Յայտարարութիւն

Tuesday, August 10, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-122-Ռուբէն

«Այս ամէնը իբրեւ նախաբան` հասկնալու համար Դաշնակցութիւնը:
Դաշնակցութիւնը վարդապետութիւն չէ, միայն հարազատ հոգեբանական արդիւնք մը` հայութեան ձգտումներու: Հայութիւնն ունի երկու տաբեր ձգտումներ եւ Դաշնակցութիւնն ալ, իր խորքին մէջ, ունի երկուութիւն, որուն կ’ուզէ վերջ տալ:
Հայ ժողովուրդին համար, անհատը հիմք է մարդկութեան եւ յառաջադիմութեան, ատոր համար ալ Դաշնակցութիւնը դէմ է ոչ միայն բոլոր բռնակալ իշխանութեանց, այլ նաեւ բոլոր այն կուսակցութիւններուն, որոնք, ինչպէս օրինակ, օրթոտոքս մաքսիսիտները, կը ժխտեն անհատի արժէքը եւ կ’ուզեն կազմակերպել ամէնքը մէկ կաղապարի մէջ:
Հայ ժողովուրդին համար, ընտանիքը սուրբ տաճար մըն է, կռուան մը անհատներու համախմբման եւ ընկերային ու ազգային միութեան: Ատոր համար ալ Դաշնակցութիւնը ո՛չ միայն նահապետական հայ ընտանիքի աւանդութեանց պահպանողն է, այլեւ ինքը մի կուսակցական ընտանիք է` կազմուած նոյն նահապետական կարգերով:
Ընտանիքներու հաւաքածոն ազգութիւնն է, ազգութեան բնագաւառը` հայերնիքը: Հակառակ բռնատէր պետութեանց այն գաղափարին, թէ պետութեան հպատակութեան սահմաններէն դուրս չկայ ոչ ազգային եւ աչ ալ հայրենիքի գաղափար, հակառակ ներկայ ընկերվարական հոսանքներու այն տեսակէտին, թէ ազգային գաղափարը կրօնքներու նման հակայեղափոխական, հակայառաջադիմական նախապաշարում մըն է եւ միայն դասակարգային գիտակցութիւնն է իրականը, Դաշնակցութիւնը իրական կը համարէ ազգութիւնը եւ հայրենիքը, ինչպէս որ իրական` կենդանիներու եւ բոյսերու տարբեր սեռերը, որոնց ներդաշնակ եւ համընթաց զարգացման մէջ կը գտնէ ան յառաջադիմութեան եւ պէսպիսութեան գրաւականը: Ատիկա անխուսափելի բարիք մըն է մարդկութեան խաղաղութեան եւ յառաջադիմութեան համար: Հիմքին մէջ, Դաշնակցութիւնը կը տանի դէպի ազգերու անկախութիւնը, «բարենորոգումներու եւ ֆետերասիոնի» նշանաբաններու տակ: Ան կ’ուզէ մեղմել թուրք, ռուս հարուածը, բայց աւելի ինք իրան կը խաբէ: Թշնամին ատիկա կը տեսնէ, եւ ատոր համար ալ իր հարուածը կը կեդրոնացնէ Դաշնակցութեան դէմ, իբր անջատականի: Այդպէս կը տեսնեն սոցիալիստ մարքսիսիտները եւ ատոր համար ալ անոնք եւս դէմ են մեզի, եթէ անգամ մենք լինինք ընկերվարական: Ձախ եւ աջ խմբակցութիւններու այդ միացումը մեր դէմ իր արդարացուցիչ պատճառներն ունի, տրուած լինելով, որ մեր ձգտումն է անկախ ազգերու դաշնակցութեամբ երթալ դէպի համամարդկային ներդաշնակութիւն, իսկ անոնց ձգտումն է, ընդհակառակն, անկախ ազգերու սահմաններու բռնաբարումով եւ կամ ազգային իղձերու ոչնչացումով ստեղծել միատարր զանգուած մը եւ այդ ձեւով հասնիլ ներդաշնակութեան»:
Ալեոշան կը զգար ինքզինք տիրապետող, քանի որ ես կը լափէի անոր մտքերը, որոնք ինձ համար, մեծ մասամբ, նորութիւններ էին:
«Հիմնական հարց մը եւս եւ ամէն ինչ պարզ կը լինի: Վաղը երբ շփում ունենաս դուրսի կամ մեր շրջանակին հետ, անմիջապէս հարցում կը կը դրուի քու առջեւ. «Մենք ընկերվարակա՞ն ենք թէ ոչ»: Ատոր պատասխանը դրական է, քանի որ հայ ժողովուրդը 70 առ հարիւր կամ ընչազուրկ բանուոր կամ հողազուրկ գիւղացի է, իսկ մնացածն ալ բռնի հալածուած գաղթականներ են, որոնք, կեանքի պայքարին մէջ չպարտուելու համար, դարձած են մանր եւ խոշոր առեւտրականներ, արհեստաւորներ ու ազատ ասպարէզի մարդիկ: Բայց մենք իւրատեսակ ընկերվարականներ ենք, ինչպէս կրօնական տեսակէտէ իւրատեսակ դաւանանք ունինք: Ռուս ընկերվարականներու չափ կրնանք դէմ լինել բռնակալ ռեժիմին, որ կը ճնշէ մեծամասնութիւն կազմող դասը, բայց մենք եթէ կ’ուզես, անոնցմէ աւելի հակառակ ենք այդ ռեժիմին, որովհետեւ մենք հալածուած ենք նաեւ իբր հայ, որովհետեւ այդ ռեժիմը դէմ է մեր ազգային գոյութեան: Ռուս ընկերվար հոսանքները, ելակէտ ունենալով Մարքսի թէորան, իրենց նպատակ չեն ըրած ազգերու ազատգրումը: Ընդհակառակն, ազգային ձգտումը անոնք կը համարեն յետադիմական նախապաշարում մը: Արդ, խորքին մէջ նման ընկերվարութիւն մը տարբերութիւն չունի ցարական ռեժիմէն: Ըստ էութեան, անիկա կու գայ բարեփոխելու ցարական ռեժիմը, անոր նոր կենսունակութիւն եւ նոր ոյժ տալու, որպէսզի յենուելով մեծամասնութեան եւ ոչ թէ փոքրամասնութեան վրայ, իր աշխարհածաւալութիւնը աւելի ներգործօն դարձնէ, որպէսզի բոլոր ազգերը կարողանայ լուծել ռուսական ծովին մէջ եւ որպէսզի հաստատէ գերակայութիւնը ստորին դասի, փոխանակ վերին դասի: Ասիկա ոչ բարեշրջում է, ոչ ալ յեղափոխութիւն, այլ լոկ իշխանութեան փոփոխութիւն: Մենք նման ընկերվարականներու հետ կրնանք ուղեկից լինել մինչեւ ցարական ռեժիմի տապալումը, բայց բնաւ ցանկալի չէ անոնց հետագայի տիրապետութիւնը, տրուած լինելով որ ռեժիմը կը մնայ նոյնը, միայն իր հագուստը փոխած: Անոնք գիտակից կամ անգիտակից աջակիցներ են անհատի ազատութեան, ժողովրդապետութեան, ազգերու ոչնչացման, դահիճներու մենատիրութեան եւ յառաջապահները` աշխարհածաւալութեան: Մենք անձի եւ ազգի անհատականութեան հետ կը կապենք ընկերվար կարգերու հաստատումը. Մեզի համար, առանց անհատի եւ անոր հայրենիքի ազատութեան` չի կարող լինել ոչ ընկերվարութիւն եւ ոչ ալ մարդկութիւն, մինչդեռ անոնց համար անբան գրաստ լինելն է նախապայման, որ մարդկութիւնը դառնայ մեղուանման կամ մրջիւնանման աշխատանոց մը: Մենք կ’ուզենք որ աշխատանոցը մեզի ծառայէ, անոնք կ’ուզեն որ մենք ծառայենք աշխատանոցին: Ահա ասոնք են այն հիմնական գիծերը, որոնք, սակայն, շատերու համար անհասկնալի են, եւ այդ պատճառով ալ մենք կանգնած ենք ներկայիս շատ ծանր ու փափուկ կացութեան մը առջեւ: Ատիկա պիտի տեսնես այս փոքրիկ քաղաքին մէջ, եւ դուն ալ պիտի հարկադրուիս փորձութեան ենթարկուիլ, ինչպէս ես ենթարկուեցի քանիցս: Այստեղի փորձութիւնները սաղմնային են, բայց կրնան տարածուիլ եւ պատճառ դառնալ մեր կուսակցութեան մէջ ճեղքուածքներ առաջացնելուն ու զայն չափով մը քայքայելուն, եթէ չբարձրացուի մեր կուսակցութեան գիտակցութիւնը:

Շար . 122



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝