Յայտարարութիւն

Friday, August 13, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -125- Ռուբէն

Այս խօսակցութեան ներկայ էր Սմբատի հետ միասին նաեւ մեր լաւ ընկերներէն Քէմիրեանը: Ոգեւորաւորուած ան դիմեց վրացիներուն, ըսելով.
- Յեղափոխականը այսպէս կ’ընէ, ինչպէս կը թելադրէ ընկեր Ալեոշան, իսկ ձեզ կը մնայ կամ ասպարէզէն քաշուիլ եւ կամ յեղափոխականի վայել ճանապարհ բռնել: Մեզ արգիլուած է կուսակցականօրէն ձեզի հետ ըլլալ, բայց անձնապէս ես ձեզի հետ կ’ըլլամ, եթէ յեղափոխական ճանապարհը բռնէք, Ալեոշայի թելադրութեանց համաձայն»:
«Գոգաշվիլին, Ջապարիցէի անունով, անցած է արտաքսուած բանուորներու գլուխը: Կամ ներս պիտի մտնեն գործարան, կ’ըսէ ան, աշխատելու, կամ գործարանը պիտի կանգ առնէ եւ փճանայ: Շուրջ 500 բանուորներու ամբոխ մը` զինուած քարերով եւ փայտերով պաշարեր են գործարանը: Գործարանը օգնական զօրք կ’ուզէ, որ երբ վրայ կը հասնի, կը քարկոծուի բանուորներու կողմէ: Մեր Քէմիրեանը կը մասնակցի ցոյցին եւ իր կողքին կանգնած Գոգոյի յարձակումը կը սաստկացնէ: Զօրքը կրակ կը բանայ եւ 40 հոգի գետին կը տապալին: Ամբոխը կը ցրուի, շատերը կը ձերբակալուին, որոնց կարգին մեր Քէմիրեանը եւ Գոգոն:
«Այս դէպքը, որուն ականատես եղայ, կ’ըսէր Ալեոշան, խորտակեց ոչ միայն բանուորներու կեանքը այլ նաեւ տակն ու վրայ ըրաւ իմ միտքերն ու հոգիիս ամբողջականութիւնը: Ես եկայ այն համոզման, որ ժողովուրդ մը, եթէ ազգային անհատականութիւն ունի, բայց չունի իր անկախութիւնը, չի կրնար համամարդկային ընկերվարութիւնը իրեն իբրեւ իտէալ ունենալ: Պաթումի մէջ ձեռք բերած փորձառութիւնս ցոյց կու տայ, որ առանց անկախ, ազատ լինելու չենք կարող լրիւ ոյժերով ծառայել ընկերութեան: Ուրեմն աստիճանաւորման կարիքը կայ ազգային եւ ընկերվարական իտէալներու մէջ: Նախ`ազգային հարցին լուծումը եւ յետոյ միայն ընկերվարութիւնը: Երբ բռնակալութեան տակ գտնուող ազգի մը հոգին վիրաւորուած է, անոր սրտէն չի խօսիր իր մարմնի կամ գրպանի վիրաւորումը: Ազգերու ազատութեան միջոցով միայն կարելի կ’ըլլայ հասնիլ ընկերվարութեան, իսկ ճնշուած եւ անազատ ազգերը պիտի չընթանան իրենց լրիւ ոյժով ընկերվարութեան ճամբով, եթէ չեն ուզեր ձախողիլ կամ այլասերման ենթարկուիլ: Կամոյի օրինակը` ատոր ապացոյց: Կամոն պարզ եւ բիւրեղ մարդ մըն էր եւ չէր գիտեր, թէ որքա՜ն կապուած էր մեր ջան ֆետայիներուն հետ: Քանի մը տարի առաջ ան կ’ուզէր Ասլանի, Խեչոյի եւ միւսներու հետ Երկիր անցնիլ: Վերջը ինկաւ Սոցեալ-Դեմոկրատներու ճանկը, տարուեց ընկերվարական գաղափարներով եւ այժմ ան կորած է մեզի համար: Կամ մեր Քէմիրեանը, որ Պաթումի բանուորութեան հերոսը դարձաւ, պարզ թիւրիմացութեամբ եւ իր դաշնակցականի թասիբը Գոգաշվիլիի առջեւ պահելու համար, գիտե՞ս ի՛նչ պատահեցաւ անոր: Ցոյցէն (Բոլշեւիկները ներկայիս կը պարծին, որ Ստալինը կազմակերպեր է այս գործադուլը եւ ամէն տարի կը տօնեն անոր տարեդարձը Ա.Խ.) յետոյ զայն բանտարկեցին Գոգաշվիլիի հետ միասին եւ միայն Սմբատի դիմումներուն շնորհիւ կրցաւ ազատիլ աքսորէն ու բանտէն: Բայց մեր այդ ընեկրը դուրս եկաւ բանտէն, բոլորովին փոխուած էր: Անցեալները, ես, Ազարիկը եւ Թիֆլիսէն եկած ուսանող մը կը խօսէինք Քէմիրեանի հետ: Ան կ’ըսէր. «Անկեղծ ըսած, մենք կը նմանինք այն որսորդին, որ հրացանը ձեռին, վայրի բադերու վրայ չի կրակեր եւ կը սպասէ սագերու գալուն: Սագերը, սակայն, չեն գար եւ ան տուն կը դառնայ ձեռնունայն: Հոս աշխատաւոր դասը կը տառապի, կապիտալիստը, ցարը մեր դիմացն են, չենք զարներ եւ «Երկիր, Երկիր» կ’ըսենք ու պարապ կը մնանք:
Ուսանողը տուաւ անոր պատասխանը.
- Չէ՛, մենք պարապ չենք մնար, բայց խնդիրն այն է, որ մենք մէկ ենք, իսկ մեր ցաւը` երկուք: Ես իմ ճամբան գտած եմ, Երկրի մէջ ես Դաշնակցական եմ եւ անոր համար պատրաստ եմ մեռնելու, իսկ այստեղ եւ մանաւանդ Ռուսիոյ մէջ` մենք պիտի լինինք ռուս յեղափոխութեան հետ:
«Երբ ես սկսայ վիճիլ անոնց հետ, ինծի օգնութեան հասաւ Ազարիկը.
- Ծօ, ի՛նչ էք ջուրը լեցրել սանտի մէջ եւ կը ծեծէք: Ջուրը, ինչպէս կը տեսնեմ, չի պնդցել, բայց դուք, մանաւանդ Քէմիրեանը` բանտը նստելէն ետքը, ինքը ջրցել է: Ըսենք թէ ձմեռ է, տան պատուհանները, դռները ջարդած են, տանիքը փլած, քամին կը փչէ եւ ձիւնը ներս կու գայ, երեխաները ցուրտէն կը սառին, ծնողները ձեռնոց եւ գուլպայ գնելու մասի՞ն պիտի մտածեն, թէ առաջին հերթին պիտի վազեն դռները շինելու եւ տանիքը ծածկելու: Մեր տունը` հայրենիքը փլած է եւ պիտի նախ տուն մը շինենք: Այդ ալ խօ՞սք է, որ կ’ըսեն թէ բանուորական գործը մեզ չի հետաքրքրեր: Շատ կը հետաքրքրէ, բայց ամէն բան իր կարգին: Տունը շինելն է ամենէն առաջինը եւ տան մէջն ալ պորտաբոյծ պիտի չլինի: Ողջիլը թոնրան մէջ կը թօթուենք որ ազատինք: Այդ պորտաբոյծերն ալ ոջիլի կը նմանին, որ պիտի թօթուենք թոնրի մէջ: Ատոր համար, սակայն, նախ եւ առաջ մե՛ր թոնիրը պիտի ունենանք եւ ոչ թէ ռուսի, կամ վրացու: Հասկցա՞ք ըսածս:
«Երբ Ազարիկը իր իր գիւղացիի դատողութեամբ վերջ տուած էր տարակարծութեանց, ներս մտաւ կապուտաչեայ Բաբերդցի Սիմոնը, մէկը մեր ընկերներէն որ դաժան էր եւ կոպիտ, գռեհկութեան աստիճան, որովհետեւ ան չափէն աւելի անկեղծ էր: Անոր աշխարհահայացքը նեղ էր եւ ատոր համար ալ ան մոլեռանդ էր: Ես զայն չափած էի, բայց մեր խօսակիցները զայն կը դատէին իր խօսքերէն, չկռահելով, որ անոր խօսքը իրը չէր, այլ իր համաքաղաքացի Միհրանինը, զոր կը սիրէր եւ կը յարգէր: Ներս մտնելուն պէս, ան դիմեց Ազարիկին.
- Ազարի՛կ, էս բիջերուն հետ ի՞նչ գործ ունիս: Լակոտները ելեր «սոցիա՞լ» կը խաղցնեն: Ծօ՛, շան լակոտ Քէմիրեան, եթէ դուն բիջ չես, եթէ քու արիւնը հայու արիւն է, ինչո՞ւ չես թափեր Երկրին համար եւ կ’երթաս թափելու Ռոչիլտի թամբալ (ծոյլ) բանուորներուն համար:

Շար. 125



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝