Յայտարարութիւն

Monday, August 9, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 121 - Ռուբէն

«Երկրորդը այն է` որ հայրենակցական խմբաւորումները չեն տանիր աշիրէթապետութեան եւ ազգութեան ամբողջականութեան քայքայման: Երեւութապէս կարծես թէ այդպէս է, բայց ըստ էութեան ատիկա այդպէս չէ: Գաւառական խմբաւորումները սանդուխի աստիճաններ են, որ կազմուած են ինքնաբուխ կերպով եւ այդ աստիճանները կը տանին հայութիւնը ընդհանուր հայրենիքի ամբողջացման գաղափարին: Միայն թէ այդ խմբաւորումները գիտակցական դարձնել, որպէսզի հետագային չդառնան աւատապետութիւններ:
«Այս երկու փաստային գրութիւնները մեզ կը դնեն շատ փափուկ կացութեան մը մէջ: Մէկ կողմէ, այնքան հպարտ է հայը իր ծագումով եւ անցեալով, որ կ’ուզէ ինքնիշխան լինել եւ իր ազգային անկախութիւնն ունենալ, մանաւանդ Տաճկահայաստան, որու համար ան պատրաստ է ամէն զոհողութեան: Միւս կողմէ` ան այնքան գիտակից է իր անձնական եւ ընկերային շահերուն, այնքան նախաձեռնող է ու լի յեղափոխական թռիչքով, որ անկարող է տանիլ բռնակալական ռեճիմը, կապիտալիստական կարգերը: Ձախ ոտքով մտած է ընկերվարութեան ասպարէզը եւ ձախ ձեռքով կառչած է անոր, իբր փրկութեան խարիսխի: Այդպէսով, հայը թէ ընկերվարական է, թէ ազգային, եւ անոր այդ յատկութիւնը, ըստ երեւոյթին, հակասական, բոլորովին տարբեր բովանդակութիւն ունի քան օրինակ, Ռուսիոյ կամ Թուրքիոյ մէջ: Հայը անհատականութիւն է, ինչպէս լեռներէն ցած իջած ջէյրանը կամ անտառի արջը, մինչդեռ թուրքը, ռուսը նման են մեղուանոցի մեղուին, որուն եթէ մէկ մասնիկը պոկուի` ենթակայ է ձուլման ու ոչնչացման:
«Ազատութիւնը հայ անհատին համար անհրաժեշտ պայման մըն է զարգանալու համար, այն ինչ թուրքին եւ ռուսին համար, ան խօսք մըն է որ անհասկանալի է անհատին համար: Հայը դեմոկրատիայի միջոցով միայն կարող է հաւաքականութիւն կազմել եւ իբր ազգ հանդիսանալ, ան անհանդուրժող է թէ աստուածապետութեան, թէ ազնուականապետութեան եւ թէ ամէն տեակի բռնապետութեան: Թուրքի եւ ռուսի համար, ընդհակառակն, իսկական դեմոկրատիզմը իր կայսեր, իր պետի, իր առաջնորդի կամքին, եւ ասոնց հպատակներու անմռունչ հնազանդ կարգապահութեան մէջն է: Մի խօսքով` մեր ժողովուրդը անախ միաւորներու գումարն է, իսկ անոնք անկախ գումարի մը անբովանդակ մասնիկներ են` զերոներու նման: Այս հակասութենէն առաջ կու գայ այն, որ եթէ Նիկոլայի մը, Մարքսի մը կամ Պլոխանովի ետեւէն շարես զերոներ, կը ստացուի մի հսկայ գումար, մի անխորտակելի ոյժ: Իսկ մեզ մօտ, որքան զերօ շարես, կը ստացուի միայն զերօ, քանի որ անհատէն գաղափարէն չէ մեր ծնունդը, այլ մեր արժէքէն: Ջնջէ թուրքի կամ ռուսի մէջէն անոր առաջնորդը կամ առաջնորդող գաղափարը, տեղը ոչինչ կը մնայ: Ահա այստեղ է գաղտնիքը, որ անոնք յարատեւելու եւ աշխարհածաւալ հօտ կազմելու հնարաւորութիւն չունին, միքրոպներու նման, մինչդեռ մենք, ինչպէս եւ բոլոր հին եւ բիւրեղացած ժողովուրդները` հրեաները, յոյները, նման են ցորենի հատիկներու, որոնք առանձին առանձին վերցուցած անհատականութիւններ են, խառնէ, սակայն մի հատիկը այլ սերմերու հետ եւ գետնի տակ թաղիր, անկէ, թէեւ նտիտ, բայց նորէն ցորեն կը ստանաս: Եթէ չխառնես այլ սերմերու հետ եւ ցանես անոր սիրած հողին մէջ, կը ստանաս Ցորենաստան, յար եւ նման սերմերուն: Այդ ցորենը կարելի է վառել, կարելի է ուտել եւ փճացնել, բայց բնաւ չի կարելի ոչնչացնել: Կը բաւէ, որ զերծ մնան մի քանի հատիկներ, անոնք նորէն կը բազմանան եւ կը յարատեւեն: Հայութեան ոյժը ժամանակի ընդարձակութեան տիրապետութիւնն է, միւսներուն ոյժը տարածութեան եւ ոյժի տիրապետութիւնն է: Ի՞նչու աստուածացեալ Օգոստոսի եւ Կեսարի հռոմէացին չկայ, ինչո՞ւ չկան Ասսուր-Նազիրաբալի եւ Նաբուգոդոնոսորի Ասորեստանը եւ Բաբելոնը, ինչո՞ւ չկան Չենգիզի, Լենկթիմուրի, հոներու, ալանաց, քուշանաց եւ ուրիշներու հզօր կայսրութիւնները, զորս մենք ճաշակած ենք, եւ ինչո՞ւ կանք մենք: Պարզ է. անոնց մեծութիւնը զերոներու շարան մըն էր, իսկ մենք անհատականութիւն ենք եւ կը մնանք ընդմիշտ:

Շար 121




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝