Յայտարարութիւն

Thursday, September 16, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-141- Ռուբէն

Ի՞նչն էր Թաւիրզի Կ. Կոմիտէութեան նպատակն ու արժէքը:
Նրան կ’ենթարկուէր, կուսակցական տեսլակէտէն, Պարսկաստանի Հայութիւնը Թաւիրզէն մինչեւ Ղարատաղ, Ռեշտ, Ղազուին, Մարազա, Թեհրան, Սպահան եւ նոյնիսկ Մեշէտ: այդ հեռաւոր վայրերու մէջ, ուր հայութեան կապը թուլացած էր դէպի հայ լուսաւորչական դաւանութիւնը եւ ուր վտանգ կար, որ հայերը կրնան ձուլուիլ, Դաշնակցութիւնը դարձած էր դաւանանք մը եւ վարդապետներու ու քահանաներու տեղը կը բռնէին անոր քարոզիչներն ու գործիչները: Բոլոր անոնց մէջ, որոնք հետամուտ էին իրնեց եսական շահերուն եւ մոռցած էին հասարակական եւ ազգային գիտակցութիւնը, ան կ’արթնցնէր հայրենասիրութիւնը եւ ամուր կը կապէր Թաւրիզի հետ:
Կուսակցութեան համար երկրորդ գլխաւոր գործն էր` բարձրացնել կրթական մակարդակը կորստեան մատնուած եւ մատնուելիք այդ ժողովրդեան: Այդ ան կ’ընէր, օգնելով ոչ թէ դրամով ու նպաստներով, այլ մատակարարելով գաղափարական ուսուցիչներ` շատ արժան վարձատրութեամբ եւ երբեմն ալ` ձրի: Կուսակցութիւնը ատիկա կ’ընէր երկու նպատակով. նախ` ժողովուրդը իրեն կը կապէր եւ զայն կը փրկէր ձուլումէ ու կորուստէ, եւ երկրորդ` իր գործիչները, վարժապետներու անուան տակ եւ ուսուցչութիւնը պատրուակ ծառայեցնելով, առաջ կը տանէին իրենց յեղափոխական գործը, մանաւանդ որ անոնք պէտք է, ըստ հնարաւորին, ապրէին իրենց միջոցներով: Կուսակցութիւնը դիւրութեամբ կը կարողանար իր գրծիչները տեղաւորել դպրոցներու մէջ, որովհետեւ այդ մարդիկը, լինելով հանդերձ աւելի բարձր կրթութեան տէր, բարձր վարձատրութեան մասին չէին մտածեր եւ ամենահամեստ օրապահիկով միայն կը յօժարէին ծառայել ամենայետամնաց գիւղերուն մէջ, եթէ այդ վայրերը յարմար էին յեղափոխութեան յենարան դառնալու եւ կամ փոխադրական գծի վրայ կը գտնուէին:
Վայելելով որոշ չափի ազատութիւն ու խաղաղ վիճակի մէջ գտնուելով, Թաւրիզը կանոնաւոր կերպով կը յարաբերէր նամակագրութեամբ իր հեռաւոր շրջաններու եւ ամենախուլ անկիւններու հետ. Կը տեղեկագրէր Հայաստանի ու Կովկասի ամենահրատապ խնդիրներու մասին ու լուրեր կը ստանար փոխադարձաբար: Այդ կանոնաւոր կապի շնորհիւ ամենահեռաւոր անկիւնները ան յարաբերութեան մէջ կը դնէր Երկրի ու Կովկասի հետ: Կար ատոր համար նպաստաւոր հանգամանք մը եւս: Խնդիրն այն է, որ Պարսկաստանի հեռագրկական պաշտօնեաներու մէջ մեծ թիւ մը կը կազմէին հայերը, որոնք կազմակերպուած էին եւ որոնց միջոցով Կ. Կոմիտէն կապ կը պահպանէր զանազան շրջաններու հետ եւ արագութեամբ տեղեկութիւններ կը ստանար:

Շար. 141



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝