Յայտարարութիւն

Monday, August 23, 2010

Կոչ՝ մասնակցութեան

Սիրելի Ընթերցող բարեկամ/ընկերներ,

Վերջերս զգալիօրէն աւելցածէ կայքէջ այցելողներու թիւը: Շնորհակալութիւն քաջալերանքին համար: Սակայն քաջալերանքը միայն բաւարար չէ խմբագրութեանս համար: Մեր խնդրանքն է մեր սիրելի ընթերցողներուն որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն նաեւ իրենց գրութիւններով: Կայքէջը ազատ բեմ է բոլոր անոնց որոնք կրթադաստիարակչական մտահոգութիւններ ունին, ինչպէս նաեւ մշակութային,գրական, առողջապահական , կրօնական, ազգային հարցեր շօշափող գրութիւններ ունին հրամցնելիք: Գրեցէք, նոյնիսկ լատինատառ հայերէնով, սքան ըրէք ձեր ձեռագիրները եւ ուղարկեցէք nshanag@gmail.com հասցէին: Մենք ձեւը կը գտնենք զանոնք ձեր պաշտած լեզուով հրապարակելու:
Աս առիթով կ՜ողջունենք երկու նոր մտաւորականներու մասնակցութիւնը կայքէջիս, յանձինս Յակոբ Արք. Գլընճեանի՝ Մոնթէվիտէօ եւ Արամ Քէթէնճեանի՝ Պաղտատ:

Սպասելով՝

«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝