Յայտարարութիւն

Monday, August 9, 2010

ՀԱՅԵՐԷՆ ՈՒՂՂԱԳՐԻՉ

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ԲՈՒՌՆ ՓԱՓԱՔԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԳԱԼՈՎ ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆՍ ՈՒՂԱՐԿԱԾ ՀԱՅԵՐԷՆ ՈՒՂՂԱԳՐԻՉԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ «ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ» ՍԻՒՆԱԿԷՆ ԿԸ ՓՈԽԱԴՐԵՆՔ ՄԱՅՐ ԷՋ: ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ԲԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ:
«ՆՇԱՆԱԿ»

«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

Ստորեւ «Նշանակ»ի յօդուածագիր Օշին Էլակէօզի ուղարկած լուրը որ բոլորս կը հետաքրքրէ.





HySpell հայերէն ուղղագրիչ Firefox ի համար


Կը փափաքիք հայերէն գրել բայց կը վախնաք ուղղագրութեան սխալներ ընելէ եւ կը ձանձրանաք ամէն մէկ բառի համար բառարան նայելէ:Hyspell հայերէն ուղղագրիչը ճիշտ այս նպատակի համար ծրագրուեցաւ:

Նայիրի համացանցի կայքէջը որ մեզի ծանօթ է իր համացանցի հայերէն լեզվի բառարանով, նոր եւ նոյնպէս շատ օգտակար ծրագիր մըն ալ պատրաստած է հայերէն գրել սիրողներուն համար:Այս ծրագրի միջոցաւ կազատինք հայերէն գրելու ժամանակ բառարան գործածելու ստիպողականութենէ, որովհետեւ ծրագիրը ինքնիրեն կը սրբագրէ ուղղագրական սխալները մեր գրած ժամանակ:Ծրագրի մասին աւելի լաւ տեղեկանալու համար կարելի է այցելել http://www.nayiri.com կայքէջը:

Կուզեմ յիշեցնել որ այս ծրագիրը կաշխատի միայն Firefox ցանցային պրպտիչ (internet explorer) ի վրայէն որ ձրիաբար տրամադրելի է Նայիրի կայքէջէն:

Պարզենք թէ ինչ կը նշանակէ երբ կըսենք թէ այս ծրագիրը կաշխատի միայն Firefox ցանցային պրպտիչի վրայ:

Եթէ համացանցի կապուելու համար ձեր համակարգիչի վրայ կը գործածէք Internet explorer պրպտիչը , ուրեմն Նայիրիի այս ծրագիրը պիտի չաշխատի Internet explorer ի վրայ:Պէտք է որ ձեր համակարգիչի վրայ արձանգրէք Firefox պրպտիչը : Երբ գրութիւն մը կամ ե-մակ մը կը գրէք պէտք է որ զայն գրէք Firefox պրպտիչի վրայ:Այսինքն եթէ դուք ունիք Hotmail կամ G-mail կամ որեւէ ուրիշ ելեկտրոնիկային նամակի հաշիւ մը, պէտք է որ այդ հաշիւը բանաք Firefox ի վրայ ոչ թէ Internet explorer ի վրայ ինչպէս կընէիք մինչեւ հիմա:Իսկ եթէ world ի վրայ գրութիւն մը պատրաստել, կամ Outlook ը գործածելով ե-մակ մը կուզէք գրել, այս գրութիւնն ալ պէտք պատրաստէք Firefox ի վրայ գործածելով կամ Google edit ծրագիրը կամ ալ ձեր ելեկտրոնիկային նամակի հաշուին վրայ ճերմակ էջ մը բանալով ու յետոյ զայն (copy - paste) ընելով տեղաւորէք world ի կամ Outlook ի վրայ:

Այս բոլորը սկիզբը ձեզի քիչ մը խառն կրնայ թուիլ, բայց երբ ծրագիրը գործածել սկսիք, պիտի տեսնէք որ շատ պարզ եւ գործնական ծրագիր մըն է:

Օրինակ մը եթէ տալու ըլլանք.

-- Hotmail կամ G-mail կամ որեւէ ուրիշ ելեկտրոնիկային նամակի հաշիւ մը ունիք եւ կը փափաքիք ե-մակ մը ղրկել, այդ հաշիւը պէտք է բանաք Firefox ի վրայ եւ ձեր ղրկելիք նամակը հոն պէտք է որ պատրաստէք:

-- Կուզէք ձեր դիմատետրի (Facebook) վրայ գրութիւն մը գրել, դիմատետրը պէտք է որ բանաք Firefox ի վրայ :

Այսինքն, Internet explorer ի տեղ Firefox ցանցային պրպտիչը պէտք է գործածէք:

Ծրագիրը կարժէ 19.95 տոլար: Այս գումարը հայերէնը անսխալ գրելու զգացումին մեզի տուած հաճոյքին դիմաց շատ ալ մեծ գումար մը չէ::Ասկէ զատ, կը մտածեմ թէ որպէս հայեր որ կը սիրենք ու կը յարգենք մեր լեզուն եւ մեր մշակոյթը, Նայիրիի նման հայերէն լեզվի զարգացման ի նպաստ ծրագիրներ պատրաստող հաստատութիւններու աշխատանքները պէտք է արժէքաւորենք որպէսզի քաջալերենք զիրենք, նոր ծրագիրներ պատրաստելու համար:


Օշին Էլակէօզ

Շնորհակալութիւն
«Նշանակ»



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝