Յայտարարութիւն

Thursday, August 19, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 130 - Ռուբէն

Տաճկահայութեան մի խոշոր մասը, երբ դեռ չկար Միհրանական շարժումը, կը բողոքէր բանուորութեան մէջ վերոյիշեալ ուղղութեամբ մեր կողմէ տարուող աշխատանքներու եւ Կովկասեան Նախագծի դէմ, ըսելով որ այդպէսով կը ջլատուին մեր ուժերը, կը թուլնայ թափը օգնելու տաճկահայերուն: Անոնք կը պնդէին, որ պիտի սեւեռել մեր ուժերը միմիայն Տաճկահայաստանի խնդրի վրայ: Հոսանքին գլուխ անցած էր բաբերդցի Սիմոնը, Առաքելը եւ մշեցի մի հարուստ, որ նոյնսիկ երկյարկանի տուն ունէր: Միւս հոսանքի մէջ, սակայն, չկար շեշտուած հակառակ կարծիք թէ պէտք է սեւեռել մեր ուշադրութիւնը միայն բանուորական խնդրի վրայ եւ երկրորդ կարգի վրայ դնել տաճկահայ դատը: Ատիկա այդպէս ըլլալով հանդերձ, վերը մատնանշած առաջին հոսանքի մարդիկ խորթ աչքով կը նայէին այն գործիչներուն, որոնք կը զբաղէին բանուորական հարցով եւ այս վերջինները իրենց դասախօսութիւններու մէջ հաւասարապէս կանգ կ’առնէին երկու նիւթերու վրայ ալ: Տաճկահայերի յիշեալ հատուածը անկեղծ չէր գտներ ատիկա եւ չէր ուզեր լսել մեր դասախօսները: Ինծի հանդէպ, սակայն, աւելի ներողամիտ էին եւ արժէք կու տային իմ մտքերուն, որովհետեւ գիտէին, որ ես նոր եկած եմ սահմանէն, որ ես Տաճկահայաստան գնալու թեկնածուներէն եմ եւ, որ գլխաւորն է, գիտէին որ այդ նպատակով կռուի մէջ ալ ինկած էի: Ինծի կը յաջողուէր այս վերջին փաստարկութեամբ համոզել ամենայամառները եւ զսպել անոնց գրգռումները:
Պաթումի շրջանը հարուստ էր եւ մեր կուսակցութեան դրամական եկամուտները առատ էին: Թէ՛ հարուստները, թէ՛ բանուորները եւ թէ տաճկահայկական հատուածին պատկանողները իրենց բաժին տուրքը եւ նուէրները կանոնաւոր կը վճարէին: Ընդհանուր ոգեւորութիւն կը տիրէր: Զոհաբերութեան պատրաստ էին նոյնիսկ տիկիններն ու օրիորդները, որոնք յաճախ երեկոյթներ ու ցերեկոյթներ կը կազմակերպէին եւ շօշափելի գումարներ կ’ապահովէին կուսակցութեան համար: Պէտք է ի նկատի ունենալ նաեւ այն, որ այդ շրջանը բաւական մեծ էր, առնելով իր մէջ Սեւ Ծովի ափերը: Թէեւ շրջանը հեռու էր մայր երկրէն, բայց շնորհիւ Դաշնակցութեան համատարած կազմակերպութեան` ան աւելի էր կապուած Կեդրոնին, քան թէ աւելի մօտիկ շրջանները:
Պաթումի Կ. Կոմիտէ մօտէն կը զբաղէր Երկրի վերաբերեալ գործերով, որոնց վրայ ան կեդրոնացուցած էր իր գլխաւոր ուշադրութիւնը: Կ. Կոմիտէի միջոցով կապ կը պահպանուէր Տրապիզոնի եւ Պոլսոյ հետ: Պաթումի կազմակերպութիւնը աչալուրջ կը հսկէր, որ ահաբեկուին հայկական կոտորածներու այն բոլոր հեղինակները, որոնք կ’անցնէին Պաթումէն կամ կ’երեւային Կոմիտէութեան շրջանին մէջ: Այդպիսիներէն էր Ք.ը, որու ետեւէն Պաթումէն կ’ուղարկուի տեռորիստ մը, որ սակայն, Սիմֆիրապոլի մէջ ինքզինքը կը սպաննէ:
Տեռորի դէպք մը եւս տեղի ունեցաւ Պաթում, իմ հոն եղած ատեն: Օր մը Մարտիրոս Մարգարեան (Սաֆօ) եկաւ Պաթում անծանօթ մարդու մը հետ, որ լրտես էր ռուս Կառավարութեան: Մարտիրոսը Պոլիս անցնելով, կը ձգէ Կ. Կոմիտէի տոմս մը, որով կը յանձնարարէ սպաննել այդ մարդը: Անծանօթը իջեւանած էր հիւրանոց մը, ուրկէ մտադիր էր քանի մը օրէն մեկնիլ: Ես գացի նոյն հիւրանոցը, սենեակ մը վարձեցի եւ ճաշի ատենը ծանօթացայ անոր հետ: Խոստացայ զինքը քաղաքը ման ածել եւ միաժամանակ Ախլաթցի Սարգիսին ըսի, որ հետեւի մեզ, եւ, երբ նշան կ’ընեմ, սպաննէ իմ հետի մարդը:
Գացինք միասին ծովափի պողոտան: Հոն նուագ կար եւ խուռն բազմութիւն մը կը զբօսնուր: Մենք խառնուեցանք այդ բազմութեան եւ սկսանք նոյնպէս զբօսնուլ: Յետ դարձայ եւ տեսայ, որ Սարգիսը մեզի կը հետեւի: Ես ուզեցի անոր նշանով մը հասկցնել որ ա՛յս է այն մարդը, զոր պիտի տեռորի ենթարկել: Բայց անպիտան Սարգիսը անմիջապէս մօտեցաւ մեզի եւ բազմութեան մէջ ատրճանակը դրաւ մարդուն ծոծրակին, մէկ հարուածով գետին փռեց զայն ու ինքն ալ, փախչող ժողովուրդի հետ խառնուելով, կորսուեցաւ: Ես նախ շուարեցայ այդ անսպասելի հարուածէն: Մի րոպէի չափ գամուած մնացի տեղս, բայց շուտով ուշքի գալով, ինքս ալ սկսայ փախչիլ: Ոստիկանները բոլոր անկիւններէն կը սուլէին եւ գնդակ կ’արձակէին, չեմ գիտեր որո՞ւ վրայ: Այդ գնդակներէն մէկուն վզզոցը կը լսեմ գլխիս վերը, բայց խառնուելով շուարած ամբոխին, կը ծլկիմ փողոցի անկիւնները ու կը մտնեմ սրճարան մը, ուրտեղ կը տեսնեմ, որ Սարգիսը հանգիստ նստած, սուրճ կը խմէ, կարծես ոչինչ պատահած չէ: Ես անոր ծանօթութիւն չեմ տար, ոչ մէկ խօսք կը խօսիմ հետը եւ լուռ դուրս կու գամ միւս դռնէն ու կ’երթամ ծանօթ մշեցիի մը տունը, եւ անոր ալ առանց որեւէ խօսք ըսելու կը պառկիմ հանգստանալու իմ յուզումները ծածկելու: Սուտ հիւանդ կը ձեւանամ այդտեղ մինչեւ միւս օրուան կէսօրէ ետքը, երբ հաստատ լուր կ’առնեմ, որ երկու վրացիներ ձերբակալուած են որպէս տեռորիստներ: Անոնց վրայ ատրճանակներ ալ բռնուած էին: Այդ լուրին վրայ կը յայտնեմ իմ տանտիրոջս իմ սուտ հիւանդ լինելուս պատճառը (արդէն սկսած էր կասկածիլ, որ ես անմասն չեմ այդ գործէն): Ամէն վտանգ անցած ըլլալով, միւս օրը ես կրկին կ’անցնիմ իմ գործին:
Շար. 130



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝