Յայտարարութիւն

Wednesday, September 15, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -140- Ռուբէն

1909ին, երբ Նիկոլի հետ Վառնա էին, եւ անոր ըսի.
- Բոլոր քու արկածներուդ եւ գործերուդ մէջ, ամենէն բեղմնաւորը, ամենէն յանդուգնը Դերիկի մէջ հաստատուիլն էր: Բայց չեմ հասկցեր յաջողութեան պատճառը:
Ան շատ գոհ եւ երջանիկ զգաց:
- Ոչ ոք այդ գնահատումը չունի, ըսաւ ան, ես եւսայդ համոզման եմ: Բայց դու ինչո՞ւ այդպէս կը կարծես:
- Դերիկի դիրքէն եւ պատմուած առասպելներէն, պատասխանեցի:
- Դու ճիշդ ես, ինչպէս եւ պատմուած առասպելները: Ականջիդ օղ արա. Երբ ոչ թիւ, ոչ որակ, ոչ էլ ոյժ ունիս, թշնամուդ մի՛ զարնէ, հարուածդ տուր` նրա երեւակայութիւնը բորբոքելու համար: Քո վրայ նետուող գազանի աչքերին նայիր, նա պոչը կը քաշէ, ոչխար կը դառնայ: Այս է գաղտնիքը Դերիկի յաջողութեան

Նիկոլի այս մտքերուն մէջն էր անոր ունեցած հրաշքներուն գաղտնիքը, ինչպէս Դերիկի, նոյնպէս Բողազ Քեասանի, Բագուի կռիւներուն մէջ: Բայց աւելի լրիւ կը լինէր անոր բանաձեւումը, եթէ ըսուէր. «Եթէ չունիս ոչ թիւ, ոչ ոյժ, բայց ունիս որակ, այնպէս համարձակ նայիր գազանի աչքին եւ այնպէս անսպասելի մի ոստում արա, որ նա շուարի, ապշի: Եթէ չունիս թիւ, թշնամուդ հաւասար զէնքով մի՛ կռուիր. Մի զէնք ունեցիր, որ նա չուն եւ առաւել լինի: Այդ զէնքն է, որ թիւին կը յաղթէ»:
Այդ զէնքը Դերիկը ունէր յանձինս մոսին «մարդասիրական» հրացանի, որուն հռչակը բռնած էր աշխարհը եւ գերած ոչ միայն քիւրտը, այլեւ հայը:
Աւելորդ կը համարեմ նկարագրութիւնը տալ այն բազմաթիւ հոմերական կռիւներուն, արկածներուն, որոնք եղան պարսից եւ թուրքաց սահմանագլուխներուն վրայ եւ Դերիկի շուրջը: Ատոնք կ’երգուին քիւրտերուն կողմէ: Անոնց մասին կցկտուր գրուածքներ ալ կան: Այստեղ այսքանը կը բաւէ ըսել, որ այդ վայրի մէջ բոյն դրած Նիկոլն ու Վարդանը, Սաքոն եւ Խեչոն, Փոխիկն ու Դարմոն, Չաթոն եւ Շերոն, Գրէն ու Սահակը (ասորիներ) եւ անոնց ընկերները սկիզբը օր չէր անցներ, որ կռիւ չունենային: Այդ կռիւները, ի վերջոյ, յանգեցան ֆետայիներու ազատ երթեւեկին Դիլմանէն-Դերիկ, ինչ որ ե՛ւ մերոնց նպատակն էր (այստեղ կը վերջանայ Ռուբէնի կողմէ վերամշակուած հատուածը):

¢¢¢

Ատրպատականի Կ. Կոմիտէի կեդրոնը կը գտնուէր Թաւիրզ: Ատրպատականի մայրաքաղաքը լինելով ապահով վայր մը, կարող էր կապ պահել արտասահմանի, Կովկասի եւ Տաճկաստանի հետ: Դաշնակցութեան սկզբնաւորութենէն, այստեղ կուսակցական աշխատանք կատարուած էր որոշ գործիչներու ձեռքով, եւ եթէ չեմ սխալիր «Դրօշակի» քանի մը թիւ լոյս տեսած է այստեղ: Թաւիրզէն գրականութիւն կը մտնէր Կովկաս եւ նոյնիսկ հեռագրական կապ կը պահուէր Թաւիրզի միջոցով Արտասահմանի եւ Կովկասի միջեւ: Ամենագլխաւորը, սակայն Թաւրիզի զինագործարանն էր, որ կը հիմնուէր այդտեղ 1890ական թուականներուն:
Սկզբնական շրջանի գործիչներն են` Քաթանեան, Իշխան Արղութեան, Օր. Սաթենիկ Մատինեան (ապագային տիկին արղութեան), Բժ. Յակովբեան եւայլն, որոնք կուսակցական կազմակերպական գործերով կը զբաղէին եւ զուգընթացաբար նաեւ ուսուցչական եւ բժշկական գործերով: Թորոսը (Գալուստ Ալոյեան), Սամսոնը, Լեւոնը եւ ուրիշներ, մինչեւ 1896 թուականը անընդհատ կ’աշխատէին զինագործարանին մէջ: Հազարէն անց ըլլալու է անոնց պատրաստած զէնքերուն քանակը: Այս զինանոցի շնորհիւ էր, որ Դաշնակցութիւնը ի վիճակի եղաւ ռազմական խոշոր ձեռնարկներ ընել սահմանագլխուն վրայ:
Այդ արհետսանոցը աւելի կամ պակաս յաջողութեամբ գործեց մինչեւ Տաճկական Սահմանադրութիւնը: Անոր ամենափայլուն շրջանը, սակայն, եղած է 97 թուականները, երբ կ’աշխատէին այդտեղ Թորոսը, Սամսոնը, Լեւոնը եւ Կարոն (Զօրեան):
97 թուականէն յետոյ, վերոյիշեալ բոլոր ուժերը կամ սպաննուած էին, կամ հեռացած ասպարէզէն: Այդ ժամանակ կը սկսի տեղական ուժերու մասնակցութիւնը կուսակցական գործերուն մէջ: Տեղացիներուն վրայ կ’աւելնան դրսէն եկած նոր ուժեր, որոնք Թաւրիզ կու գային քաղաքի հայ դպրոցներուն մէջ ուսուցչութիւն ընելու համար:
Թաւիրզը տասնեակ տարիներ շարունակ բաժնուած է եղեր երկու թաղերու, եւ ըստ այդ թաղերու ալ, քաղաքին մէջ եղեր են երկու հոսանքներ: Լիլաւայի թաղը միշտ գտնուեր է Դաշնակցութեան ազդեցութեան տակ, իսկ Ղալան` Հնչակեաններու: Եւ այդ երկու թաղերու մէջ անպակաս եղած է պայքարը թէ՛ կուսակցական գետնի վրայ եւ թէ դրպոցական-առաջնորդական ընտրութեանց առթիւ: Լիլաւայի մէջ միշտ յաղթանակած են Դաշնակցականները, եւ անոր ուսուցչական կազմը եղած է դաշնակցական: 1898էն յետոյ, կ’ուժեղանան դպրոցները մեր ուսուցիչներով, որոնց մէջ կային հին ընկերներ, ինչպէս Յովնան Դաւթեանը, Տիգրան Ռաշմաճեանը, Մարտիրոս Յարութիւնեանը, Միքայէլ Զարաֆեանը, Տոքթ. Փաշայեան եւայլն: Իսկ հետագային մինչեւ 1908 թուականը, դրսի գործիչներէն եղած են հոն Ստեփան Ստեփանեանը, Դոկտոր Ստեփանեանը (ատամնաբոյժ), եւ, իբրեւ զինագործ, Պետրոսը, իր քանի մը աշակերտներով: Այս ուժերը, որ իրարու կը յաջորդէին, կարողացած էին դպրոցներու մէջ եւ թէ դուրսը պատրաստել յեղափոխական սերունդ մը, որ ոչ միայն կը վարէր ձեռնահասօրէն տեղի կազմակերպութեան գործերը, այլ կու տար նաեւ համեստ ու պատրաստուած գործիչ-ընկերներ Պարսկաստանի հեռաւոր անկիւններու ինչպէս նաեւ Կովկասի համար: 1904 թուին, երբ ես թաւիրզ էի, գործերը կը վարէին ամբողջովին գրեթէ երիտասարդ տեղական ուժերը` Վահանը, Զօրան, եւն., որոնց կ’օգնեն Դոկտ. Ստեփանեան (Բալաջան): Իսկ Պետրոսը նոյնպէս կ’ուզէր օգնել, բայց աւելի կը խանգարէր:

Շար. 140


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝