Յայտարարութիւն

Friday, August 20, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-131-Ռուբէն

Վերն ըսի, որ ինձ կը յաջողուէր հաշտեցնել Պաթումի կազմակերպութեան մէջ եղած երկու հոսանքները: Պատահեցաւ, սակայն դէպք մը, որ ծանր վիճակ ստեղծեց ինձ համար եւ այլեւս անկարելի դարձուց իմ հաշտարար դերը: Դէպքը հետեւեալն էր: Ես գացի Քութայիս անդամավճարները հաւաքելու եւ քանի մը հարուստներ ոգեւորելով` յաջողեցայ 8.000 ռուբլի գանձել ու բերել հետս Պաթում: Վերադարձիս կազմակերպեցի Մանթաշեւի գործարանի բանուորները եւ համոզեցի գործադուլ յայտարարել ու յաւելումներ պահանջել: Այդ խնդրի համար վրացիներու հետ եւս համաձայնութեան եկանք: Գործադուլը տեւեց ժամանակ մը եւ բանուորական դրամները սպառեցան: Բանուորները ինձմէ խնդրեցին փոխառութիւն տալ, մինչեւ գործի վախճանը, այսինքն մինչեւ որ յաջողէին ստիպել գործարանատէրը զիջելու եւ յաւելումներ ընելու: Ես առանց երկար բարակ մտածելու տուի անոնց 5.000 ռուբլի, իբրեւ փոխառութիւն Քութայիսէն բերած դրամներէն, որ պարտաւոր էի մուծել Կ. Կոմիտէի դրամարկղը եւ որ միայն Կոմիտէի որոշումով կարելի էր դուրս հանել: Ես այդ մասին բաւականացայ միայն Տիրանի ըսելով, եւ համաձայնեցանք որ հարցը չանցնի Կ. Կոմիտէի ժողովին, մանաւանդ որ անոր անդամներէն մէկը գործարանի կառավարիչն էր: Պիտի ըսեմ, որ առանց այդ ալ իմ դէմ արդէն դժգոհութիւն կար Կ. Կոմիտէի մէջ:
Չգիտեմ ինչպէս, բայց պրովոկացիա տարածուեց, որ Սասունի համար հաւաքուած դրամը կը բաժանեն բանուորներուն, եւ երբ, ըստ սովորութեան, ես կ’այցելեմ յետ ընկած սրճարանները, ինծի այդ օրը խոժոռ աչքով կը նային, իսկ Սիմոնը (բաբերդցի) բոլորի ներկայութեան կը դիմէ ինձ ու կ’ըսէ որ Սասունը ինկած է, դրամ ու փամփուշտ չլինելու պատճառով, իսկ դու այստեղ դրամները ասոր-անոր կը բաժնես: Գրգռուած` ինծի բռունցքներ ցոյց կու տան եւ կը սպառնան թիքա-թիքա (պատառ-պատառ) ընել:
Այդ ամենէն ես շատ կ’ազդուիմ, եւ յուսահատած թէ՛ Կ. Կոմիտէէն եւ թէ իմ այդ անյաջողութենէն, կը ձգեմ ամէն ինչ ու կ’երթամ կայարան եւ, գնացք նստելով, ճամբայ կ’իյնամ ուղիղ դէպի Թիֆլիս: Այլեւս չգիտցայ թէ ի՞նչ եղաւ 5000 ռուբլիի խնդիրը: Երեւի Կրպոն եւ Տիրանը հաշիւները փակեցին, յետ գանձելով բանուորներէն, որոնք կարծեմ յաջողութիւն ունեցան:
Գալով Թիֆլիս, յայտնեցի Մարմնին, որ Պաթումէն եկած եմ առանց իրաւունքի, առանց ոչ ոքի խօսք մը ըսելու, ստեղծուած անյարմար կացութեան հարկադրանքէն ստիպուած եւ կը խնդրեմ զիս ազատել Պաթումէն, տրուած ըլլալով որ վճռած եմ Երկիր անցնիլ:

Շար . 131



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝