Յայտարարութիւն

Friday, August 20, 2010

Հալէպ կ'երթամ

Դարձեալ, Հալէպ այցելութեան պիտի երթամ:
Որոշած եմ եւ նոյնիսկ ամիսէ մը ի վեր գրեթէ պատրաստուած՝ անհամբեր մեկնումիս թուականին կը սպասեմ:
Այս օրերուն կարծես մանուկի մը ուրախութիւնը կայ դէմքիս վրայ: Նոր բացուած արշալոյսի նման աշխարհը դարձեալ մէջս արթնցած է եւ տակաւին եթէ կ’ուզէք, երկչոտ յուզում մըն ալ բռնած է մարմինս ու սիրտս ալ վախկոտ աղաւնիի մը նման կը թփրտայ:
Ու ինքնաբերաբար կը փորձեմ աչքերուս մէջ ամփոփել ջիղերուս եւ երեւակայութեանս գունաւոր եւ անգոյն լոյսերը:

Այո՛, նորէն դէպի Հալէպ. կ’ըսեմ բոլորին, բոլոր հարցականներուն՝ հպարտ հաճոյքով մը:
Զանազան ու բազմազան ծրագիրներս արդէն երեւակայութիւնս լուսաւորած են, որովհե-տեւ լաւապէս գիտեմ, որ ծննդավայր այս այցելութիւնս ինծի կրկին անգամ հաճելի ու նոր մտերմութիւններ պիտի բերէ իր հետ, սիրային տաք նամակի մը խօսքերուն նման:
Կը զգամ նաեւ, որ մէջս ինքնածին ու կծկուած բան մը սկսած է կամաց-կամաց քակուիլ: Հակառակ օրերուս ծանրութեան, ժպիտս նախկին երջանիկ եւ կակուղ իր վիճակը վերագտած է արդէն, իսկ դէմքս ալ՝ կարծես օրհնուած խմոր մը ըլլար:
Հալէպ պիտի երթամ, կը կրկնեմ շարունակ հանդիպած մտերիմներուս եւ բարեկամներուս, անօրինակ ձայնով եւ չտեսի մը նման կայծ բռնող բառերովս, որոնք միաժամանակ երեւակայութիւնս կը ջերմացնեն:
Անկեղծօրէն ըսելով իմ այդ շարժումներովս, կ’ուզեմ ինքզինքս դուրս բերել աշխատանքային խոնջէս, մինակութենէս ու երկար լռութենէս եւ յամառօրէն կը փորձէի ուրախութիւնս անանձնական դարձնել:
Իսկապէս, որ այս օրերուն խուսափելով իրականէն, հինն ու նորը միախառնուած հեքեաթի մը աշխարհին մէջ կարծես ըլլայի:
Անոր համար դժուար էր սահմանել կարօտս, սէրս, ուրախութիւնս ու երջանկութիւնս:

- Պա՛պ, ինչո՞ւ նորէն Հալէպ կ’երթաս եւ ո՛չ ուրիշ տեղ…:
- Մեղայ, այդ քաղաքն ալ …:
- Գնա՛, Եւրոպա, կամ ալ Ծայրագոյն Ասիա կամ Հարաւային Ամերիկա…:
- Գանատային ի՞նչ եղեր է, որ...:
- Հայաստան գնա՛, պա՛պ…:
- Գնա՛, աշխարհը պտտիր, կեանքը կարճ է…:

Հարազատներուս եւ յատկապէս մանչերուս եւ հարսերուս այս եւ նման հարցումներն ու թելադրանքները, որոնք թէեւ էութիւնս, նոյնիսկ երբեմն ալ ազգային պատկանելիութիւնս եւ հայ մարդ անհատի արժանապատուութիւնս կասկածանքի տակ առնելու փորձերու կը նմանէին, զիս երբեք չէին խանգարեր:
Գիտէի, որ անոնք սրտանց կ’ուզէին, որ ես իմ յառաջացած տարիքէս առաջ »մէյ մը, աշխարհ ըսուածը« կարողութեանս չափ տեսնէի եւ վայելէի:
Այս բոլոր թելադրանքները ինծի համար որդիական ցանկութեան մը, կամ բարի տրամադրութիւններով լեցուն մտերիմներէ հասած առաջարկներ էին, եթէ կ’ուզէք, նոյնիսկ անմեղ փափաքներ, որոնք զիս երախտապարտ կը ձգէին:
Ի տես այս երեւոյթներուն, սիրտս առաւել նոր հրճուանքի մը մէջ կը թաւալէր:

Բայց, այս բոլորով հանդերձ կը զգայի, որ իմ այս մտադրութեանս կամ արտայայտութիւն-ներուս եւ կամ ալ դէպի ծննդավայր այցելութեանս բացատրութիւններուս կամ ինքնար-դարացումներուս ժամանակ խօսակիցներէս եւ ոչ մէկը կրցած էր չափել կարօտիս տարածութիւնն ու ծաւալը ու մանաւանդ՝ տեսնել աչքերուս մէջ բոյն դրած խոնաւ ու թեթեւ զաւեշտի նման նստած հոգիս:
Անոնք բոլորն ալ չէին կրցած նոյնիսկ նշմարել յուշերէս կախուած դէմքս ծածկող ուրա-խութիւնս ու անոր զուգահեռ տխրութիւնս, ինչպէս նաեւ մտքիս խորերը անթեղուած կրակը՝ յայտնի ու անյայտ սէրերուս եւ յուշերուս:
Մտովի կ’ըսէի, թէ բոլոր մտերիմներս իրենց այս եւ նման հարցումներով անգիտակցաբար կարծես խիճ մը նետած կ’ըլլային հոգիիս խաղաղ լճակին մէջ ու այս ձեւով կը փորձէին զայն »ալեկոծել«:

Բայց հոգս չէր, որովհետեւ ինծի համար այս մանր »քննադատութիւնները« կամ անկեղծ ու համարձակ կարծիքներն ու ցուցմունքները կամ թելադրական խօսքերը անգոյն տառե-րով գրուած էջերու կը նմանէին:
Մէկ խօսքով, այդ բոլորը ենթադրութիւնները տողերու վրայ շարուած պարզ եւ անիմաստ խօսքեր ըլլալէ չէին դադրեր:
Սակայն, այսպէս կամ այնպէս, դարձեալ հոգս չէր:

Անոր համար էր, որ իբրեւ պատասխան, բոլորին դիմաց աչքերուս մէջ նոյն ժպիտը կը բռնէի ու ձեւով մըն ալ լռութիւնը աղմկելով, կը փորձէի խօսակիցներուս բացատրել, թէ Հալէպը, այդ չոր ու ցամաք քաղաքը, իրենց գիտցած կամ ճանչցած կամ տեսած քաղաքներուն երբեք չէր նմաներ:
Հալէպը տարբեր գոյն եւ դիմագիծ ունէր զինք լաւ ճանչցողին համար, կը կրկնէի ու սիլալիր ձեւով մըն ալ կ՛աւելցնէի, թէ իմ ապրած ու ճանչցած Հալէպս, ծննդավայրս ըլլալէ աւելի, ինծի եւ մանաւանդ ինծի նման շատերուն համար հայրենիք ալ եղած էր:
-Հալէպը իմ Հայաստանս էր, կ’ըսէի հպարտօրէն եւ բարձրաձայն, ու կ’աւելցնէի՝ եթէ կ’ուզէք ան նոյնիսկ ամբողջ Միջին Արեւելքի հայութեան Հայաստանն էր, այն օրերուն, երբ մեր հայրենիքը տակաւին անկախ չէր:
Բոլորին կը բացատրէի հեւքոտ ու ագահ բառերով, աչքերուս խանդավառ լոյսերով ու կը շարունակէի, թէ հոն էր, որ մեծ եւ հին հայեր, իրենց մտքին ու հոգիին մէջ հայ աւանդը ամրօրէն պահելով, մեզի փոխանցած էին խղճմտօրէն, միացեալ, ազատ եւ անկախ հայրենիք մը ունենալու խորհուրդը, եռագոյնը, Արարատին պաշտամունքը եւ տակաւին շատ ուիրշ վեհ բաներ՝ ազգային յատուկ ոգիով միասին:
Հալէպէն ժառանգած էինք մեր հայկականութիւնը ու այդ ձեւով իմաստաւորած մեր կեանքն ու գծած մեր ապագան:
Միւս կողմէ սակայն, կը շեշտէի յստակօրէն, այս բոլորով հանդերձ, բոլորիս սրտերուն մէջ իմ Հալէպս իր հարազատ տեղը ունէր, իսկ իր կարգին նաեւ բոլոր հայերուն հայրենիք Հայաստանն ալ՝ իրը:
Տարակոյս չկա՛ր եւ ո՛չ ալ սակարկութիւն ու ո՛չ մէկ կասկածանք:

- Ուրեմն ինչո՞ւ կը զարմանաք. երբ կրկին անգամ ա՛յս »հայրենիքս« կ’ուզեմ այցելել, երթալ, տեսնել, վայելել, կ’աւելցնէի բացատրողականներուս վրայ, նոյն ոճով եւ նոյն հպարտ հաճոյքով:
- Յիշեցէ՛ք, կը կրկնէի հանդարտօրէն, կար ժամանակ, որ իմ Հալէպը, սպիտակ ու հին հեքեաթներու այդ քաղաքը, ուր կեանքիս մէջ աչքերս իրենց առաջին ցոլքերը ապրած եւ ուր յուզումներս ու արցունքներս իր երկինքին տակ իմաստաւորուած էին՝ ոչ միայն ինծի, այլ ամբողջ արտերկրի հայութեան հայրենիքը դարձած էր:
Որովհետեւ, մեր պատմութիւնը վկայ, մեծ Եղեռնէն ետք, նոյնիսկ անկէ առաջ եւ ապա անկէ ետք, նոյն այդ դարերու քաղաքս եղած էր նաեւ մեծագոյն սփոփարարն ու ամոքիչը հայութեան վէրքերուն ու նաեւ կենարար լաստը ու հովանին՝ տարագիր մեր ժողովուրդին եւ անկասկած ազգային շունչ ու ոգի ներշնչողը հոն հաստատուող եւ ապրող բոլոր հին ու նոր սերունդներուն:
Նման խօսքերովս կը փորձէի հարազատներուս երեւակայութիւնները կանաչով գունաւորել, գրեթէ ինքնագոհ:
Այս ձեւով կը կարծէի, որ արդէն իսկ անձնապէս ու ինքնաբերաբար մտած էի աղուոր գաղափարներուս աշխարհին մէջ, ուր մաքուր շողի նման թեթեւ յուշեր եւ երազներ զիս դուրս կը բերէին լռութենէս:
Ու ամէն անգամ եւ ամէն առիթներով, հալածելով նոյն այդ իմաստալից երեւակայութիւնս, կը փորձէի յիշել նոյն այդ քաղաքիս մշուշին մէջ կորսուած արեւոտ ու հին աշխարհս:
Այլ խօսքով՝ ծնողքիս հետ ապրած տարիներս, ծնած տունս, եղբայրներս, ապրած բազամադրացիով մեծ բակս, լակոտ հասակի օրերուս խաղավայր թաղս, փողոցս, անկեղծ ու բարի դրացիներս, ազգականներս, հայրենակիցներս, ընկերներս, յաճախած վարժարան-ներս, ուսուցիչներս ու տնօրէններս, հին ու պատմական ակումբս, պատմական եկեղեցիս եւ եկեղեցիները, նոյն այդ մեծ ակումբիս մեծերն ու ղեկավարները եւ վերջապէս կանաչ օրերուս հին ու ծածուկ սէրերս, որոնք պատճառ կը դառնային, որ հոգիս դարձեալ իր կեանքի խայտանքը անգամ մը եւս ապրէր, ու իր կրակով ու ջերմութեամբ անգամ մը եւս շրջապատս ալ ինծի հետ ապրեցնէր:
Ու այս բոլորէն ետք, կարծես իրենց կարգին, բառերս ալ աւելի կախարդական կը դառնային, իսկ յուշերս կը հագնէին իրենց գունաւոր զգեստները, միաժամանակ նոր ու գեղեցիկ երանգներ խառնելով օրերուս եւ ժամերուս:

Դժբախտաբար կամ ճիշդ հակառակը՝ այս բոլորը կ’ընէի, որովհետեւ անմիջական շրջապատէս ոչ մէկը քաջածանօթ էր ծննդավայրիս, անոր հայութեան հիւրասէր եւ հիւրընկալ ոգիին, անկեղծութեան եւ պարզամտութեան, անոր զով գիշերներուն եւ վերջապէս անոր հաստ քարերու պատմութեան, այն հնամաշ պատերուն, որոնց շուքին տակ հայկական ինքնութիւն փնտռեցինք ու հայութեամբ ապրելու ու շնչելու մեծ եւ հաճելի փորձառութիւնը ունեցանք ե՛ս ու ինձմէ առաջ եւ տակաւին ինձմէ ետք ալ՝ հայ սերունդներու հին ու նոր բոլոր ներկայացուցիչները:

Մինչ՝ կրկին անգամ Հալէպ այցելութեանս թուականը կը մօտենայ, ամէն քայլափոխիս ապրումներուս խորհուրդը հետս անզգալաբար շալկած, սկսած էի պտտիլ:
Եւ ինչ մեղքս պահեմ, անգիտակցաբար կը զգայի, որ տարբեր դարերու հանդիսատես մը դարձած էի արդէն ու կեանքս ալ նոր հետաքրքրութիւններ հագած:
Յուշերուս գեղեցկութիւնը զիս արդէն շռայլեցուցած էր:
Յստակ գիտէի, որ հոն այս նոր այցելութեանս նոյնիսկ կարճ ժամանակաշրջանին, այդ աղմուկով խճողուած, փոշոտ ու հսկայ քաղաքին մէջ յայտնի ու անանուն ցաւեր պիտի վերյիշէի, ու այս ձեւով հոգեկան տառապանքի մը կարմիր հորիզոնը պիտի բացուէր դիմացս:
Դարձեալ հոգս չէր:

Գիտէի նաեւ, որ հոն այդ հայահոծ հսկայ գաղութին մէջ պիտի հանդիպէի ու հարազատ աչքերովս պիտի տեսնէի հայ նոր արժէքներու եւ տակաւին պատիւ բերող ուժեղ խանդավառութիւններու, որոնք յոգնած ու յուզուած ուղեղիս գեղեցիկ յուշեր պիտի շարէին ու նոր պատկերներ պիտի ցանէին անոր մէջ, զիս աւելի կապելով իմ ծննդավայրիս:
Ու այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ կրկին անգամ կեանքս իր տարբեր գարունը պիտի ապրէր:
Անոր համար է, որ ներքնապէս ուրախ էի:
Հալէպ կ’երթամ:
Անկասկած, որ այս նոր եւ ինքնածին »գինով« իրավիճակովս կը զգամ, որ շատերու համար արդէն անսովոր երջանիկ մըն եմ դարձած:

Գէորգ Պետիկեան
Լ.Անճելըս


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝