Յայտարարութիւն

Wednesday, August 25, 2010

ՈՒՂԵՊԱՏՈՒՄ - 18 000 ՄՂՈՆ

Ա. Սիրվարդին կը հանդիպինք

Ռուանտա երթալու առաջարկը անակնկալ մըն էր:
1973 թուականն էր:
Գանատան պիտի օգնէր ափրիկեան այս գուցէ ամենէն փոքր բայց ապահովաբար ամենէն աղքատ երկրին, որ ամբողջ նոր համալիրով մը օժտուի իր համալսարանը, մանաւանդ որ գանատացի կրօնաւոր մըն էր, հայր Լեւէքը,որ հիմնած էր զայն:
Առաջին հարցումս եղաւ՝ ինչո՞ւ ես: Կնոջս յղութեան վերջին ամիսներն էին, կը սպասէինք մեր երկրորդ զաւակին:

- Ամենէն աւելի դուն կը հասկնաս այդ նիւթէն, - ըսաւ Մարկ՝ մեր երկու գործատէրերէն մին: - Անտրէն ալ )միւս գործատէրը( պիտի գայ հետդ, բայց քանի որ առաւելաբար դո՛ւն պիտի աշխատիս այս գործին վրայ, կ՚արժէ որ երթաս, տեսնես երկիրը, ճանչնաս միջավայրն ու մարդիկը:

Ինչ խօսք, կարելի չէր մերժել նման առաջարկ: Անմիջապէս գործի անցանք: Զարմացայ ինչպէս, հարկը լուծեց օրէնքը, եւ երկու օրուան մէջ ունեցայ առաջին գանատական անցագիրս: Յետոյ, նոյնքան արագ՝ մուտքի վիզաները, պատուաստները, որոշ անհրաժեշտ գնումներ, որոնց կարգին՝ դեղերու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ հետս պիտի ընէր մինչեւ Ռուանտա՝ 18 000 մղոնի ի զուր երթուդարձ մը...

Ծագեցաւ Եգիպտոսէն ալ անցնելու գաղափարը: Անտրէն, ինչպէս նաեւ մեր խմբակին մաս կազմող երկու կրթական մասնագէտներ՝ Ժեռարն ու Վենսանը խանդավառուեցան Եգիպտոս այցելելու հեռանկարով, մանաւանդ որ իրենց կ'ընկերանար նախկին »եգիպտացի« մը:

Նոյեմբեր 29-ին, երեկոյեան 10:30-ին Մոնթրէալի հողէն բաժնուեցանք: Ուղեկիցներս զարմացան, որ ծնողքս եւ եղբայրս եկած էին զիս ճամբու դնելու:

- Ընտանեկան կապերու այդ ջերմութիւնը մենք կորսնցուցած ենք, ինչ լաւ, որ դուք կը պահէք տակաւին, - դիտել տուաւ Վենսան:

Օդին մէջ ծփացող պալատ մըն է Air Canada-ի այս հսկայ Boeing 747-ը, որ Փարիզ կը տանի մեզ:
Արեւելքէն արեւմուտք Ատլանտեանը կտրեր էի եօթ տարի առաջ: Այժմ առաջին թռիչքս էր արեւմուտքէն արեւելք՝ դէպի հին աշխարհը:

Առաջին պահու վախը փարատեցաւ: Ոչինչէն կը սկսի այդ վախը, օդանաւ ելլելէդ առաջ, ալիքի պէս կը ծաւալի, սակայն օդը բարձրանալէդ ետք կամաց կամաց կ՚անհետանայ: Ինչի՞ պիտի ծառայէ ան այլեւս. օդանաւին մէջ անզօր ես, միտքդ փոխել, վար իջնել չես կրնար:

- Վստահ եղիր, որ օդանաւին մէջ արկածի ենթարկուելու նուազ հաւանականութիւն ունիս քան ամեն օր տունէդ գործի ինքնաշարժով եկած այդ քառորդ ժամուանդ ընթացքին, - օդակայանը զիս կը փորձէր հանդարտեցնել
Մարկ:

Հիմա օդանաւը արդէն հորիզոնական դիրք է ընդունած, »Գօտիները կապեցէք« եւ »Ծխելը արգիլուած է« ազդանշանները մարած են, վերելքի յաւելեալ աղմուկն ալ չքացած:

Երկար գիշեր մը կայ մեր առջեւ, որոշած ենք օգտագործել ճամբորդութեան իւրաքանչիւր պահը՝ ծանօթանալու համար մեր աշխատանքի մանրամասնութիւններուն, յատկապէս համալսարանի կարիքներուն: Եւ հազիւ
սկսած ենք բանալ մեր թղթածրարները՝

- Շնորհաւոր տարեդարձ...

Թռիչքի վարիչն է, MaՏtre de vol, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել այս պարագային՝ սեղանապետը, որ շամփանիայի շիշ մը կը դնէ մեր առջեւ։ Կ'երեւի մեզմէ մէկը օդանաւ մտած ժամանակ, անոր ականջն ի վար սահեցուցեր էր, որ այսօր Անտրէին տարեդարձն է:

Ինչ որ աւելի ուրախանալի է ինծի համար՝ Սիրվարդի'ն կողմէ սպասարկուիլն է - ան ուղեկցորդուհի է, եւ այս գիշեր՝ մեր թռիչքին վրայ: Կը ներկայացնեմ զինք ուղեկիցներուս, որոնք կը զարմանան, որ այլապէս
աւելի անգլիախօս գանատական այս գծին վրայ իրենց հետ ֆրանսերէն խօսողը հայուհի' մըն է:

- Հիմա քեզի ընկալուչ կը բերեմ, դուն դրամ մի տար,- կ՚ըսէ Սիրվարդ քովէս անցած պահուն, եւ իրապէս քիչ ետք կը բերէ ականջին անցնելիք սարքը, որով ձայնասփիւռ կարելի է մտիկ ընել, նաեւ շարժանկարի ձայնը, եւ որ կ՚երեւի այն ատեն կը վարձուէր:

- Ասիկա կողմնակցութիւն է, - կը բողոքէ Վենսան:
- Բայց չէ՞ որ հայրենակից ենք...

Հայրենակիցներու իրարու օգնելու գաղափարը կը տպաւորէ գործակիցներս: Ասիկա առաջին բայց ոչ վերջին առիթը պիտի ըլլայ, որպէսզի նկատեն թէ ինչպէս արեւելքցիները, ծանօթ թէ անծանօթ, իրարու
օգնելու, իրարու գործը դիւրացնելու պատրաստ են:

Քիչ ետք Սիրվարդ պիտի վերադառնայ եւ շամփանիայի երկրորդ շիշ մը պիտի բերէ մեզի, այս մէկն ալ ի'ր նախաձեռնութեամբ:
Մինչ ես կը փորձեմ հետս բերած վաւերաթուղթերուն մէջ մտնել, ընկերներս հետզհետէ աւելի կը զուարթանան... Մէկ գաւաթը կը յաջորդէ միւսին, յետոյ ճաշի պահուն՝ գինի, ճաշէն ետք՝ »մարսեցուցիչ«, եւ
այլեւս գործի մասին ո՞վ կրնայ մտածել:

Ճաշէն ետք Սիրվարդ կը միանայ մեզի, կը խօսինք հինէն, նորէն, տունէն ու մեր սկաուտական օրերէն, ազգային կեանքէն՝ Գահիրէ թէ Մոնթրէալ:

Մեզի կը մատուցէ օդանաւի ընկերութեան յատուկ յուշատետրը, որպէսզի մեր տպաւորութիւնները գրենք;

- Շատ սիրեցի ներկայանալի կերպարանքդ, - կը գրէ Վենսան:
- Բանաստեղծութիւն մըն է ժպիտդ, - կը գրէ Ժեռար, որ մոռցայ ըսելու՝ կրօնաւոր ալ է։
- Անմոռանալի երեկոյ մը ունեցանք, - կը գրէ Անտրէ:
- Քեզմով հպարտ եմ, - կ՚աւելցնեմ ես հայերէն:
Սիրվարդ կ՚որոշէ ընկերութեան չտալ այս յուշատետրը ու իրե'ն պահել յիշատակ:
Անցած են թմրութեան երկար ժամեր: Հիմա դուրսը սկսած է արդէն լուսնալ - դէպի արեւելք ճամբորդել կը նշանակէ երթալ դէպի լոյս...
- Քսան վայրկեանէն Փարիզ:
Նաւապետն է յայտարարողը:
Լոյսերո՜ւ քաղաքը:


Բ. «Հայախօս» յոյնը եւ ուրիշներ

Կը հասնինք Փարիզ: Առաւօտեան 10-ն է:
Սիրվարդ՝ այդ թռիչքի մեր հիւրընկալուհին օդանաւի ելքին մեզի բարի ճանապարհ կը մաղթէ, իսկ ինծի կ՚ըսէ, որ մի մտահոգուիր, վերադառնալուս պէս կը հեռաձայնեմ տուն եւ լուր կու տամ Նազիկին:

- Ի՞նչ ըսաւ Սիրվարդը քեզի, - կը հետաքրքրուի Վենսան:
- Ըսաւ, որ կնոջս պիտի յայտնէ, որ ողջ առողջ Փարիզ հասած ենք:
- Կը տեսնէ՞ք, - կը դառնայ միւսներուն, - կը տեսնէ՞ք այս արեւելքցիները:

Մեր առնելիք թռիչքը փախցուցած ենք, բարեբախտաբար Աթենք գացող ուրիշ օդանաւ մը կայ. Olympic Airways ճամբայ պիտի ելլէ 10 վայրկեանէն: Օդակայանի շէնքի մէկ դռնէն կը մտնենք, միւսէն դուրս կու գանք շատ համակրելի ֆրանսուհիի մը առաջնորդութեամբ: Թռիչքը կ՚ուշացնեն, որպէսզի մեզ ալ առնեն, սակայն ճամպրուկները կէսօրէն ետք, ուրիշ օդանաւով պիտի ղրկուին:

Այս մէկը Boeing 707 մըն է, նման մեզ Գանատա տարած օդանաւին՝ տարիներ առաջ: Բերնէ բերան լեցուն է: Թէեւ կարճատեւ է թռիչքը, բայց ճաշի սպասարկութիւն մըն ալ ունինք:

Անցքին մէջ մէկը կ՚երթայ-կու գայ, ձեռքին՝ շամփանիայի շիշ մը: Իրեն ալ կ՚ըսենք, որ Անտրէին տարեդարձն է... յուսալով որ երէկ գիշերուան պէս, ինչպէս Air Canada-ի վրայ՝ այստեղ ալ մեզ կը շփացնեն...

Կը ծանօթանանք մարդուն հետ, կը տեղեկանանք, որ յոյն հօր եւ ֆրանսացի մօր զաւակ է, ծնած՝ Գահիրէ: Անմիջապէս մի քանի արաբերէն բառ կը փոխանակեմ հետը:

- Նորէ՞ն ծանօթ մը գտար, - կը կատակեն ընկերներս:

Յետոյ, երբոր անունս կու տամ, այս անգամ պարոնը ուղղակի հայերէնով կը հարցնէ.
- Ինչպէ՞ս ես, աղէ՞կ ես:
Ըստ երեւոյթին, Գահիրէ հայ դրացիներ ունեցած է: Olympic Airways-ի տնօրէններէն է, Փարիզի զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչները կը տանի Յունաստան, որպէսզի պայմանները ուսումնասիրեն:

Աթենք, երբ մաքսատան պաշտօնեային կը յայտնենք, որ Գանատայէն ենք, անցէ'ք, կ՚ըսէ, առանց որեւէ հարցում ուղղելու:

Ի՛նչ վստահութիւն:

Փոքր, կոկիկ օդակայան մըն է Աթենքինը: Ընդարձակ սրահ մը, մեծ պատուհաններով, ուրկէ առատօրէն ներս կը հասնին երկնքի կապոյտն ու արեւի ոսկին...

Կ՚ելլենք փողոց, ի՛նչ տաք է, նոյեմբերի այս վերջին օրը: Կը կանչենք թաքսի մը, ձեռքի պայուսակները կը դնենք ետեւի սնտուկին մէջ: Միւսները աւելի ուշ պիտի հասնին:

Վարորդը կÿըսէ թէ քառորդ ժամ միայն ունի, ժամը չորսին կը վերջացնէ աշխատանքի իր հերթը, եւ եթէ հասած չըլլանք մեր երթալիք տեղը, ստիպուած ենք ուրիշ կառք մը առնելու: Կը զարմանանք. աշխատանքի մեր
ըմբռնումին խորթ կը համեմատի արեւելքցիի այս չափանիշը սակայն գուցէ ի'րն է ճիշդը:

Կ՚իջնենք քաղաքի կեդրոնի հրապարակը՝ Սինտաղմա )Սահմանադրութիւն(: Շէնքերը Աղեքսանդրիան կը յիշեցնեն ինծի: Օդակայանէն մինչեւ հոս ալ շատ ծանօթ կը թուի ամբողջ ճամբան՝ նախկին եգիպտահայուս:
Ծեփուած ցած շէնքեր, կիսատ շինութիւններ, մայթերու անվերջանալի նորոգութիւններ, աւազ, փոշի: Բայց այս ամենը՝ առանց աղտոտութեան:

Կը փնտռենք Air-Zaire-ի գրասենեակը, որպէսզի հաստատենք մեր յաջորդ թռիչքը՝ երկու օրէն: Հեռու չէ, կը գտնենք, կը մտնենք, աչք մը կը նետենք մեր շուրջը: Հիւրընկալուհին ուրիշ յաճախորդի հետ կը խօսի, ապա
դառնալով մեզի՝

- Ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ ձեզի, - կը հարցնէ կատարեալ ֆրանսերէնով մը: Շեշտին մէջ, սակայն, ծանօթ երանգ մը կը բռնեմ՝ եգիպտացիի':

- Ուրտեղացի՞ էք, օրիորդ, - հարց կու տամ:
- Եգիպտո'ս ծնած եմ:
- Իսկ ի՞նչ ծագում ունիք, - կը պնդեմ:
- Հայրս յոյն է, մայրս հայ:
- Հայերէն կը խօսի՞ք:

Կը ժպտի, ու բացասական կերպով կը շարժէ գլուխը:
- Նորէ՞ն ծանօթ մը գտար, - կը կատակեն ընկերներս:
- Ոչ առաջինն է, ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ, վստա'հ եղէք...

Կ՚իմանանք որ թռիչքը ջնջուած է՝ քարիւղի այսպէս կոչուած տագնապին հետեւանքով, ցնոր տնօրինութիւն: Պէտք է առնել անոր յաջորդ օրը մեկնող Sabena-ն: Ուրիշ ճար չունինք, եթէ ոչ մէկ օր աւելի վայելել Աթենքը:

Կ՚երթանք պանդոկ, որ նախօրօք ապահովուած էր - Հիլթըն՝ ամերիկեան պաղ ճարտարապետութեամբ եւ անճաշակ ու շինծու յարդարանքներով: Քանի որ երկիրը չէինք ճանչնար, Մոնթրէալէն մեր որոշումը առնելու պահուն այդ ծանօթ անունը ապահովութիւն ներշնչած էր մեզի:

- Պիտի հանգստանանք, լուացուինք, ապա երթանք օդակայանէն մեր պայուսակները վերցնենք, անոնք, որ երէկ մեր թռիչքին վրայ չկրցան դրուիլ:
- Անկէ՞ ետք:
- Լա Փլաքա:
Այդ անունը բարեկամ մը տուած է Անտրէին: Անպայման պէտք է տեսնել:

Անկողին մտնելէ ետք կը զգամ յոգնութիւնս: Կռնակս կը ցաւի: Երկար ժամերու անշարժութիւնը, ետքն ալ ծանր ճամպրուկները իրենց գործը տեսած են...

Անտրէն անմիջապէս կը քնանայ, ես՝ աչքերս բաց կը հանգստանամ: Կը սպասեմ, որ արթննայ, որ մի քանի տեղ հեռաձայնեմ, ծանօթներու հետ կապերս վերահաստատեմ:


Գ. Փլաքա

Անպայման կ՚ուզեմ գտնել տիկ. Նաթալին, Գահիրէի մեր հին ծանօթը, անզուգական ընկեր՝ ողբ. Գաբրիէլ Լազեանի երկարամեայ կողակիցն ու գործակիցը: Հեռաձայնի թիւը որ ունիմ՝ փոխուած է, ու դիւրին չէ նոր թիւը
գտնել: Հեռախօսավարուհիէն կը խնդրեմ տայ Վազգէն Եսայեանի՝ »Ազատ օր«ի խմբագրին թիւը:

- Ատանկ անուն չկայ,- կ՚ըսէ:
- Ոեւէ հայու թիւ տուր,- կը խնդրեմ: Կու տայ Բժիշկ Յովհաննէսեանի մը թիւը: Կը դարձնեմ:
- Բարեւ ձեզ:
- Բարեւ:
- Մոնթրէալէն եկած եմ, հեռաձայնի կարգ մը թիւեր կը փնտռեմ, կրնա՞ք օգտակար ըլլալ:
- Վայրկեան մը,- կ'ըսէ,- ձեզի տամ հօրաքրոջս թիւը, ան ձեզի ամեն բան կ'ըսէ:
- Շնորհակալութիւն:
- Բարեւ տիկին, Մոնթրէալէն եկած եմ, կը փնտռեմ տիկ. Լազեանին թիւը, ունի՞ք արդեօք:
- Ինչո՞ւ չէ:
- Լաւ, »Ազատ օր«-ի՞նը:
- Խմբագրատանն ու տպարանինը. երկուքն ալ փորձեցէք:
- Առաջնորդարանի՞նը...
Բախտաւոր եմ. յետոյ կ՚իմանամ, որ ՀՕՄ-ուհիի մը հետ է, որ խօսած եմ:
- Տիկ. Լազեա՞ն:
- Այո, ո՞վ է,- ինծի այնքան ծանօթ ու սիրելի այդ յունական շեշտով ձայնն է. ընկհ. Նաթալին հելլէնուհի է:
Չի հաւատար:
- Դուն հոս ի՞նչ գործ ունիս, վա՛յ Վրէժ-Արմէն, վայ:
Կը ժամադրուիմ յաջորդ օրը հանդիպելու:
Կ՚ուղղուինք դէպի օդակայան՝ ուշացած ճամպրուկները վերցնելու: Թաքսիին մէջ Վենսան հարց կու տայ, որ գտա՞յ ուզած անձս:
- Այո, գտայ:
- Կարելի՞ է գիտնալ ո՛վ է:
- Տարիքոտ տիկին մըն է, մեր տան երէց բարեկամներէն:
- Եւ պիտի երթաս զի՞նք տեսնելու:
- Այո', ինչո՞ւ կը զարմանաս:
- Սքանչելի, անհաւատալի, երեք օր ունի Աթենքը պտտելու եւ ծանօթները կը փնտռէ ամենէն առաջ...

Շաբաթ մը առաջ զիուորական պետական հարուած տեղի ունեցած է այստեղ, հիմա՝ հետքը չկայ: Կը փորձենք խօսակցութիւն ստեղծել վարորդին հետ: Կը հարցնենք իրեն, որ գո՞հ է, որ Փափատոփուլոսը վար առին:

- Վար առին, ի՞նչ եղաւ,- կ՚ըսէ, կամ ըսել կ՚ուզէ մարդը իր չգիտցած անգլերէնով, ապա ըսածին միտք բանին հասկցնելու համար կ՚աւելցնէ, շապիկդ երբոր փոխես նոր մա՞րդ կ՚ըլլաս: Նորէն ամեն բան նոյնը պիտի ըլլայ,
կեանքը կը սղի, տուժողը մենք ենք:

Ճամպրուկները առանց դժուարութեան հասած են, ու մեզի կը սպասեն: Կը տանինք պանդոկ, ապա ուրիշ թաքսի մը կ՚առնենք ու կը հրամայենք, ֆրանսական գոյն մըն ալ տալով անունին՝

- Լա Փլաքա':
Այս անգամ վարորդը երիտասարդ մըն է, որ ըստ երեւոյթին կրկէսի մէջ աշխատած է, կամ կ՚ուզէ աշխատիլ... Փլաքան նեղ ու նեղլիկ փողոցներով թաղ մըն է, իսկ այնպէս արագ ու ոլորապտոյտ կը քշէ կառքը, որ կարծես մէկ
պատէն միւսին պիտի զարնուինք: Ի վերջոյ կը հասնինք տեղ մը, ուրկէ անդին կարելի չէ ինքնաշարժով յառաջանալ: Կ՚իջնենք:

Քով-քովի ճաշարաններ են, գիշերային զբօսավայրեր: Ժամը ութն է, տակաւին կանուխ է, մարդիկ կամաց կամաց կու գան:

Լաւ, հիմա՞: Եկանք մեզի թելադրուած վայրը, բայց յետո՞յ: Ո՞ւր մտնենք: Փողոցը, աւելի ճիշդ գռիհը, որուն երկու կողմի շէնքերուն կարծես մէկ անգամէն կրնաս դպչիլ եթէ թեւերդ լայն բանաս, տասնեակներով ճաշարաններ շարուած են քով-քովի: Ո՞րը ընտրել:

Կ՚որոշենք քիչ մը քալել, տեղ-տեղ մտնել-ելլել, քննել ապա ընտրել: Կը սկսինք առաջինէն, ուր մեր վարորդը մեզ իջեցուցած էր:

- Պարոն, այստեղ լաւագոյնն է, ներս հրամեցէք:

Ասիկա ճաշարանին առջեւ կանգնած մունետիկն է. ամեն քայլափոխի նման մարդիկ քեզ հազար հրաւէր կ՚ուղղեն՝ ներս հրապուրելու համար: Ակնարկ մը մուտքին, ու կը նկատենք »Bankamericard«-ի ու »American
Express«-ի պիտակները:

- Հոս զբօսաշրջիկներուն համար է,- կ՚ըսէ Անտրէ.- երթանք տեղ մը, որ հարազատօրէն յոյներունն է:

Կը շարունակենք ճեմել, քանի մը տեղ կը մտնենք, կ՚ելլենք, չենք կրնար որոշել: Միւս կողմէ՝ անօթի՛ ենք: Կը վերադառնանք առաջին վայրը, կը մտնենք, կը տեսնենք ճաշարանը պարապ է տակաւին. ժամը 8:30-ն է:

- Սխա՞լ ըրինք արդեօք: Ձեզի չըսի՞, հոս մարդ չի գար:

Յետոյ գիտցանք որ 9:30-10:00-էն ետք կը սկսին լեցուիլ այս զբօսավայրերը, իսկ մթնոլորտը կը տաքնայ կէս գիշերէն ետք:
Եւ անկէ ետք իւրաքանչիւր մտնող յաճախորդ զոյգին հետ Անտրէին սիրտը կը հանգստանայ:

Դուրս կու գանք կէս գիշերը անց, վայելելէ ետք յունական խոհանոցը, երաժշտութիւնն ու պարը: Կը մտածեմ, որ Յոյնը չի մեռնիր. փափատոփուլոսները կու գան ու կ՚անցնին, տնտեսական անձուկ վիճակը կը ստիպէ, որ շատեր ձգեն իրենց հայրենիքը ու գաղթեն, բայց քանի յունական երգն ու պարը կը շարունակեն ներշնչումի աղբիւր եւ ստեղծագործութեան կռուան հանդիսանալ՝ կÿապրի՛ յոյն ժողովուրդը:

Կը քալենք նեղ փողոցներով: Մունետիկները կը ջանան ամեն կերպ մեզ հրապուրել:
- Եկէք, տեսէք ինչ գեղուհիներ ունինք...
Այս ալ ուրիշ ապրանք կը ծախէ:
- Վրէժ, վստահ եղիր չեմ դաւաճաներ կնոջս, - կը հաւաստիացնէ Վենսան,- մի մտահոգուիր...


Դ. Սիսլեանները, հայերէնն ու Քեպէգը

Նախաճաշի կ՚իջնենք շատ ուշ, սակայն Անտրէն կ՚ուզէ նախ ֆիլմ գնել իր գամերային համար - կը յիշէ՞ք, այն ատեն տակաւին թուային (digital) այս լուսատուփիկները չկային...

Պանդոկին տակ Kodak-ի մեծ խանութ մը կը տեսնենք, ի՛նչ բախտ:

Աւելի մեծ բախտը՝ խանութին ճակտին գրուած է Սիսլեան եղբայրք: Իմ ճանչցածնե՞րս են արդեօք, Գահիրէի մեր տղաքը:

Կը մտնենք, Քրիստափորը կ՚ելլէ առջեւս, կ՚ողջագրուինք:

Գործակիցներս ապշած կը դիտեն, իրապէս ամեն տեղ մարդ ունիմ... Անմիջապէս բոլորս սուրճով, շաքարեղէնով կը հիւրասիրուինք:

Յետոյ, նախաճաշի սեղանին շուրջ կը յայտարարեմ. - կարգադրեցի, երկուշաբթի Փիրէ պիտի երթանք, Պէաթրիսին հետ խօսեցայ, Մոնթրէալէն են, այրեւկին հոս հաստատուած են: Երկուշաբթի իրենք մեզ պիտի պտտցնեն:
- Դուն եթէ չըլլայիր, ինչպէ՞ս պիտի կազմակերպէինք մեր պտոյտները, -Ժեռարն է խօսողը:
- Անտրէ, Վրէժին յաւելում պէտք ես տալ, - կը թելադրէ Վենսան:
- Սպասեցէք, դեռ մի քանի տեղ ալ պիտի խօսիմ, որպէսզի այստեղ մեր շրջագայութիւններուն ընթացքին միշտ մեզի օգնող ըլլայ:
- Օգնող, օգնել, նկատեցի որ միշտ կը գործածես այդ բառերը, արդեօք ինչո՞ւ իրարու օգնելու այսքան տրամադիր են արեւելքցիները:
- Վենսան, հաւանաբար որովհետեւ դրսեցիները միշտ դաւաճանած, շահագործած, հալածած են զիրենք, ուստի իրարու օգնելով կրցած են դիմանալ, վերապրիլ:
- Վրէժ, հայերէն կը խօսի՞ս դուն:
- Ի հարկէ:
- Ինչպէ՞ս սորված ես:
Կը բացատրեմ:
- Կը գոչծածե՞ս ալ:
- Ամե'ն օր:
- Աղջնակիդ հետ հայերէն կը խօսի՞ս:
- Մի'շտ:
- Իսկ ֆրանսերէ՞նը ինչպէս պիտի սորվի:
- Դպրո'ցը:
- Հայերէն գրել-կարդալ ալ պիտի սորվի՞:
- Անշո'ւշտ: Այս տարի արդէն ծաղկոց մը բացինք մեր եկեղեցւոյ կողքին, կ՚աշխատինք նաեւ ամենօրեայ վարժարան մը ունենալ, ուր Քեպէգի յայտագրէն զատ նաեւ հայ լեզու եւ մշակոյթ ալ սորվեցնենք:
- Եկեղեցի կը յաճախե՞ս. Մոնթրէալի հայերը եկեղեցի կու գա՞ն:
- Վրէժը եկեղեցիին շատ կապուած է, - կը վկայէ Անտրէ, որ տեսած է մեր եկեղեցւոյ նամակաթուղթին վրայ այն բազմաթիւ նամակները որ գրասենեակի քարտուղարուհիին մեքենագրել տուած եմ՝ ծաղկոցին ու դպրոցին
վերաբերեալ.

- Եկեղեցին մեզի համար Աստուծոյ տունը ըլլալէ առաջ մեր ինքնութեան պահպանման միջոցն է. դարե՜ր, երբ մեր պետութիւնը կորսնցուցած էինք, մեզ կանգուն պահող մէկ ազդակը եկեղեցին էր, միւսը՝ լեզուն: Ի դէպ,
կ՚առաջարկեմ որ փորձէք թուզի այս մրգանուշը, թարմ թուզ չէք կերած, վստահ եմ, շատ պիտի սիրէք:
Նախաճաշը կը շարունակենք. պահ մը մոռցեր էինք, որ ճաշի սեղանի մը շուրջ կը գտնուինք:

- Քեպէգի մէջ ալ եկեղեցին մեր մշակութային ինքնութիւնը պահողը եղած է, - դիտել կու տայ Վենսան, - բայց նաեւ մեզ ստրկութեան, ստրկամտութեան մատնողը, անոր համար ներկայիս ժողովուրդը այլեւս հեռացած է եկեղեցիէն:

- Դուք գոյատեւելու համար ունիք պետութիւն, պետական կառոյց, կը գտնուիք ձեր հողին վրայ, իսկ մենք ատոնցմէ զրկուած ենք: Գիտէ՞ք ինչ, երբեմն կը խնդամ երբ կը նայիմ ձեր նոր սերունդին վրայ. անհամբեր են,
կ՚ուզեն որ ամեն բան մէկ օրէն միւսը ըլլայ: Կը նկատեմ, որ մեր գրասենեակը գրեթէ ամեն մարդ փեքիստ է՝ Փարթի քեպէգուայի անդամ կամ համակիր: Եւ երբ առջի ամիս ընտրութիւնները դարձեալ շահեցան լիպերալները, Սերժը սեւ լաթ մը կախեց սեղանին առջեւ՝ սուգի նշան: Գացի իրեն ըսի, որ յեղափոխութիւնները տասնամեակներ կÿառնեն, երբեմն հարիւր տարի. պէտք չէ յուսահատիլ: Այն ուրիշ, որ ես կը կարծեմ Քեպէգի փրկութիւնը Գանատայէն անջատուելուն մէջ պիտի չըլլայ, այլ ամբողջ Գանատայի ընկերային կառուցուածքի փոփոխութեան մէջ, բայց ատիկա ուրիշ հարց է: )Վերյիշեցնեմ, 1973-ն է, տակաւին անկախութեան հանրաքուէներն ալ տեղի չեն ունեցած(:

Ապա կ՚աւելցնեմ.

- Այո, եկեղեցին մեզի համար շատ կարեւոր է, շատ մեծ արժէք է, բայց ոչ միայն կրօնական իմաստով: Յետոյ, մեր եկեղեցին շատ աւելի ժողովրդական կարգեր ունի, քան ձերը՝ Կաթողիկէ եկեղեցին: Գաղութիս գործերը կրօնականները չեն վարեր, ոչ միայն կրօնականները, այլ ունինք նաեւ աշխարհականներէ բաղկացած վարչական մարմիններ:

- Բաւական բան ունինք սորվելիք, - կ՚եզրակացնէ Վենսան:
- Եթէ չէք ուզեր ամբողջ ցերեկը հոս անցնել, շարժեցէ'ք, ժամը 11 եղաւ:
Ժեռարն է, որ ինքն իրեն կը խօսի:
Դուրսը սքանչելի արեգակ է:
Այս առաւօտ պիտի բաժնուինք իրարմէ: Պիտի չափենք-չափչփենք քաղաքին փողոցները, իրենք՝ զբօսաշրջիկ քաղաքն ու իր հրապոյները տեսնելու, ես՝ այցելու, հին ծանօթներ, բարեկամներ կամ տեղւոյն ազգային
հաստատութիւնները փնտռելու համար:

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-07-19, -26, -08-02, -09 )1620-1623(
)մանր սրբագրութիւններով(
)շարունակութիւնը յաջորդիւ(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝