Յայտարարութիւն

Tuesday, August 3, 2010

Առողջ ապրելու արուեստը - Գլխացաւը

Ամէն մարդ երբեմն գլխացաւէ կը տառապի:

Գլխացաւերը կը դասաւորուին հետեւեալ կերպով.- Գանկի յառաջամասին, գլուխի ետին, կողքին` մեղմ ցաւով եւ թէ խորքին` քրոնիք սաստիկ ցաւով (migraines): Այս ցաւերուն պատճառ կրնան ըլլալ հետեւեալ ախտանշանները.-
Anemia-ն, գլուխի ուռը, քրոնիք յոգնութիւնը, աչքի խնդիրները, ուտելիքները, ուտելիքի պատճառած allergy-ները, menus-ը, sinusitis-ը, կաթուածը (stroke) եւ այլն:
Նաեւ չորս տեսակ գլխացաւերը կը դասաւորուին հետեւեալ ձեւով.-
1. Ճնշիչ գլխացաւը (tension headaches) որ բութ եւ անդեղ է, գլխուն շուրջը ամրապնդուած կապի մը զգացումը կու տայ:
2. Sinus headaches (Քթի խորշերու բորբոքումի հետեւանքով) որ կը կապակցի ճակատի յառաջամասի ցաւին:
3. Cluster headache Աչքի շուրջ զգացուած սուր եւ նեղացնող ցաւ մը որուն կ’ընկերանայ քթի խառնումը ու շառագունած դիմագիծը:
Migraine-ը գլխուն խորքը կամ մէկ կողմի վրայ զգացուող ուժգին ցաւ մըն է:

Արդի բժշկութիւնը Tension headache-ը կը դարմանէ aspirin-ով, acetaminophen-ով կամ ibuprofen-ով, Sinus headache-ը կը դարմանեն antibiotic-ով, իսկ migraine-ը ալ աւելի զօրաւոր դեղերով ներառեալ caustic-steroid-ով, calcium channel blockers-ով կամ beta blockers-ով եւ կամ antidepressants-երով:
Հետեւեալ ախտանշանները գլխացաւի տեղի կու տան կամ գլխացաւի կարգ մը ախտանշաններ կը յառաջացնեն.- պնդութիւն, անմարսողութիւն, անկանոն դաշտան, յոգնութիւն, վզի եւ կռնակի ցաւ կամ ուսերու պրկում, hypoglycemia (Արեան շաքարի նուազում), գիրութիւն, անկանոն սրտի տրոփում, մսկոտութիւն, լիարդի գործունէութեան խանգարում, ներքնահոս գեղձերու խանգարում (disorders of the endocrine system): Աւշային անօթներու խանգարում (lymphatic system), emphysema (Շնչարգելութիւն), allergies (Դիւրազգայութիւն), աչքերու խնդիրներ (glaucoma, congestion), արեան գերճնշում, լսողութեան խանգարում, գլխապտոյտ, ջղագրգրութիւն, ընկճուածութիւն, բարկութիւն, գանգատ, դժգոհութիւն, մոռացկոտութիւն:
Գլխացաւի պատճառ կրնայ ըլլալ նաեւ անկշռոյթ սննդառութիւնը:
Ըստ բնական բժշկութեան, գլխացաւը կը յառաջանայ ուտելիքներու եւ խմիչքներու ծայրայեղութենէն: Stress-ը կամ պրկումը կը քաջալերեն գլխու ցաւը:
Գլխացաւեր որոնք գլուխի յառաջամասին, գլխու ետին, կողքերուն կամ խորքին` նայած իրենց դիրքին, յարաբերաբար ալ աւելի լարուածութենէ կը յառաջանան:
Ճակատի ցաւին պատճառ կը սեպուին չափազանցօրէն ընդլայնացող խմիչքներու, շաքարի, շոքոլայի, մեղրի եւ տարբեր անուշեղէններու, պտուղներու, պտուղի հիւթերու, գինիի, գարեջուրի, ալքոլի, aspirin-ի, յղութիւն արգիլող դեղերու սպառումը եւ տարբեր դարմանումներու: Այս ցաւը կը բաբախէ կամ սուրի պէս կը խոցէ եւ կամ պայթուցիկ կը դարնայ: Տաք օդը կը վատացնէ վիճակը:
Գլխուն ետեւի ցաւի պատճառ կրնան ըլլալ, պրկում յառաջացնող ուտելիքներու չափազանցումը ինչպէս` միս, հաւ, հաւկիթ, աղոտ պանիր, փուռի մէջ կարմրած ձուկեր եւ ծովային այլազան ուտելիքներ, նաեւ աղ եւ աղոտ ուտելիքներ, փուռի մէջ եփուած խմորեղէններ, ինչպէս հացը, cookie-ները, rice cake-ը ընդհանրապէս, այս տեսակ ցաւը բութ կ’ըլլայ: Կը զօրանայ ցուրտ միջավայրի մէջ:
Գլխու կողքերու ցաւի պատճառը առատ ձէթ եւ իւղալի ուտելիքներն են ու նաեւ այն ուտելիքները որոնք արգելք կ’ըլլան լեարդի եւ լեղուցի աշխատանքին:
Այս ցաւերը կրնան բութ կամ սուր ըլլալ:
Սուր գլխացաւերը յաճախ արդիւնք են չափազանցուած համեմներու օրինակ.- cayenne պղպեղը, մանանեխը (Mustard) գրգռիչները առաւել ալքոլը, սուրճը, անանուխի թէյը (mint) եւ peppermint-ի թէյը:
Բութ ցաւերու պատճառ կրնան ըլլալ ջուրի եւ ձէթի չափազանցութիւնը, որկրամոլութիւնը եւ այլ ուտելիքները որոնք դժուար կը մարսուին:
Աջ կողմին վրայ ծագող գլխացաւի արդիւնքն է կենդանական ուտելիքներու չափազանցութեան- Միս, հաւ, հաւկիթ, պանիր, կաթ եւ կաթի տարբեր արտադրութիւններ, աղոտ ուտելիքներ, փուռը եփած ալիւրի արտադրութիւններ եւ գրգռիչներ:
Գլխուն խորը պատահած ցաւի արդիւնքը` չափազանցուած կենդանական ուտելիքներն են որոնք բարձր են protein-ով եւ իւղով, մանաւանդ աղուած միսը (բաստրմա), խաւեար, աղուած ձուկ, հաւկիթ:
Պաղ ուտելիքներու ու խմիչքներու չափազանց սպառումը պաղպաղակ, հում ձէթ, ալքոլ, դեղեր, հանքային նիւթեր եւ կենսանիւթեր կրնան գլխու ցաւի տեղի տալ:
Բնական բժշկութիւնը կը թելադրէ սպառել զանազան բանջարեղէններ բացի գետնախնձորէն, լոլիկէն եւ avocado-էն:
Մարմնին օգնելու համար ատեն մը խուսափիլ միսէն, մսեղէններէն, ձուկէն եւ ծովային ուտելիքներէն: Խուսափիլ պտուղներէն, (Երբ պտուղի խիստ տենչը զգացուի, փոխարինել եփուած պտուղով կամ չորցած պտուղով):
Խուսափիլ պիստակեղէններէն որոնք բարձրաքանակ իւղ կը պարունակեն: Աղը չափաւորել, ուշ գիշերին չուտել ու ուտելիքները շատ լաւ ծամել:
Կարգ մը գլխացաւերէն կարելի է շուտ ձերբազատուիլ տնային բնական դեղեր օգտագործելով օրինակ. - Bancha կամ Kukicha թէյը, կանաչ բոյսերով սպեղանին, խնձորի հիւթ, Շուշմայի ձէթ (sesame oil) եւ առաւել Ginger, սպիտակ բողկը, նունուֆարի արմատը (lotus), Shoyu, Gomasio (շուշմա եւ աղ) tekka, kuzu, shitake (cholesterol-ի համար սունկի մը), Tamari-ն:
Ասոնք, կշռութաւոր սննդառութեան կարեւոր ազդակներն են, կ’օգտագործուին իբրեւ կարեւոր բնական ազդու դեղեր որոնց մասին կարելի է լայնօրէն անդրադաոնալ:

Պատրաստեց՝
Մարօ Գըվրեան-Նիկողոսեան
(Michio Kushi and Alex Jack)




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝