Յայտարարութիւն

Sunday, August 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 135 - Ռուբէն

Թադէոս Առաքեալի փոխադրական գիծը եւ մանաւանդ Դերիկը, որ այնքա՜ն մօտ էր սահմանին, դաշնակցականներու կռուի առասպելական պատմութիւնները բերնէ բերան կը տարածուէին եւ սքանչանք կը պատճառէին: Արդէն Սեւքարեցի Սաքոյի սազի ձայնը կը լսէին Վասպուրականի մէջ, որ ապահոված էր Վանի ճամբաները: Վանը այնքա՜ն մօտիկ էր դարձած Պարսկաստանին, որ Չուխի կամ Բողազ Քեասանի վրայով մէկ գիշերուան մէջ կարելի էր հասնիլ Հայոց Ձոր կամ Արչակի շրջանները, ուրկէ Վան հասնիլը ջրի ճամբայ է:

Տարիներ յետոյ, 1909ին երբ Ժընեւի մէջ ծանօթացայ Յովնան Դաւթեանին, ան եւ իր հայացած կինը` Հորտանս, կը տառապէին թոքախտէ: Յիշեցի Նիկոլի պատուէրը եւ հարցուցի Յովնանին մեր նպատակներու եւ կանոնագրի մասին:
- Ի՞նչ ասեմ քեզ: Մէկ խօսքով ասեմ, որ առանց ֆետերասիոնի ոչ մեր երկիրը եւ ոչ մեր ժողովուրդը կը փրկուին: Ես բան չեմ արել, միայն տեսածս եմ ըմբռնել: Մեր կանոնագիրը պատկեր է ֆետերասիոնի իրականացման: Եթէ աւելի ուզում ես հասկանալ, եկած ես Զուիցերիա, շուրջդ նայէ եւ դու կը համոզուես: Խաժակը եկաւ եւ համոզուեցաւ:

Նիկոլի ըսածին համաձայն, այս հիւանդ մարդը եւ Քոթոթը (Ռոստոմ), 1890 թուականներէն սկսած, ներշնչում կ’ընէին ու ոչ թէ ճառ կը խօսէին: «Մենք հայ ենք, բայց մեր հայութիւնը պիտի չպարտադրենք: Բոլոր ազգերու ազատութեան, անկախութեան կողմանկից ենք: Թշնամի ենք բոլոր անոնց, որոնք կը բռնաբարեն ազգերու իրաւունքները: Ռուսիան եւ Թուրքիան մանր ազգերու սպանդանոց են կամ բանտ, ատոր համար այդ երկուսի թշնամին պէտք է լինենք: Բոլոր ճնշուած ազգերը մեր եղբայրներն են, լինին անոնք հայ, եզիտի, ասորի, հրեայ, քիւրտ կամ արաբ: Անոնց ազատութիւնը քաղաքակրթութեան, խաղաղութեան ազդակ է: Անոնց եղբայրութիւնը եւ իրարու հետ դաշնակցութիւնը` բռնակալութեան կործանման ազդակ»:
Այս ներշնչումները, զորս կ’ընէին Ռոստոմն ու Յովնանը, օդին մէջ պարապի խօսքեր չէին մնար: Անոնք արձագանգ կը գտնէին առաջին սերունդի հոգիներուն մէջ: Ատոր համար էր, որ մեր առաջին մարտական խումբի ղեկավարը դարձաւ ուտիացի Կուկունեանը, իսկ անոր իբր զինուոր` ուրմիացի հրեայ մը, որուն անունը մոռցած եմ: Ատոր համար էր, որ դէպի Երկիր գացողներուն եւ իրենց արիւնը չխնայողներուն մէջ կային քիւրտեր Մստոյի եւ Աւտոյի նման եւ կային ասորիներ Գրէի եւ Սահակի նման: Այս ներշնչման արդիւնքն էր, որ թաթար Բաղըր եւ Սաթթար խաներ դաշնակցեցան Նիկոլ Դումանին եւ Քեռիին հետ, իսկ Բախտիար պարսիկները` Եփրեմին հետը: Ատոր համար էր, որ բուռ մը հայեր Ռոստոմի շունչին տակը նոր ռեժիմի թթխմոր դարձան Պարսկաստանի մէջ, հակառակ ռուս կայսրութեան, հակառակ իշխող տարրերուն եւ, ուրախութիւն պատճառելով անոնց` որոնք ազատ ժողովրդավար կարգեր կ’ուզէին եւ կողմնակից էին Պարսկաստանի ազատութեան եւ յառաջդիմութեան:
Անոնք կ’ըսէին. «Մենք Լուսաւորչական ենք եւ մեր աւանդութիւններն ունինք: Այդ` մեր խղճի գործն է եւ չենք ուզեր, որ մէկը միջամտէ մեր խղճի գործին: Բայց մենք ալ խառնուելու չենք ուրիշներու խղճի գործին: Բոլոր կրօնները, դաւանանքները, մէջն առնելով եւ անկրօնութիւնը, խղճի մխիթարութիւններ են, ուրեմն այդ սփոփանքի մէջ թող ազատ լինին: Մենք շահագործուած ազգ եւ դասակարգ ենք: Մեր շահն է լինել շահագործուողներու հետ եւ հակառակ լինել շահագործողներու»:
Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ Նիկոլ Դումանը եւ Վարդանը, երբ ինկան Սալմաստ եւ հոն գտան բժիշկներ, ինչպէս ե՛ւ այլ կրթութեամբ մարդիկ, նոյնիսկ ճարտարապետ Տիգրան Բեգլարիչը, զարմացած կ’ըսէին.
- Այս ի՞նչ էք դարձուցել «համշարիների» երկիրը: Ամէն բան արել, վերջացուցել էք այստեղ:
Իսկ ես ակամայ կը բացականչեմ. - «600 տարիներ անցած են այդ հին օրերէն: Փոխանակ 60 քայլ առաջ գնալու, արդեօ՞ք 60 քայլ յետ չենք գնացել Յովհանէն ու Ռոստոմէն եւ այդ օրերէն»:
Շար.135



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝