Յայտարարութիւն

Sunday, August 8, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 120 -Ռուբէն

Ալեոշան, սուրճի գաւաթը վերջացնելէ յետոյ, շարունակեց.
- Այժմս գանք մեր ժողովուրդին: Մինչ այժմս անոր շրջապատի մասին գաղափար տուի:
«Հայութիւնը Պաթումի մէջ այնքան հինէ, որքան հին է ինքը` Պաթումը: Ան կը ծորայ Պաթումի վրայ Ճորոխ գետին հետ` Արդուին, Արտանուշ, Փոփայ, Բորչխայ եւն.: Ատոր վրայ աւելցած են Անդրոկվկասէն, մասնաւորապէս Ախալքալաքէն եւ Ախալցխայէն եկածները: Պիտի հաշուել նաեւ Լազիստանէն եւ Տրապիզոնի շրջաններէն փախած հայերը, ինչպէս նաեւ Տաճկահայաստանի միւս մասերէն, գլխաւորապէս Ախլաթէն եւ Բաբերդէն եկած փախստակաները եւ կը ստանանք Պաթումի եւ շրջակայքի հայութեան խառնարանը:
«Հայութիւնը մի կրօն չէ. ան թուրք, ֆրակն եւ հայ է, այլ խօսքով` իսլամ, կաթոլիկ եւ լուսաւորչական: Ասոնք իրարմէ այնքան հեռու են, որքան մենք եւ թուրքերը, որքան մենք եւ ռուսերը, առանց չափազանցութեան: Թէեւ այս երեքն ալ զտարիւն հայ են, բայց ցաւօք սրտի` մեր իսլամ եւ քրիստոնեայ եկեղեցիները կը ջանան աւելի հեռացնել զանոնք իրարմէ. եւ անջրպետները վերացնելու կոչուած մեր կուսակցութիւնն ալ, մեծ մեծ գործերու ետեւէն ինկած, այս առօրեայ խնդիրները անտեսած է: Եթէ մենք ըմբռնէինք էութիւնը մեր ծրագրի, որու համաձայն «Կրօնքը անհատական խղճի գործ է», եթէ ազատագրուէինք դաւանական աւանդութիւններէն, կաթողիկոսներու եւ տէրտէրներու ֆարաջաներու ազդեցութենէն, դաւանանքները պիտի չկարողանային խոչընդոտ լինել մեր ազգային հատուածները ի մի հաւաքելու եւ մի ազգութիւն կազմելուն: Մենք վրացիներէն պիտի օրինակ առնենք: Ազարիկն ու Սիմոնը ինծի կը հաւաստիացնէին, որ իսլամ հայերու թիւը աւելի շատ է Ճորոխի ափերուն եւ Պոնտոսի փէշերուն վրայ, քան հայ համարուածներունը: Հարցը ուրեմն խոփացիներուն եւ բորչխացիներուն չի վերաբերիր, որոնք կրնան կորիզ դառնալ, հարցը աւելի ընդարձակ եւ լուրջ է: Ահա մեզի ասպարէզ մը` ցանելու եւ հնձելու համար:
«Հայերը միալեզու չեն, թէեւ մեծամասնութիւնը հայախօս է: Միայն այս փոքր քաղաքին մէջ կը տեսնես վրացախօս, ռուսախօս հայեր, որոնց թիւը անտեսելի քանակ մը չէ: Իմ մամս հայախօս էր, մայրս` վրացախօս, հայրս չերքէզախօս, ես` ռուսախօս: Հայերէնը ես հետագային սորված եմ, եւ այն ալ որչա՜փ անկատար, բայց աւելի պակաս հայ չեմ քան անոնք` որ բացի հայերէնէ ուրիշ լեզու չեն գիտեր: Ի հարկէ լրիւ հայ լինելու համար մեր լեզուն գիտնալը անհրաժեշտութիւն է, բայց ատկէ եզրակացնել, թէ ով հայերէն չգիտէ` հայ չէ, ամենամեծ եւ ամենավտանգաւոր սխալը կը կազմէ: Այդ ես զգացած եմ, մանաւանդ երբ տգէտ, հայութենէ բան չհասկացող վաշխառու կամ տիրացու մարդիկ կը ծաղրէին իմ առոգանութիւնը, կը խնդային իմ սխալներուն վրայ եւ զիս կը համարէին աւելի վատ հայ, քան իրենք են: Վերջապէս, լեզուն մարդու համար զէնք մըն է միայն փոխանցելու իր մտքերը շրջապատին եւ շրջապատի մտքերը ստանալու համար: Ի՞նչու նուազ հայ համարել զանոնք, որ խուսափած են մեռնելէն եւ կամ անբան անասուն լինելէն: Չերքէզախօս, թրքախօս, ռուսախօս, վրացախօս եւ այլ ու այլ լեզուներով խօսող հայերը այդպիսիք եղած են, որովհետեւ համախումբ ապրելու հնարաւորութիւն չեն ունեցած, որովհետեւ իրենց հայրենիքը ազատ եղած չէ եւ դուրս են քշուեր հայրենի բոյնէն, որովհետեւ հայութիւնը, զանոնք կորած, ուծացած համարելով, անտեսած է անոնց հայեցի դաստիարակութիւնը: Ասկէ կարելի է եզրակացնել որ լեզուի կենդանացման համար երեք միջոց կայ.- Հայութեան համախումբ ապրիլը, հայրենիքի ազատութիւնը եւ լեզուն կորցրածներու ուսման եւ դպրոցական գործի կազմակերպումը: Եթէ առաջին երկուքը այսօր կրնան լոկ առաջնորդող գաղափարներ լինել, երրորդը իրագործելը մեր կարողութեան մէջ է: Մենք չունինք, սակայն, օտարախօս հայութեան համար օտար լեզուներով հայ գրականութիւն, պատմութիւն եւ դպրոց, որպէսզի ծագումով հայը հայ պահէինք եւ քաշէինք զանոնք հայութեան փարախը: Ահա ընդարձակ ասպարէզ մը գործելու: Պիտի բարեփոխել հայ դպրոցներու նպատակայարմար բաշխումը եւ պիտի զարհացնել ու տարածել բազմալեզու հայ մշակոյթ մը: Այդ ձեւով մենք կը փրկէինք հայութեան մէկ երրորդը կորուստէ»:
Ալեոշան կը շարունակէ իր դասախօսութիւնը.
«Հայերը Պաթումի մէջ երկու դասի կը բաժնուին` բուրժուական եւ կէս-բուրժուական մէկ կողմէ, եւ միւս կողմէ պրոլետական ու աղքատ դաս: Իբրեւ դասակարգ, ասոնք հակառակ են իրարու, բայց միւս կողմէ, միմեանց կապուած կը մնան իրենց հայրենասիրութեամբ եւ իրենց հայրենակցական միութիւններով: Տարօրինակ երեւոյթ մը, որ յատուկ է միայն Հայուն: Հայ պրոլետարին համար Մանթաշեւ մը, Ծատուրով մը հակառակորդներ չեն, այլ ազգային հպարտանք, որովհետեւ հարուստ են եւ հայ լուսաւորչական են, ինչպէս եւ ասնոց համար հայ պրոլետարը թշնամի չէ, որովհետեւ ան իր հայրենակիցն է: Հայութեան մէջ դասակարգային համակարտութիւն չկայ, հայերը միասնաբար դէմ են թէ օտար դասակարգերուն եւ թէ անոնց գոյութեան: Այդպէս չէ, սակայն, վրացիներու եւ ռուսերու մօտ, որոնք իրարմէ բաժնուած են ազնուական, բուրժուական եւ պրոլետարական պատնէշներով: Պաթումի հայութիւնը բաժնուած է ըստ սրճարաններու: Իւրաքանչիւր գաւառ կամ նահանգ ունի իր զատ անկիւնը, ուր կը հաւաքուին հայրենակիցները, առանց դասակարգի խտրութեան եւ ուր ամէնքը հաւասար են. յաճախ ամենէն աղքատը հոն աւելի հեղինակաւոր է քան հարուստը կամ այլ ասպարէզներու մէջ աչքի ընկողը: Այս ըսածներէս երկու հետեւութիւն պիտի հանել, զոր իմ փարձառութեամբ ձեռք բերած եմ.
«Առաջինն այն է` որ շատ դժուարութեամբ կարելի է հայ պրոտելարական դասը հանել հայ բուրժուա դասին դէմ, բայց ան միաձայնութեամբ եւ ամէն զոհաբերութիւն յանձն առնելով դուրս կու գայ ռուս, թուրք, եւ կամ վրացի շահագործող դասին դէմ, ունենալով իր հետ նաեւ հայ կէս բուրժուական եւ նոյինիսկ բուրժուական խաւերը:
Շար . 120




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝