Յայտարարութիւն

Tuesday, August 17, 2010

ՆԱՄԱԿ ՅԱԿՈԲ ՍՐԲԱԶԱՆԷՆ

Մօնթէվիտէօ, 7 Օգոստոս 2010

Սիրելի Նշան,
Ատլանտեան Ովկիանոսի հարաւային այս հեռաւոր ափերէն բիւր ողջո՜յն եւ լաւագոյն մաղթանք։

Մեծ գոհունակութիւն պատճառեց ինծի »Նշանակ« կայքէջիդ մէջ երկու պատմուածքներուս լոյս ընծայումը։ Աւելին՝ շատ յուզուեցայ կարդալով ծնողացս եւ ընդհանրապէս ընտանիքիս մասին ունեցած արտայայտութիւններդ, որոնք զեղուն էին անկեղծ զգացումներով, հարազատական ջերմութեամբ, գորովալից վեհանձնութեամբ։ Ոչ ոք, հաւատա ինծի, ոչ ոք պիտի կրնար այդպիսի հիասքանչ տողեր գրել լուսահոգի մայրիկիս մասին, ինչպէս որ դուն գրեցիր, որով անոր անթառամ յիշատակին մեծագոյն յուշարձանը կանգնեցուցած եղար։ Յաւերժ օրհնութիւն եւ երախտիքի սրտագին խօսքեր կ՚առաքեմ քեզի։ Թող Աստուած լոյսերու մէջ պահէ նաեւ թանկագին եւ մեզի համար այնքա՜ն սիրելի ու յարգարժան ծնողացդ հոգիները։
Գրելու հոյակապ տաղանդ ունիս, կը մաղթեմ որ առիթ ունենաս նաեւ յաճախ արտադրելու, որպէսզի ճոխացնես մեր հոգիներն ու հայ գրականութիւնը։
Կ՛ուղարկեմ քեզի եւս մի քանի գրութիւն եւ փունջ մը բանաստեղծութիւններ կայքէջիդ մէջ հրապարակելու ցանկութեամբ։

Հարազատական զգացումներով՝
Յակոբ Արք. Գլնճեան


17/ 8/ 2010

ՍԻՐԵԼԻ ՍՐԲԱԶԱՆ,

ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Դ. ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒՍ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԿԱՐՈՂԱՑԱՅ ԱՌԻԹ ՈՒՆԵՆԱԼ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՒ ԵՐԿՈՒ ՇԱՏ ԳԵՂԵՑԻԿ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐԴ: ԱՆՈՆՔ ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԵՆ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹ ԵՒ ԳԱԼ ՇԱԲԱԹ:
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ԱՆԿԵՂԾ ԽՕՍՔԵՐՈՒԴ ՀԱՄԱՐ: ՊԻՏԻ ԿԱՐԵԼԻՍ ԸՆԵՄ .ՃՈԽԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅ ՀՈԳԻՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԻՆՉՊԷՍ ԴՈՒՆ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՍ:

ԵՂԲԱՅՐՕՐԷՆ՝

ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝