Յայտարարութիւն

Saturday, September 4, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 138 - Ռուբէն

Էականը Նիկոլի պատմածէն գիտնալն է այն մթնոլորտն ու գործերը, որ 1890էն գոնէ մինչեւ 1897 կը կատարուէին Սալմաստի եւ Ուրմիոյ մէջ: Սալմաստ եկած էին Կովկասեան Հայատանէն, անոր բոլոր անկիւններէն հատ հատ, մտաւորական եւ կռուող ուխտեալներ: Անոնք կայտառ էին, զուարթ եւ Սբ. Կարապետի զոհարան տարուող ցուլերուն կը նմանէին: Սեւքարեցի Սաքոն, իր հրացանէն անբաժան, «չոնգուր» կը զարնէր: Բամբառակ Յովսէփներն ու Խեչոները առակներ ու երգեր կ’ըսէին: Վարդանը, իր բարի ժպիտով, կը խրախուսէր, իսկ մռայլ Նիկոլը իր խորունկ ընկած սեւ աչքերով, չես գիտեր, կը խնդա՞ր, թէ՞ կը բարկանար: Այս խմբակցութեան միացած էր Թուրքաց Հայաստանէն եկած այլ խմբակ մը, որ բոլորովին հակապատկերն էր առաջինն, - գլուխին քաշ, տխուր կածրես Սբ. Կարապետի բեռնակիր յոգնած ձիերը լինէին: Ասոնք գլխաւորաբար Տաւրոսի վշռիկներն էին, անգրագէտ, յամառ, խոհուն եւ կը խօսէին լեզու մը, որուն խռխռոցի մէջէն հազիւ կը նշմարէիր, թէ հայերէն էր: Անոնց մէջն էին Չաթոն ու Շեմրոն, Դարմոն ու Փոխիկը, Աւտոն ու Ախպէրը ու ուրիշ շատեր, որոնք գլուխները կը շարժէին եւ կ’ըսէին. «Այս ղարիպականներու (այսինքն կովկասցիների) ամէն ինչ տեղն է, մի բան միայն պակաս է` մեր լեզուն չեն խօսիր»:
Այս երկու խմբակցութեան կողքին կար ե՛ւ մէկ այլ փոքր խումբ: Ասոնք հայեր չէին, ասորի էին Գրէի եւ Սահակի նման, եւ քիւրտեր` Մստոյի նման: Ասոնք ինքզինքնին հարազատ կը զգային ամէնքին, բայց կը գերադասէին վռշիկները, կարծես իրենց արիւնէն լինէին:
Ի տես այս երեք տարբեր խումբերու, որոնք իրարու միացած եւ մէկ մարմին դարձած էին, Վարդանը, ծիծաղը դէմքին, ոտ ու ձեռ ինկած` կ’ուզէր իր երջանկութիւնը հասկցնել ամէնուն, իսկ Նիկոլը, ազնու պէս իր փշերը տնկած, կը դիտէր ու մտածկոտ` իր մէջ հաշիւներ կ’ընէր:
Այս տարբեր լեզուի, ծագումի անձերը կը զգային, թէ ինչ էր իրենց նպատակը, բայց անոնց շատ ալ պարզ չէր թէ ինչպէս պէտք էր հասնիլ այդ նպատակներուն: Անոնք կը մտածէին. - «Հասկցանք, ամէն տուն իր օջախն ու բուխերիկն ունի, եւ մենք բոլորս ալ հաւասար ենք: Բայց ամէն երամ, երբ ճամբայ կ’ելլէ, անպայմանօրէն մի «քէօշ» (առաջնորդ այծ) պէտք է ունենայ: Ո՞րն է մեր գլուխը, մեր առաջնորդը»:
Երբ հարցը կու գար այս դժուարին կէտին, բոլորի աչքեր կ’ուղղուէին դէպի Վարդանը եւ Նիկոլը, որ յետոյ Դուման անունը վաստակեց: Այս երկուսի վրայ կ’ուղղուէին հայեացքները ոչ անոր համար, որ այդ երկուսն էին ամենագաղափարականները, ամենաքաջերը, ամենափորձառուները, ամենասիրուածները կամ որ անոնք թայֆա ունէին: Ո՛չ: Այս երկու ղարաբաղցիները առանցքը կը դառնային բոլորին, եւ ամէնքը իրենց կեանքը եւ միտքը այդ օտարական հայերուն կը վստահէին, որովհետեւ ամենադժուար հարցերուն համար անոնք ոչ երկբայութիւն, ոչ «եթէ» ունէին, այլ պարզ ու յստակ կամ «այո՛» եւ կամ «ո՛չ»: Անոնք կը մտածէին ու կը գործէին հետեւեալ տրամաբանութեամբ, որ ե՛ւ գործի նախագիծը կը կազմէր. – Մենք ամենէն առաջ Երկրի համար ենք` մեր ամէն ինչով եւ մեր այն նպատակներով, որ Ծրագրով բանաձեւուած եւ որոշուած է: Որու համար որ այդ առարկելի է, այն մեզմէ չէ, անոր հետ գործ չունինք:
1. Երբ ցորենը ամբարն է լեցուած, բայց սերմնացան չկայ, որ գետին նետէ, կամ ուտող չկայ, որ հաց անէ, ուտէ, այդ ցորենը պիտի հոտի ու փտի: Երկիրը պէտք ունի մեր ծրագրի սերմանցաններու, ուսումնական գործիչներու: Այդ ոյժերը մենք ունինք: Եթէ այդ ոյժերը Երկիր չանցկացնենք, մէկ կողմէ Երկիրը անմշակ պիտի մնայ, իսկ միւս կողմէ` այդ ոյժերը պիտի ժանգոտին եւ չարիք դառնան: Արդ` ինչ որ ունինք, պէտք է հասցնել կռուողներուն:
2. Ասոնք ցանկութիւններ են, որ իրական կը դառնան երբ ապահով ճանապարհ բանանք գոնէ մինչեւ Վան. իսկ եթէ չկրցանք բանալ, մենք ալ աւելորդ ենք, մեր գործն ալ: Մեր ունեցած ճամբաները, եթէ ապահով չեն, եթէ երկար են, պէտք է փոխել: Սալմաստ-Դերիկ-Վան ճամբան շուրջ 160 քիլոմեթր է, իսկ Դերիկ-Վան 100 քմ: Խոյ-Թադէոս Առաքեալ-Վան` 200 է, իսկ Թադէոս Առաքեալ-Վան` 100 քիլոմեթր: Արդ` թիկունք պէտք է համարել Սալմաստն ու Խոյը եւ, ինչ գնով ալ լինի, ինչ ձեւով ալ լինի, մեր ելակէտը պէտք է դարձնել աւերակ Դերիկի ու դեռ եւս կանգուն Թադէոս Առաքեալի վանքերը: Որով` Երկրի կապը կէսով կարճացած կը լինի եւ երկու անգամ արագացած:
3. Երկրի համար զէնք փոխադրելը անհրաժեշտութիւն է, քանի հոն ներքին շուկայ չէ ստեղծուած եւ յոյս ալ չկայ որ ստեղծուի: Շնորհքով զէնք չկայ Պարսկաստանի մէջ, իսկ Ռուսիայէն պատրաստի զէնքերը այնքան սուղի կը նստին իրենց փոխադրական ծախքերով, որ անմատչելի են մեր գրպաններուն: Առանց զէնքի մեր գոյութիւնը եւ մտադրութիւնները ոչինչ կը դառնան, որով մեր հաւատացեալ արհեստաւոր ընկերները պէտք է գործի հրաւիրել, պէտք է բանալ Թաւիրզի եւ Սալմաստի մէջ արհեստանոցներ, շինելու համար զէնքերու փայտէ կոթերը եւ երկաթային այն մասերը, որ հնարաւոր է: Դրանով գնի եւ փոխադրական ծախքերու եւ վտանգներու կէսը խնայուած կը լին: Զէնքին այն մասերը` խողովակ, փական եւայլն, որ անհնար է մեր միջոցներով արտադրել ու դրամի ոյժով գնել, պէտք չէ վարանիլ Օրեոլի եւ Տուլայի գործարաններէն կաշառքով կամ գողութեամբ ձեռք բերելու եւ փոխադրելու` աւելի նուազ ծախքով ու նուազ վտանգներով:
Շար.138



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝