Յայտարարութիւն

Monday, August 9, 2010

Մօնթէվիտէօ, 7 Օգոստոս 2010

Սիրելի Նշան,
Ատլանտեան Ովկիանոսի հարաւային այս հեռաւոր ափերէն բիւր ողջո՜յն եւ լաւագոյն մաղթանք։

Մեծ •գոհունակութիւն պատճառեց ինծի »Նշանակ« կայքէջիդ մէջ երկու պատմուածքներուս լոյս ընծայումը։ Աւելին՝ շատ յուզուեցայ կարդալով ծնողացս եւ ընդհանրապէս ընտանիքիս մասին ունեցած արտայայտութիւններդ, որոնք զեղուն էին անկեղծ զգացումներով, հարազատական ջերմութեամբ, •գորովալից վեհանձնութեամբ։ Ոչ ոք, հաւատա ինծի, ոչ ոք պիտի կրնար այդպիսի հիասքանչ տողեր •գրել լուսահոգի մայրիկիս մասին, ինչպէս որ դուն •գրեցիր, որով անոր անթառամ յիշատակին մեծագոյն յուշարձանը կանգնեցուցած եղար։ Յաւերժ օրհնութիւն եւ երախտիքի սրտագին խօսքեր կ՚առաքեմ քեզի։ Թող Աստուած լոյսերու մէջ պահէ նաեւ թանկագին եւ մեզի համար այնքա՜ն սիրելի ու յարգարժան ծնողացդ հոգիները։
Գրելու հոյակապ տաղանդ ունիս, կը մաղթեմ որ առիթ ունենաս նաեւ յաճախ արտադրելու, որպէսզի ճոխացնես մեր հոգիներն ու հայ •գրականութիւնը։
Կ՛ուղարկեմ քեզի եւս մի քանի •գրութիւն եւ փունջ մը բանաստեղծութիւններ կայքէջիդ մէջ հրապարակելու ցանկութեամբ։
Հարազատական զգացումներով՝
Յակոբ Արք. Գլնճեան
.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«..«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.
Սրբազան Հայր,


Քեզ ուրախացուցած ըլլալուս կողքին սրտի պարտքս տուած եղայ քու աննման ծնողքիդ, որոնք իրենց խոր ազդեցութիւնը ունեցած են իմ կազմաւորմանս մէջ իբր մարդ:Օրինակի համար, ընթերցասիրութիւնս կը պարտիմ Հօրդ, քեռայրիս՝ Եդուարդ Բատոյեանին , քրոջս՝ Սեդային եւ ծնողքիս: Այս «ուսուցիչներուս» առաջինը հայրիկդ է : Դուն փոքր էիր բայց վստահ եմ որ կը յիշես. տարիներ շարունակ, Քեսապի մռայլ ձմեռ օրերուն, Կիրակի կէսօրէ ետքերը ձեր տախտակամածին վրայ փռուած «տէօշէկ» ներուն՝ մեր փորերուն վրայ՝ մտիկ կ՜ընէինք իրեն յատուկ առոգանութեամբ կարդացուած պատմուածքները Ահարոնեանէն, Մալխասէն, Ռուբէնէն թէ Վրացեանէն ... ժամերով ես չէի ձանձրանար զինք մտիկ ընելէն: Յաճախ, ամօթ չըլլայ ըսելը, բնական պէտքս կը զսպէի որ յանկարծ , այո յանկարծ չփախցնէի էջ մը կամ կէս էջ եւ եղբայրներդ ինձմէ բառ մը աւելի մտիկ ըրած չըլլային :

Սիրելի Սրբազան, յուշերուս թելերը քակուելու սկսան , ինքզինքս զսպեմ այստեղ որ ընթերցողիս փափկանկատութիւնը չարաչար գործածած չըլլամ:

Շնորհակալութիւն ուղարկած գրութեանցդ համար: Այսօր կը կարդամ զանոնք ու յառաջիկայ քանի մը օրերուն կը հրապարակեմ:

Եղբայրական սիրով՝

Նշան Պասմաճեան






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝