Յայտարարութիւն

Wednesday, August 25, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 133 - Ռուբէն

Նախավկայի Վանքը ինկած է Արաքսի ափին մէն-մինակ, շրջապատուած թուրք գիւղերով. իր կողքին ունի հայաբնակ գիւղ մը` Դարաշամբը: Դեռ 90ական թուականներէն սկսած այդ հինաւուրց վանքը եւ գիւղը կ’օգտագործուէին յեղափոխական նպատակներով, տրուած ըլլալով որ այդտեղէն փոխադրական ճանապարհ կը բացուէր Անդրկովկասէն դէպի Թաւրիզ, Խոյ, Սալմաստ եւ Թադէոս Առաքեալի վանքը:
Իմ ցանկութիւնս այն էր, որ գաղթողներու ներկայացուցիչները համաձայնէին, որ ժողովուրդը բնակէր Նախավկայ-Խոյ եւ Խոյ-Թադէոս Առաքեալ ճանապարհներու վրայ գտնուող գիւղերը, որոնցմէ շատերուն խաները (տէրերը) մեծ ուրախութեամբ պիտի դիւրացնէին այդ վերաբնակութիւնը: Դժբախտաբար, ներկայացուցիչները կլիմայական պայմանները եւ հողի տեսակը չհաւնեցան, ըսելով որ ծխախոտի ցանքերու համար անյարմար է այդ շրջանը:
Այնուհետեւ մենք կ’անցնինք Թաւիրզ, ուր ես կը ներկայանամ իմ յանձնարարականներով Դաշնակցութեան Կ. Կոմիտէին, Համբարձում Առաքելեանի նամակով` Նազարբէկին, որ թաջիր-բաշի (վաճառականներու պետ) էր եւ այս վերջինիս միջոցաւ վալիադին, այսինքն թագաժառանգին, որ այդ ատենը Մեհմէտ Ալին էր: Ամէնքն ալ շահագրգռուած են գաղտականութեան Պարսկաստան գալու խնդրով, թէեւ իւրաքանչիւրը տարբեր տեսակէտներով: Կ. Կոմիտէին դրդապատճառը պարզ էր: Վալիադը, որ հաստափոր, մսագործի արտաքինով մարդ մըն էր (ես հիասթափուած էի, որ Շահերը այդպիսի մարդիկ կարող են լինել) շահագրգռուած էր ունենալ աշխատասէր ժողովուրդ մը, որ հակակշիռ ըլլար քիւրտերու դէմ, որոնք շարունակ կ’անհանգստացնէին զինքը: Ան ուրախութեամբ ընդառաջ գնաց իմ առաջարկին եւ տուաւ յանձնարարականներ Խոյի, Ուրմիոյ եւ Սալմաստի կառավարիչներու վրայ, հրամայելով ամէն կարգի օժանդակութիւն ցոյց տալ ինծի: Իսկ Նազարբէկը կը յուսար իր սեփականութիւնը կազմող գիւղերը բնակեցնել հայերով եւ իր հողերէն բաւարար շահ մը ստանալ: Քիւրտերը եւ թուրքերը, որոնք կը բնակէին անոր գիւղերուն մէջ, այնքանալ ձեռնտու չէին:
Այսպէսով, ընտրութեան համար ասպարէզը բաց էր մեր առջեւ: Բայց, անշուշտ, միտք չունէր բնակեցնել մեր ժողովուրդը ոչ Սոչտաղ եւ ոչ ալ նոյնիսկ Ուրմիա: Այդ վայրերը որեւէ առաւելութիւն չէին ներկայացներ Սուխումի եւ Սոչիի նկատմամաբ, տրուած ըլլալով որ անոնք նոյնպէս հեռու էին հայկական կեդրոններէն եւ այդ գաղթականները նոյնպէս պիտի մատնուէին կորստեան: Կը մնար, ուրեմն, Սալմաստը, որ ամէն բանով յարմար էր եթէ արգելառիթ այլ հանգամանքներ չլինէին:
Զինուած նոյն յանձնարարականներով, կ’երթանք Սալմաստ: Գաղթել ցանկացողներու ներկայացուցիչները կը հաւնին Սալմաստի հողին ջրին: Այդտեղէն կ’երթանք դէպի Դերիկի, Ճատալի, Սալանի սահմանները, եւ այդ տեղերն ալ ամէն բան լաւ կը գտնեն: Անոնք կանգ չեն առներ նաեւ քիւրտերու դէմ պայքարելու դժուարութեան առջեւ, որովհետեւ վստահութիւն ունին իրենց ժողովրդի ռազմունակութեան վրայ: Բայց յանկարծ մէջտեղ կու գայ անակնկալ արգելք մը: Օսմանեան հիւպատոսը արդէն հոտն առած է մեր ձեռնարկին: Ան հարցումներ կ’ընէ պարսիկ կառավարութեան եւ միւս կողմէ լուրեր կը տարաձայնէ ամէնուրեք, թէ հայեր եկած են որպէսզի բոլոր քիւրտերը դուրս քշեն իրենց տեղերէն եւ իրնեք նստին այդտեղ: Շուտով մեզի համար պարզուեցաւ, որ սխալած էինք մեր հաշիւներուն մէջ, որ պարսիկ կառավարութիւնը այնքան թոյլ է որ պիտի չկարողանայ որեւէ դրական օժանդակութիւն ցոյց տալ մեզի եւ անկարող է դիմադրել տաճկական միջամտութեանց ու լարած էնտրիկներուն: Եթէ անգամ գաղթականները հոն բերէինք ու բնակեցնէինք, հակառակ տաճիկներու, անոնք այդ տեղը շարունակական պատերազմի վայր պիտի դարձնէին եւ եթէ չյաջողէին քիւրտերու միջոցով, միջամտութիւնը պիտի կատարէին իրենց ուժերով: Ստիպուած կը հրաժարինք բազա ստեղծելու ծրագրէն: Իմ ընկեր ներկայացուցիչները կը վերադառնան Կովկաս, իսկ ես կը մնամ Սալմաստ, իրագործելու Երկիր անցնելու իմ ծրագիրը:
Սալմաստ մնացի մէկ երկու ամիս իբրեւ շրջիկ: Պտտեցայ գիւղերը եւ ծանօթացայ ժողովուրդին ու կուսակցական կազմակերպութեան: Այդտեղէն անցայ Թաւրիզ, ուր նոյնպէս մի երկու ամիս աշխատեցայ, որպէս Կ. Կոմիտէի գարծավար: Բայց ինձ չէր ոգեւորեր այդ շրջանի միապաղաղ եւ տաղտուկ գործունէութիւնը, ուստի կը վճռեմ ձգել ամէն ինչ եւ անցնիլ Երկիր:
Շար.133



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝