Յայտարարութիւն

Tuesday, August 24, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-132- Ռուբէն

Այսօր կը սկսինք հրապարակել Ռուբէնի Յուշերու երկրորդ հատորը: Ինչպէս ասկէ առաջ յայտնած էինք մեր ընթերցողներուն, որ Ռուբէնի Յուշերը պարզ , չոր յուշագրութիւն չեն, այլ պատմական ժամանակամիջոցի մը վկայութիւն ՝ համեմուած Ռուբէնի յատուկ հիւմուրով եւ պատմուած ժողովրդային լեզուով՝ Ռուբէնին պաշտելի Հայ Ժողովուրդին համար:
«Նշանակ»
«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Բ. ՀԱՏՈՐ

Գլուխ Ա.

Սոխում- Սոչի գաղթականներու հարցով կը մեկնիմ Պարսկաստան. Կազմակերպական մեթոտները Պարսկասատանի մէջ. Ապակեդրոնացում.
Հայ-Ասորի համագործակցութիւնը. Յեղափոխական նպատակները. Մոսին հրացանը.
Ատրպատականի Կեդր. Կոմիտէութիւնը. Մշակութային, զինական եւ յարաբերական գործերը.
Սալմաստի եւ շրջաններու անցեալէն.
Դերենիկ վանքի կռիւները. Յաջորդական զինատար-Վարդան, Նիկոլի Դերիկ կռիւը, Պետոյի, Աւետիսեանի եւ Մարտիկի խումբերու նահատակութիւնը, Խանասորի արշաւանքը, անոր բարոյական եւ գործնական արժէքը. Շարոն. Մահլամ գիւղի դէպքը. Գործունէութիւնը 1899էն 1904

Դեռեւս իմ Պաթում եղած ժամանակ, Սուխում-Սոչիի մօտաւորապէս 30.000-40.000 հայ գաղթականներու հարցն էր բարձրացած: Անոնք կամ պիտի ընդունէին կամ պիտի թողէին ու հեռանային Ռուսաստանէն եւ երթային հաստատուիլ ուր որ կ’ուզէին: Գաղթականները երեք պատճառներով չէին ուզեր ընդունիլ ռուսերու առաջարկը: Նախ, կապաուած էին իրենց հայրենիք Տրապիզոնի նահանգին եւ օր աւուր կը սպասէին վերադառնալու երկիր, մինչդեռ ռուսահպատակութիւն ընդունելով, կը կարծէին, որ ատիկա այլեւս անկարելի պիտի ըլլար: Երկրորդ, չէին ուզեր զինուորական եւ այլ պարտականութիւններ կատարել: Վերջապէս, ուժեղ փրոփականտ մը կար մեր կողմէ, եւ ես ալ ջերմ կողմնակից էի այն տեսակէտին որ մեր ժողովուրդը պէտք չէ որ վերջնականապէս կապուէր Հայաստանէն կտրուած այս հեռաւոր նահանգներուն: Եւ ժողովուրդը պատրաստ էր թողուլ այդ շրջանները եւ անցնիլ Տաճկահայաստան կամ Պարսկաստան: Ահա այդ գաղթականները, նոր հայրենիք փնտռելու համար, ընտրած էին զիս եւ ծխախոտի եւ հողի եօթ մասնագէտներ` Ճանիկ էֆենտիի գլխաւորութեամբ, որպէսզի կարգադրենք այդ հարցը:
Ես, որպէս Պարսկաստան գտնուած մէկը, ամենէն շատ կը պնդէի որ անոնք գնան հաստատուիլ Պարսկաստան:
Արդէն հոն եղած ժամանակ, շարունակ կը մտածէի, թէ որքա՜ն լաւ պիտի լինէր եւ որքա՜ն դիւրութեամբ պիտի լուծուէր մեր խնդիրը, եթէ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառները հայերէ դատարկուած չլինէին: Մենք հոն պիտի ամուր բազա մը ունենայինք Վասպուրականի հետ կապուելու: Այդ կարգի ծրագիրները նոր չէին, դեռեւս 90ական թուականներուն անոնք գոյութիւն ունէին: Մեր կարգ մը գործիչները երազած էին Դերիկ վանքի ամբողջ շրջակայքը (ուղիղ սահմանը) եւ այնտեղէն ալ դէպի Կոթուր ու մինչեւ Մակու 40.000 ժողովուրդ լեցնել: Իմ տեսակէտները, ուրեմն, պատմութիւն ունէին, եւ կը բաժանուէին մեր այն ժամանակուան թէ՛ կուսակցական ու հասարակական գործիչներու եւ թէ Բիւրոյի կողմէ:
Թիֆլիս ժողով մը տեղի ունեցաւ «Մշակ» թերթի խմբագիր Համբարձում Առաքելեանի մօտ: Ժողովին հարաւիրուած էին հասարակական ամէն կարգի գործիչներ: Որոշում տրուեցաւ, որ ես առաջնորդեմ պատգամաւորութիւնը դէպի Պարսկաստան: Ճանապարհի դժուարութիւններ կային եւ Ճանիկ էֆենտին, որ փափկասուն մարդ մըն էր, ամբողջ գործը ձգեց ինձ վրայ եւ ինքը զանազան պատրուակներով ետ վերադարձաւ: Ես կը զինուիմ զանազան վկայականներով, զորս կ’առնեմ Համբարձում Առաքելեանէն, Կուսակցութենէն, Կաթողիկոսէն, Առաջնորդարանէն, Պարսկաստանի ազգային հիմնարկութենէն, նաեւ կառավարութենէն: Միեւնոյն ատեն կը յայտնեմ Բիւրոյին, որ եթէ այս գործը չյաջողեցաւ, Երկիր պիտի անցնիմ եւ կ’առնեմ յանձնարարական նաեւ Երկրի ընկերներու վրայ: Ստանալով Խրիմեան Հայրիկի օրհնութիւնը ու յանձնարարականները, աշնան դէմ ճամբայ կ’ելլեմ դէպի Ջուլֆա եւ կը հասնիմ Նախավկայի Վանքը, որ Ջուլֆային շատ մօտ է:

Շար.132



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝