեմն ուսանողական գլխարկ կը կրէր, երբ բանուորական թաղերը կ’երթար, երբեմն ալ լայնանաիստ գլխարկ, պոյերներու նման: Ակնոցները անբաժան էին քթէն, անոր երեսին մէկ մասը կը կազմէին, իսկ ձեռին ունէր մի հաստ գաւազան: Միամիտ մանկական երազուն դիմագիծէն բարութիւն եւ զոհաբերութիւն կը թափէին: Ան միշտ ժպտուն էր, բարկութեան ու ցասումի ժամանակ իսկ կը ժպտէր: Հաճելի էր այս ընկերը: Առաջին իսկ վայրկեանին ես բացուեցայ անոր իբրեւ վաղեմի ու մտերիմ բարեկամի մը:
- Ալեոշա, դու ինձմէ տեղեկութիւններ կ’ուզես մեր ընկերներու մասին, բայց ես քեզի պիտի ըսեմ, որ ոչ ոք կը ճանչնամ, որովհետեւ նորեկ մըն եմ կուսակցական ընտանքին մէջ: Բանակութեամբ եւ տեսականօրէն ես ինկայ Դաշնակցութեան մէջ: Համոյէն ուզեցի շարքերը մտնելու ճամբան հասկնալ, ան մէկէն ու մէկ ըսաւ.- «Գնա՛ ընկիր հնոցը, հոն Ալեոշան կայ, ան քեզ ընկեր կը լինի»: Այժմս հոս եկած եմ իբրեւ գործիչ, բայց գաղափար չունիմ ո՛չ կուսակցութեան կանոնագրի եւ ոչ ալ ծրագրի մասին: Թէ ի՞նչ կրնամ ընել` ես ալ չգիտեմ. թէ ի՞նչ է Պաթումը` ես խապար (տեղեկութիւն) չունիմ: Դուն առաջին մարդն ես որ կը տեսնեմ: Ըսէ ինծի, ի՞նչ պիտի ընել որ ես սեւ երես չդարձնեմ Համոյին եւ քեզ:
Ալեոշան բարութեամբ կը ժպտէր: Ան երջանիկ մարդու տեսք առած էր եւ կարծես անոր վրայ մեծապէս ազդած էր Համոյին համարումը իր վրայ:
- Մի՛ յուսահատիր, Համոն լաւ ըրած է որ քեզ այս «հնոցը» ուղարկած է: Զիս ալ այդպէս ճամբեց, այն տարբերութեամբ, սակայն, որ այստեղ չկար մի երկրորդ Ալեոշա, որուն ես կարողանայի քեզ նման անվերապահ խոստովանութիւններ ընել: Քեզ բան մը պիտի ըսեմ եւ նկատի առ.- անկեղծութիւնը, ինքնադժգոհութիւնը հայերու մէջ թուլութեան եւ ոչնչութեան հոմանիշ են, իսկ ռուսերու մէջ` ընդհակառակն, ուժովութեան եւ յառաջադիմութեան նշաններ են: Ես կարօտ ունիմ ռուս ընկերներուս: Այդ անկեղծութիւնը այլեւս չընես ուրիշին, վարկդ կը կորսնցնես:

Շար. 118



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝