Յայտարարութիւն

Saturday, August 7, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -119- Ռուբէն

Ալեոշան դժուարաւ հայերէն կը խօսէր, մէջընդմէջ ռուսերէն կը խառնէր: Այս ինտելիկենտը փաստօրէն ռուսացած էր հոգիով, թէեւ իր մէջ զտարիւն հայը կը խօսէր: Ան շարունակեց.
- Թէ որ այդպէս է, ես քեզ բացատրեմ: Պաթումը 40.000էն անց նոր քաղաք մըն է, ուր կը փչեն մէկ կողմէ Եւրոպայի, միւս կողմէ Անդրկովկասի եւ Ասիոյ եւ երրորդ կողմէ Ռուսիոյ քամիները: Երեք մտայնութեան կեդրոն է: Ան Անդրկովկասի միակ արտածման եւ ներածման բերանն է: Հոս կը զարգանայ նորաստեղծ ճարտարուեստը: Առանց Պաթումի Բագուն անարժէք հաստատութիւն մըն է: Ուրեմն վայրի մասին գաղափար տուի: Գանք հիմա բնակչութեան:
«Քաղաքի կէսէն աւելին հայեր են. անոնցմէ յետոյ կու գան վրացական ցեղերը` գուրիացիք, մինգրելներ, աճարացիք եւ միւսները, յետոյ` յոյները եւ ամենէն վերջը` ռուսերը: Ուրեմն ձեւով ռուսական, խօսքով վրացական եւ ըստ էութեան հայկական քաղաք մըն է: Մի «աջաբ սանդալ», ուր տիրապետողը հայն է:
«Ռուսերը ամենէն քիչն են քանակով, բայց վարչական ղեկը անոնց ձեռքն է: Ոստիկան, սպայ, կառավարիչ անոնք են եւ անոնք կը գրաւեն նաեւ գրեթէ բոլոր պետական պաշտօնները: Փոքր մաս մըն ալ ռուսերէն ազատ ասպարէզի վրայ են կամ որակեալ բանուորներ են: Ասոնք բոլորն ալ համարեա «չեռնոսոտենցիներ» են (սեւ հարիւրակայիններ, ազգայնամոլ ռուսեր): Քանի մը ուսանող եւ բանուորներ կան այդ շարքերէն դուրս, որոնք ոսկի են: Ասոնք կ’ատեն կառավարութիւնը:
«Յոյները ընդհանրապէս առեւտրականներ են: Ազգային տեսակէտէ, ինքզինքնին հիւր կը համարեն Պաթումի մէջ եւ կը զգան իբրեւ մէկ մասը մեծ Յունաստանին: Ընկերային տեսակէտէ` հակառակ են յեղափոխութեան եւ դաւանանքով ալ կապուած են Ռուսիոյ, որով զանոնք դասելու է սեւ հարիւրակայիններու շարքը: Անոնք հակայեղափոխականներ են եւ յենարան կը հանդիսանան ոստիկանութեան:
«Գանք այժմ վրացիներուն: Ասոնք բաժնուած են զանազան ցեղերու, որոնք այնքան հեռու են իրարմէ, որ կարելի է տարբեր ազգեր յամարել: Բայց այժմս, այդ տարբեր ազգերը միաձուլուելու եւ մի ազգ կազմելու ճամբու վրայ են, շնորհիւ վրացական կուսակցութեանց եւ մասնաւորապէս Սացիալ-Դեմոկրատներու: Աճարացիները, որ կը շրջապատեն Պաթումը, որ իրականին մէջ աճարական քաղաք համարուելու է, կրօնքով իսլամ են եւ ասոր համար ալ անոնք կապուած են Թուրքիոյ: Անոնք դէմ են ռուսերուն, դէմ են նաեւ հայերուն, որովհետեւ մենք թուրքին դէմ ենք, բայց դէմ չեն վրացիներուն ու քրիստոնեաներուն, եւ ատիկա շնորհիւ Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան գործելակերպին ու աշխատանքներուն:
«Գուրիացիները Պաթում շատ կան եւ անոնց երկրին ալ մօտիկ է այս քաղաքին: Ասոնք վրացական ցեղերու եւ ընկերային պայքարներու առանցք են դարձած: «Մէկ ազգ (վրացական) մէկ կուլտուրա» նշանաբանն ունին: Ուսում, տնտեսական ազատութիւն, վարչական ինքնավարութիւն, բռնակալութեան վերացում եւ այս տեսակի այլ պահանջներ կը դնեն եւ իրենց երկիրը պատած են սպառողական եւ մասամբ արտադրական կօօպերատիւներով (համագործակցականներով): Այս տարրը, որ շարունակ կը հոլովէ Մարքս եւ Էնգելս, չի ծառայեր Մարքսին, այլ Մարքսը կը խառայեցնէ իր նպատակներուն:
«Միգրելները եւ իմերէթները, որոնք դեռեւս շատ կապուած են իրենց ազնուականութեան հետ, կ’արթննան, գուրացիներու օրինակը տեսնելով: Անոնց մէջ կազմուած ազգային հոսանքները ստորին խաւերու սրտէն չեն խօսիր եւ կը սահմանափակուին միայն ազնուականութեան շրջագծով` ցածէն եղած ճնշումի հետեւանքով: Ֆետերալիստ հոսանք մըն ալ կայ, որ կը ջանայ համախմբել վրացական ցեղերը մի յարկի տակ, բայց ան զուրկ է տնտեսական եւ ընկերային հիմքերէ եւ այդ` անոր թուլութեան պատճառը կը դառնայ: Ֆետերալիստ հոսանքը խոնարհ խաւերու համար միայն հրապուրիչ է` իր ազգային ձգտումնեուն պատճառով, սակայն, բաւական չէ զանգուածները իրեն կապելու համար: Այս վիճակի մէջ, քանի որ ան Սոցիալ-Դեմոկրատներու ներքին ձգտումներուն կը ծառայէ, հարթելով ցեղերու հակամարտութիւնը, ասոնք չեն խանգարեր ֆետերալիստներու աշխատանքը, բայց միեւնոյն ատեն ընկերային եւ տնտեսական ազդակները շեշտելով` կը դարձնեն այդ հոսանքը իրենց մէկ ճիւղը:
«Հիացած եմ գուրիական խմբակի վրայ: Ժորտանիա եւ իր ընկերները գտած են ճամբան միջազգային ընկերվարութեան պիտակին տակ ընելու նոյն այն գործը, զոր կ’ընէ Դաշնակցութիւնը, այն տարբերութեամբ սակայն, որ անոնք արտաքնապէս ընկերվարական են, իսկ ըստ էութեան ազգայնական, իսկ մենք արտաքնապէս ազգայնական ենք, բայց նեքուստ` ընկերվարական»:

Շար . 119



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝