Յայտարարութիւն

Tuesday, August 17, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 129 -Ռուբէն

Ալեոշան կ’ըսէր թէ լեզուներու տարբերութիւնն ալ պատճառ պիտի չի դառնայ ազգային միութեան քայքայման: Եւ իրօք Զաւրիեւներու (ռուսախօս) եւ Խաներու (թրքախօս) դերը Դաշնակցութեան մէջ ա՛յդ կ’ապացուցէ: Ո՞րն է սակայն, միջոցը կապելու օտարախօս հայերը ազգութեան հետ: Այդ միջոցը շարունակ կ’որոնուի, բայց հաստատուն ճամբան դեռ եւս չէ գտնուած:
Ալեոշան կ’ըսէր, որ առանց հայրենի հողի` ազգութիւն չկայ: Եւ իրօք, Դաշնակցութիւնը գնաց հայրենի հողի ազատման ուղղութեամբ եւ շատ սուղ զոհերով կարողացաւ հայրենի հողը մասամբ ազատել եւ ազգութիւն ամրացնել: Բայց ազգութեան եւ հայրենիքի ամրութիւնը թէական կը դառնայ, եթէ ազգութիւնը միակ եւ գերադաս տէրը չէ իր հայրենիքին, որովհետեւ հայրենիքի ու ազգութեան ամբողջականութիւնը նախապայման է անոր ամրութեան:
Ալեոշան կ’ըսէր, որ անկախութեան տիրացած ազգերու դաշնակցութիւնն է խաղաղութեան նախապայմանը եւ անիկա է որ կը տանի դէպի ընկերվարութիւն: Թէեւ հակառակ եղած փաստերուն, դեռ վաղաժամ է անտեսել Ալեոշայի այդ տեսութիւնը, բայց չէ կարելի անտեսել այն իրականութիւնը, որ Ռոստոմ-Եփրեմի ջանքերը Իրանի մէջ, Ակնունիի, Ռոստոմի եւ Երկրի գործիչներու ջանքերը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ` տուին այդ ուղղութեամբ վտիտ արդիւնքներ եւ անսահման վնաս: Միւս կողմէ, ընկերվար ու անկախ անուան տակ Ռուսիան, կամ Գերմանիան գացին Ստալինի ու Հիթլէրի բռնակալ եւ ազգաջինջ ու ընկերվարաջինջ ուղղութեամբ, դառնալով գերեզման ե՛ւ ազատութեան ե՛ւ տարրական իրաւունքներու: Ո՞ւր է ճամբան, այդ կարող է ասել փորձառութիւնը, իսկ Ալեոշայի դասատուութիւնը անհրաժեշտ եղած է ինձ այդ փորձառութեան հասնելու համար:

¢¢¢

1904 թ. երբ Բիւրոյի յանձնարարութեամբ երկրորդ անգամ Պաթում եկայ, ամէն ինչ փոխուած գտայ: Այդ թուականին Կ. Կոմիտէի անդամ էին Քրիստափորը, Սարիբէկ Յարութիւնեանը եւ ուրիշները: Ասոնք իմ մինչ այդ տեսածներու նման ղարաչուխալի մարդիկ չէին: Անոնք կը պատկանէին ինտելիկենցիայի կամ գարծարաններու կառավարիչներու դասին: Իբրեւ ազատ գործիչ ընկերներ կ’աշխատէին Պաթումի մէջ Պոլսեցի Տիրանը, որ Ֆրանտ երիտասարդ մը եւ քաղցրաբարոյ գործիչ մըն էր եւ ուսանող Կրպոն: Այստեղ մեր կուսակցական շարքերը գլխաւորապէս բանուորներ էին, որոնց մեծ մասը տաճկահայեր, հաւաքուած ամէն կողմէ: Երկու հակադիր հոսանքներ կային այս քաղաքին մէջ: Տաճկահայերը եւ զինուորները կ’ապրէին զատ` Տաճկահայաստանի ու Երկրի կեանքով, եւ սրճարանները քլիւպ դարձուցած` շարունակ ժողովներ կ’ընէին եւ Երկրի մասին յուզումնալից խօսակցութիւններ կ’ունենային: «Ամէն ինչ յօգուտ Երկրի», այս էր անոնց նշանաբանը: Եւ սրճարաններու մէջ նստած, նարտ խաղալու ատեն տուրք կու տային յօգուտ Երկրի եւ սուրճի ֆինջաններու (գաւաթներու) շուրջը հաւաքուած` նուէրներ կը հաւաքէին յօգուտ զինուորներու: Ամէն մի շարժում, ամէն մի խօսք կռիւներու եւ Երկրի շուրջ կը դառնար: Այդ տրամադրութիւններու հետեւանք էին անոնց կազմակերպած զինուորական խումբերը, որոնք Արդուին-Արտանուշի վրայով կ’արշաւէին Միհրանի եւ Թռուցիկ-Գէորգի առաջնորդութեամբ դէպի սահմանամերձ շրջանները, եւ, կռիւներ տալով ու սպաննելով շատերը զօրքերէն ու դիմադրող ազգաբնակութենէն, կը վերադառնային ռուսական սահմանը: Այս ոգին, որ շատ ուժեղ էր, կը տիրապետէր այդ շրջանակի մէջ: Բայց ասոր կողքին կար նաեւ բանուորութիւնը, որ կը հետաքրքրուէր բանուորական շարժումով: Ասոնց համար դասախօսութիւններ կը կարդային անոնց կազարմաներու (հանրակացարաններու) մէջ Կրպոն եւ ուրիշ ընկերներ:
Ես ալ որպէս շրջիկ եւ այդ շրջանի գործիչ պէտք է, որ դասախօսութիւններ տայի, գլխաւորապէս երկու նիւթերու շուրջ` Տաճկահայաստանի հարց եւ բանուորական իրաւունքներու պաշտպանութիւն` ընդդէմ բուրժուազիայի շահատակութեանց: Բանուորութիւնը, ինչպէս ըսի, կ’ապրէր գլխաւորապէս տաճկահայ կեանքով եւ այդ երկրի ազատագրումը անոր համար ցանկալի իտէալ մըն էր: Այդ նպատակի համար ան չէր զլանար բերելու իր նիւթական օժանդակութիւնը, որ կը կատարուէր ամսավճարներու եւ նուէրներու ձեւով: Ինչպէս որ աղքատ որբեւայրի մը չէր խնայեր իր վերջին կոպէկը գցել գանձանակը Եօթվէրքի պատկերի առջեւ (Ալեքսանդրապոլ), այնպէս ալ ասոնք չէին զլանար իրենց բերանի պատառէն բաժին հանել Տաճկահայաստանի համար: Այդ բաժինը, պիտի ըսել, այնպէս լիառատ չէր, ինչպէս տաճկահայ շրջանակներունը: Բայց մեր կուսակցութեան մէջ կազմակերպուած այդ բանուոր դասակարգը չէր մոռնար նաեւ իր շահերը եւ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր բանուորական իրաւունքներու մասին կարդացուած դասախօսութիւններուն եւ պատրաստ էր քայլեր առնել իր շահերը պաշտպանելու եւ իր իրաւունքներուն տիրանալու համար:

Շար . 129


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝