Յայտարարութիւն

Friday, September 17, 2010

Հայ Յեղաթոխականի մը Յիշատակները -142- Ռուբէն

Թաւիրզը վերին հսկողն էր Սալմաստի եւ Խոյի շրջաններու վրայ, որոնք կեդրոն կը հանդիսանային Ատրպատականի կենդանի գործունէութեան: Այդտեղ կուսակցութիւնը միայն մշակութային ու բարոյական նշանակութիւն չունէր: Սալմաստ եւ Խոյ տեսակ մը պահեստ էին Երկրի թէ՛ մարտական ուժերու եւ թէ ռազմամթերքի: Այդ շրջանները մեծ ծառայութիւններ են մատուցած, եւ առանց անոնց գուցէ Վասպուրականի գործունէութիւնը այն թափն ու գոյնը չունենար, ինչ որ ունեցաւ: Այս պարագան ի նկատի առնելով, կ’արժէ համառօտակի կանգ առնել Սալմաստ-Խոյ շրջաններու յեղափոխական պատմութեան վրայ:
Դեռ 80ական թուականներու վերջերին էր, Պարսկաստանի այս գաւառները կու գան մեր յեղափոխութեան առաջին կարապետները` Ագրիպասեան եւ Գոլոշեան, որոնք կը ստանձնեն զուտ քարոզչական դեր: Կարճ ժամանակ մը հոն մնալով, անոնք կ’անցնին Տաճկահայաստան, աւելի հիմնական գործ ստեղծելու համար: Բայց դեռ Վան չհասած, Չուխի գեադուկը կը սպաննուին քիւրտերու կողմէ:
Անոնց արժէքը պէտք է փնտռել անոնց գաղափարականութեան եւ անձնազոհութեան մէջ: Ասոնք էին, որ առաջին անգամ իրենց արիւնով բաց ըրին մահուան ճանապարհը, զոհելով իրենց կեանքը, օրինակ դարձան հետագայ սերունդներուն, աւանդելով, որ հայրենիքի փրկութեան համար` անհրաժեշտ է զոհուիլ: Այդ է պատճառը, որ այս նախակարապետները միշտ պատկառանքով կը յիշուին հայրենիքի համար մեռնելու ճանապարհի վրայ կանգնողներու կողմէ:
Ագրիպասեան եւ Գոլոշեան ցոյց չեն տուած առանձին գործունէութիւն մը, բայց անոնց մահը կը հրաւիրէ ուշադրութիւնը մասնաւորապէս Կովկասի ու Հայաստանի շատ գաղափարական գործիչներու, որոնք մէկը միւսի ետեւէն կու գան Սալմաստ եւ շրջակայ գաւառները` Երկրի համար գործելու նպատակով: Այդ կը կատարուի 90-94 թուականներուն, երբ կուսակցութիւնները դեռ կը շփոթուէին մի միմեանց հետ եւ պարզ ու յստակ բաժանում չկար անոնց միջեւ, մարդոց գիտակցութեան մէջ: Ահա այդ ժամանակներն է, որ Սալմաստ կու գան Տիգրան Բեգլարիչը, Բագրատ Վարդապետը (Թաւաքալեան), Իշխան Արղութեանը, Աւետիսեանը (Արմենական), Սեւքարեցի Սաքոն, Պետոն, Վարդանը, Ջալլաթը, ինչպէս նաեւ Թորոսը, Երուանդ Թաղիանոսեանը, Սարգիս Օհանջանեանը, Մովսէսը, Բժ. Յակոբեանը եւ ուրիշներ: Ասոնք նպատակ ունէին Երկրի համար գործիչներ ուղարկել, ուժեր հասցնել այստեղ, կազմակերպել եւ ապա հաստատել սուրհանդակային յարաբերութիւն Երկրի հետ: Որպէսզի կազմակերպութիւնը հեռու լինի ժողովուրդի եւ թուրք ու պարսիկ կառավարութիւններու աչքէն, անոնք կ’որոշեն խարիսխ դարձնել Դերիկի վանքը եւ այդ նպատակով կը ձեռնարկեն անոր վերանորոգման: Վանքը եւ իր շրջակայքը փաստօրէն ենթակայ չէին ոչ պարդսից եւ ոչ ալ տաճկաց իշխանութիւններուն: Այնտեղ կային միայն քրտական աշիրէթներ: Քանի մը տասնեակ ֆետայիներ, գրաւելով վանքը, կը հիմնեն այնտեղ տեսակ մը կիսանկախ իշխանութիւն: Ֆետայիները կը տարածեն իրենց պաշտպանութիւնը նաեւ Դերիկի մօտ գտնուող քանի մը գիւղերու վրայ (Հխվերան, Փարիկ, Ասլանիկ եւայլն):
Դերիկը շարունակ ենթակայ էր քրտական յարձակումներուն, ինկած լինելով քրտութեան գրեթէ սրտին մէջը, բայց այդտեղ հաւաքուած զինուորները, որոնք յայտնի էին իրենց քաջութեամբ, յետ կը մղէին այս յարձակումները: Վանքը, այսպէսով, դարձած էր կենդանի մարզարան մը կռիւներուն վարժուելու համար: Այդտեղ էին Վարդանը եւ Սեւքարեցի Սաքոն, որ չունգուրը ուսին, հրացանի հետ միասին, ման կու գար այդ վտանգաւոր ճանապարհները եւ պահակութիւն կ’ընէր: Այդտեղ էր Մովսէսը, որ իր քաջութեամբ հռչակ էր հանած քիւրտերու մէջ (բայց որ կը սպաննուի քիւրտերու հետ իր ունեցած ընդհարման ժամանակ), Վանեցի Կարապետը եւ շատ ուրիշներ, որոնք փոխն ի փոխ կ’երթային Երկիր ու կը վերադառնային:

Շար. 142


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝