Յայտարարութիւն

Monday, September 13, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-139-Ռուբէն

Յայտնի է, որ այս տարբեր գործերը զուգընթացօրէն գլուխ եկան եւ գործարանները բացուեցան ուր կ’աշխատէին Թորոսը, Կարոն, Սամսոնը, Պետրոսը եւայլն: 1893էն սկսած, ռուսական մոսին հրացանները Դաշնակցութեան գործարաններու մէջ կը կազմաւորուէին եւ անոր զինանշանով դրոշմուած ու «մարդասիրական» անուան տակ, կը գերազանցէին թրքական մարթին հրացանները:
Ոչ ոք չէ գրած այդ ապերախտ աշխատանքներու լրիւ պատմութիւնը: Դերակատարները մեռած, սպաննուած, եւ անոնց արժէքը անորոշ մնացած է: Միայն քիւրտերն էին որ կ’երգէին

Անոնք սեւ երկար հագուստներ ունէին վարդապետներու նման,
Գլխներուն փռչ-փռչ փափախներ, ոտքերուն ճըզմա.
Մեծ մեծ ժայռեր կը շալկէին եւ Դերիկի շուրջը պատեր կը քաշէին,
Սազը կը զարնէին եւ Դըմդըմի պէս Ալլահ կը կանչէին:

Այս հատուածով երգիչը տպաւորուած է Սաքոյի չերքեզքիէն եւ անոր չոնգուրէն:

Անոնց մեծաւոր Ինճիլն ու Ղուրան բացած նստած է եւ օրոջի (ծոմապահութեան) մէջ է.
Անոր երեսը ոչ խնդում ունի ո չ ալ ցասում:
Սըռ քիւլլան կողքին` հրաման կ’ընէ . - «Դերիկի մուտքը արգիլուած է,
Մինչեւ Ինճիլն ու Ղուրան քոյր եղբայր չդառնան»:
Դումանի կռիւ սարսափելի է:

Այս հատուածով երգիչը կ’արտայայտէ, ըստ իր հասկացողութեան Նիկոլի իսկական բնաւորութիւնը եւ դիմագիծը, որ կախարդական թասակը (սըռ քիւլլան) կու տայ անոր:

Անոնք հրացաններ ունին, որ ձայն չունին.
Կը կրակեն, բայց ծուխ չունին.
Գնդակ որ նետեն, որքան հեռու լինիս միշտ կը պտտի,
Մինչեւ իր ուզած մարդուն չծակէ, գետին չի ընկնի:
Ոչ արիւն կը հանէ եւ ոչ վէրք,
Բայց տեղն ու տեղը հոգին կ’աւանդէ:
Այս հրացանէն եւ ոչ ոք ունի.
Ջաֆար աղան մինը նուէր ունի:

Երգիչի երեւակայութիւնը իրաւացիօրէն բորբոքուած է ֆետայիներու հրացանով:
Մեր գործարաններու մէջ սարքաւորուած «մարդասիրական» հրացանները որ այլ ինչ էին, բայց եթէ ռուսական մոսինները, որոնց գնդակի հեռաւորութիւնը կը հասնէր 2700 մեթրի, ընդդէմ` նոյն ժամանակի մարթին, ղափախիլ, բերդան հրացաններուն, որոնք կը գործածուէին թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ` առաւելագոյն հեռաւորութեամբ 800-1200 մեթրի: Մինչ Դերիկի մէջ հրացանները սպաննիչ էին 800-1200 մեթր հեռաւորութեան վրայ, անոր վրայ եղողներունը սպաննիչ էին 200-400 մեթր վրայ: Մինչ Դերիկի կռուողներուն հրացանները կարճ, սուր ճըլըստ ձայն կը հանէին եւ ծուխ չունէին, անոր վրայ եկողներուն հրացանները կը գոռային եւ ծուխ հանելով` հրացան նետողի տեղը կը մատնէն: Այսպէսով մէկ կողմը` թշնամու տեղը կը տեսնէր եւ հեռուէն կը սպաննէր, միւս կողմը` տեղը անկարող էր ճշդորոշել եւ, առանց հասնելու անոր, կը սպաննուէր:
Զէնքի այս անհաւասարութիւնը առասպել կը դառնար մէկ կողմին համար եւ անկարողութեան կը դատապարտէր զայն, իսկ միւս կողմին` արհամարհանք եւ յանդգնութիւն կը ներշնչէր:
Այս կողմնակի հարցերուն վրայ կանգ առի, որպէսզի հասկնալի լինի թէ ինչպէս բուռ մը մարտիկներ, 20-25 հոգի, կարողացան Դերիկի վանքի մէջ բոյն դնել եւ տարիներ շարունակ իրենց ձեռը պահել զայն: Այդ հրաշք մըն էր, որ իրագործուեցաւ Վարդանի ու Նիկոլի ծրագրով եւ իրենց մասնակցութեամբ: Բարձրանալ Զագռոշի լեռները, մտնել անոր ոլորտներու մէջ, ուր Ճարան բերդը պահակ էր կանգնած, ուր կը գտնուէր Աւտոյի Ջաֆար աղան (Սըմկոյի հայրը), որուն երկիրը ոչ պարսիկը եւ ոչ թուրքը չէին կրցած մտնել, եւ հաստատուիլ աւերակ վանքի մէջ, ասիկա հրաշքի պէս բան մըն էր: Շուրջ 40 քիլոմեթր առաջ տանիլ Երկրի կապին գիծը եւ շրջապատուած լինել քիւրտերով, որոնք գայլի պէս կը հետեւէին, անհաւատալի էր ուղղակի: Բայց այդ իրականութիւն էր:


Շար . 139
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝