Յայտարարութիւն

Monday, August 16, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 128 -Ռուբէն

Ալեոշան, որ շատ պատկերաւոր կը պատմէր իր տեսածները` եզրակացուց.
«Այստեղի խառնարանի մասին իմ տեսածները տակէն վրայէն քեզի բացատրեցի: Ես այդ բոլորի մասին անկեղծօրէն պատմած եմ ե՛ւ Համոյին եւ մի ճար խնդրած: Վաղը, քանի մը օրեր ետք անձամբ կը տեսնես այս հակադիր տարերը: Ամբողջականութիւնը, միութիւնը կը պահուի ոչ ինձմով, ոչ քեզմով, ոչ Կ.Կոմիտէով եւ, աւելին ըսեմ, ոչ ալ Բիւրոյով: Պատմածէս տեսար, որ միութեան օղակը Ազարիկներն են, որոնք առողջ են հոգիով եւ կանգնած են հաստատուն կերպով` երկու ոտքերով եւ ձեռնափայտով: Բայց կրնա՞ն Ազարիկները ընդմիշտ կապել Սիմոնները, որոնք կը սահին լպրծուն ճամբով դէպի նեղ հատուածականութիւն: Կրնա՞պահել Քէմիրը, զիս, քեզ, որ կը զգանք թէ՛ ազգային եւ թէ՛ ընկերային հարցերու կարեւորութիւնը: Շատերը արդէն կը սահին դէպի ապազգայնութիւն: Այս մտահոգութիւններն ալ պիտի ունենալ եւ պիտի առայժմս ոյժ տալ Ազարիկներու տեսութեանը, մինչեւ որ ան բիւրեղանայ եւ համոզում դառնայ թէ աջին եւ թէ ձախին:
«Շատ խօսեցայ, դու ամբողջ ժամանակ մտիկ կ’ընես: Կարծեմ թէ Համոյի բաղձանքը կատարեցի: Ըսածներս նկատի առ, եւ ըստ այնմ քու ճամբան գտիր»:
Ալեոշան իմ առաջին լուրջ դասատուն եղաւ: Կարծեմ այդ երեք ժամը ինձ երեք տարուան հասունութիւն տուաւ եւ նոր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւ:
Հանդիպումներ, խօսակցութիւններ կան, որոնք սկիզբը միայն խառն հետաքրքրութիւն կը պատճառեն եւ անցողակի կը թուին մեզի, բայց ժամանակի ընթացքին` կը բիւրեղանան եւ կը կազմաւորեն մեր միտքերը, ինչպէս վճիտ աղբիւրը, որ կը հոսի ժայռի վրայով, ճեղքուածքներ կը բանայ անոր մէջ եւ ի վերջոյ զայն կը քայքայէ ու նոր կերպարանք մը կու տայ: Ալեոշայի դասը, զոր տուաւ ինծի, եղաւ իմ ամբողջ կեանքին մէջ այն աղբիւրը, որ քայքայեց եղածը եւ կազմաւորեց նորը:
Ո՞վ էի ես Ալեոշայի համար, որ իր գաղափարներու սերմերը ցանեց իմ հոգիի մէջ: Անծանօթ մը միայն, որովհետեւ ան չհարցուց նոյնիսկ իմ ով ըլլալը (ես կեղծ անունով կ’ապրէի Պաթումի մէջ. անունս Վարդան էր, իսկ ազգանունս մոռցած եմ): Իմ մասիս այն միայն գիտէր, որ Համոյի ուղարկածն եմ եւ ատիկա կը բաւէր որպէսզի անվերապահ լինէր ինձ հանդէպ:
Իսկ ո՞վ էր ինքը` Ալեոշան: Ես մինչեւ օրս չգիտեմ: Գուցէ ան ալ կեղծ անունով էր, այդ ակնոցաւոր, գեղեցիկ երիտասարդը, որուն դէմքի եւ աչքերու վրայ կը կարդացուէր իր ամբողջ հոգին: Ըստ երեւոյթին, ան պիտի լինէր Հիւսիսային Կովկասէն. ունէր համալսարանական նշան կրծքին:
Ո՞ւր ես, Ալեոշա, որ իմ արշալոյսին հանդիպեցար եւ իմ վերջալոյսին քեզ կը փնտռեմ: Կա՞ս թէ չկաս, ես լուր չունիմ: Գուցէ դու բաբերդցի Սիմոնի եւ Քէմիրի հակադրութիւններէն յոգնած` քաշուեցար ասպարէզէն, հանգչելու համար ընտանիքիդ մէջը: Գուցէ, ինչպէս կը նախատեսէիր, դուն ալ բաժնուեցար մեզմէ եւ հոսանքը գցեց քեզ ռուսական յեղափոխութեան մէջ եւ ձուլուեցար այնտեղ քեզ պէս միլիոնաւոր երիտասարդներու հետ: Գուցէ եւ այժմս դու կաս եւ ինծի թշնամի ես: Ինչ որ ալ ըլլայ, քու ցանած սերմերը ես կը պահպանեմ իմ մէջ:
Վերջ ի վերջոյ, մեր կերած հացի սերմն է կարեւորը եւ ոչ թէ անոր սերմնացանը:
Ալեոշան շուրջ կէս դար առաջ ըսաւ ու չքացաւ, առանց որ մէկ ուրիշը անոր մտքերը ընդհանրացնէր, բայց կեանքը եկաւ հաստատելու, որ անոր մտքերը մարգարէական էին: Եւ մարդիկ մինչեւ այսօր ալ կը վիճին այն մասին, թէ ազգային հարցի լուծման ճամբո՞վ պիտի գնալ դէպի ընկերվարութիւն, թէ ընկերվարութեան հաստատումով պիտի լուծուի ազգային հարցը: Եւ այսօր գերակշռողը առաջին կարծիքին է, որ կարծիքն էր Ալեոշայի: Անիկա կ’ըսէր, որ Դաշնակցութեան աջ ու ձախ թեւերը պիտի գոսանան եւ թափին: Եւ քանի մը տարի չանցած` աջէն ծագեցաւ Միհրանական շարժումը եւ Խաստուրի մարտիկները դարձան Դաշնակցութեան թշնամի, իսկ ձախէն բուսաւ Անջատականութիւնը եւ Լեւոն Աթաբէկեանները գացին օտարի շարքերը խտացնելու:
Ալեոշան կ’ըսէր, որ միութիւնը բարձր պիտի լինի դաւանական, կրօնական եւայլն խտրութիւններէն: Եւ, իրօք, այդ ճամբով գնաց Դաշնակցութիւնը, տրուած լինելով որ Ճիւազները եւ Հասան Չաւուշները անոր սիւները դարձան: Այդ ուղղութեամբ սակայն, դեռ շատ աշխատանք կայ ընելու, որպէսզի վերացուին այն նեղմիտ նախապաշարումները, որոնք դեռ կը թուլացնեն կատարուած ջանքերը:

Շար . 128


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝