Յայտարարութիւն

Friday, August 27, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 134 -Ռուբէն

Բայց նախքան իմ Երկիր անցնելու պատմութիւնն ընելը, ծանօթացնենք Պարսկաստանի մէջ կիրակրուող կազմակերպութեան մեթոտին եւ այնտեղ տարուող կուսակցական գործունէութեան (Այստեղէն կը սկսի Ռուբէնի կողմէ վերամշակուած հատուած մը: Ա.Խ.):
Օր մը Խոյի մէջ, 1904ին, Նիկոլ զիս կը խրատէր.
- Յեղափոխութիւն չկայ, երբ նրա համար պատճառ ու նպատակ չկայ: Պատճառն ու նպատակը անարժէք բաներ են, երբ նրանք իրագործելու յամար ոյժ եւ կազմակերպութիւն չկայ: Ոյժն ու կազմակերպութիւնը վճռական են, եթէ նրանք հարազատ պատկերն են յեղափոխութեան նպատակներու եւ ժողովրդի շահերու: Այս մասին ես հաւաս (փափաք) չունիմ քեզ բացատրելու. երբ դու պատահիս Յովնանին, Քոթոթին (Ռոստոմ), նրանք քեզի կ’ըսեն
Կարիք չկար զանոնք տեսնելու, քանի որ անոնց գործելու հետքերը նշմարելի էին: 1904 թուէն շատ առաջները, Վանի մէջ ծնուած Արմենական կուսակցութիւնը, ուռժացած եւ իր սահմաններէն ելած, տարածուեր էր Պարսկաստանի մէջ: Անոր վրայ աւելցեր էր ե՛ւ Հնչակեան կուսակցութիւնը: Այս կուսակցութեան աչքառու դէմքեր` Խան-Ազատ, Ներսէս, Աւետիսեան, Փարամազ եւ այլք իրենց այցելութիւններով գրաւած էին հրապարակը եւ ժողովուրդին հարազատ դարձած: Ըստ երեւոյթին նորածին Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար գործելու եւ տեղ գտնելու ասպարէզ պիտի չգտնուէր: Սակայն ողջ Պարսկաստանի մէջ մենատիրութեան հասնող գերակայութիւն ձեռք բերեց Դաշնակցութիւնը շնորհիւ Ռոստոմի, որ գողթնեցի լինելով` ծանօթ էր այդ երկրին եւ շնորհիւ Յովնան Դաւթեանին, որ ղարատաղցի (Պարսկաստան) էր, Շուշի կրթուած:
Դաշնակցութեան այս երկու հիմնադիրներու մասին շատ քիչ բան գիտենք եւ մեր գիտցածն ալ ընդհանուր խօսքեր են: Յովնանին հազիւ անունը գիտենք, թէեւ անոր եւ Ռոստոմի կազմած ծրագիրն ու կանոնագիրը Աւետարանի պէս անգիր գիտենք: Այս տարօրինակ հիմնադիրները ուրուականների պէս կ’երեւային Պարսկաստանի տարբեր վայրերու մէջ եւ յետոյ կը կորսուէին: Հրապարակ չէին ելլեր եւ ոչ կը քարոզէին, ոչ կը վիճէին եւ ոչ ալ կը գրէին: Միայն թէ` ուր որ անոնք կ’այցելէին, իրենց ետեւէն կեանքը կ’եռար, Դաշնակցութեան նորաստեղծ կազմակերպութիւն մը առաջ կու գար եւ Արմենական ու Հնչակեան կուսակցութիւնները կը հալէին, կը չքանային գարնան ձիւներուն նման: Պատճառը այդ արագ եւ շշմեցուցիչ յաջողութեան, այդ տարօրինակ վարպետներու գործին ու մեր նպատակներուն մօտենալու ձեւին մէջն էր:
«Մենք կաթողիկոս չենք, որ քարոզիչ, վարդապետ, տէրտէր ունենանք: Մենք կառավարութիւն չունինք, որ պարտադիր օրէնքներ տանք: Մեր մէջ ոչ աղա, ոչ ծառայ կայ, որ հրաման եւ պարտադրութիւն սպասենք: Մենք` բոլորս հաւասար ենք, առանց սեռի, տարիքի, դաւանանքի, դասի, ծառայութեանց եւ զոհողութեանց խտրութեան: Մենք այս Դաշնակցութեան ծրագիրը, որ քանի մը էջ է, կարդացինք եւ հաւատացեալ դարձանք: Դուք մեզմէ աւելի ուսումով եւ խելացի, կը խնդրենք կարդաք եւ եթէ սխալ է, մեզ տարհամոզէք, իսկ եթէ ճիշդ է, դարձէք մեզի պէս հաւատացեալ ու մեզ այդ մասին տեղեկացուցէք: Այս ալ կանոնագիր է, որ ցրուած է հաւատացեալներուն` եղբայրութիւն մը, ոյժ մը, կազմելու համար: Արդ` մենք կեդրոն չունինք, դուք էք բուն ղեկավարը: Մենք չունինք ոչ թագաւոր, ոչ իշխանութիւն, ոչ հեղինակութիւն, ոչ միջամտութիւն: Այդ բոլորի դերը ձեզի կը պատկանի: Մենք չունինք իւրաքանչիւր վայրի համար գործունէութեան պարտադիր նախագիծ: Այդ կախուած է ձեզմէ եւ ձեր նախաձեռնութենէն: Դո՛ւք պէտք է որոշէք ձեր ընելիքները տեղի պայմաններուն համաձայն: Մենք չունինք նիւթական, ֆիզիքական եւ այլ պարտադիր ձեւեր: Այդ որոշողը ձեր եղբայրութիւնը պէտք է լինի: Քանի որ այս բոլորը ձեզ կը վերաբերի եւ դուք անկախ էք, ձեր տուած որոշումները ձեզի համար պարտադիր պէտք է լինեն, իսկ մեզի համար` անխախտելի օրէնք: Միայն մէկ բան պարտադիր է` ընդունիլ յեղափոխականներու ծրագիրը եւ կանոնագիրը անփոփոխ, ընդունիլ կամովին եւ ուխտել անոնց հաւատարիմ մնալ»...
Այս անվերապահ վստահութիւնը հանդէպ ուխտեալներու, այս ապակեդրոն ձեւը սպաննիչ էին հեղինակութեանց հմայքի վրայ յենուած կեդրոնաձիգ կուսակցութեանց համար, ինչպէս էին Արմենականութիւնը եւ Հնչակեանութիւնը: Դաշնակցութիւնը իր կազմի անդամներուն բոլոր մասերով կը շնչէր ու կը մտածէր, եւ իբր հետեւանք ատոր, սունկի պէս կը բուսնէին դաշնակցական կորիզները ինքնաբերաբար, իրենց բազմատեսակ ձեռնարկներով, դպրոցներով, զինական գործարաններով եւն...: Փաստօրէն Բիւրոն մթկ գործ ունէր ընելիք միայն, այն է` կապել տարբեր վայրերու կորիզները իրարու հետ եւ անոնց նախաձեռնութիւնները մէկ հունի մէջ բերել:
Այդ ձեւի կազմակերպութիւնը պարտական ենք ամենէն առաջ Յովնանին եւ յետոյ Ռոստոմին: Եւ ասիկա կը տանէր նախաձեռնութեան, յաղթութեան եւ գաղափարների տարածման:
Կազմակերպական այս ձեւը չէր տաներ անիշխանութեան, այլ իշխանութեան ապակեդրոնացման: Այդ ապակեդրոն մարմինները «Մասնաճիւղեր» չէին, այլ փաստօրէն անկախ միաւորներ` իրարու միացած Դաշնակցութեամբ եւ անոր ընդհանուր նպատակներով: Եւ ասիկա սպաննիչ եղաւ միւս կազմակերպութեան հզօրացման ու ծաւալման:
Կեդրոնաձիգ Հնչակեան կուսակցութիւնը արագօրէն տեղի կու տար ապակեդրոն նորածին Դաշնակցութեան առջեւ: Արմենական կուսակցութիւնը, Դաշնակցութեան երեւնալուն պէս, հալեցաւ անոր մէջ: «Մարդասիրական» հրացանները, որոնք արդէն Վանի փոքրաթիւ դաշնակցականներու գործածութեան առարկայ էին դարձած, իրենց վրայ դրոշմուած Դաշնակցութեան զինանշանով, զայն կը դարձնէին խորհրդաւոր եւ առասպելական:
Շար.134



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝