Յայտարարութիւն

Tuesday, September 21, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-144-Ռուբէն

Նիկոլի ու Ներսէսի Երկրէն դուրս գալէն քիչ մը ետք, կը սկսի Վասպուրականի կոտորածներն ու կռիւները: Այդ ատենները, Սալմաստ միացեալ ուժերով աշխատանք կը կատարուէր: Հոն հաւաքուած էին ամէն կողմէ, բոլոր կուսակցութիւններէ գործիչներ ու զինուորներ, որոնք կը պատրաստուէին Երկիր անցնելու: Կը կազմակերպուի մեծ խումբ մը` բաղկացած Արմենականներէ եւ Դաշնակցականներէ: Այդ իսկ ժամանակ լուր կը ստացուի, որ Վանի կռիւն ու կոտորածը սկսուած են: Աւետիսեանի խումբի առաջապահ Մուշեղի խումբէն քանի մը հոգի ազատուելով տաճիկներու ու քիւրտերու հալածանքներէն, կու գան եւ կը պատմեն Վանի կռիւներու մասին: Անոնք կը յայտնեն, որ Վանը դատարկուեր է յեղափոխականներէ, որ Աւետիսեանի (արմենական), Պետոյի (դաշնակցական) եւ Մարտիկի (հնչակեան) խումբերը ճանապարհին կռիւներու բռնուեր են քիւրտերու հետ: Իսկոյն Սալմաստի բոլոր գիւղերէն կը հաւաքուին զինուորները, մօտ 200 հոգի, 24 ժամուան մէջ ռեկւիզիցիայի (բռնագրաւման) կ’ենթարկուին բոլոր ձիերը եւ ճանապարհ կ’իյնան դէպի տաճկական սահմանը` օգնելու Վանէն նահանջող խումբերուն: Բայց ուշ էր արդէն: Պետոյի եւ Մարտիկի միացեալ խումբերը Կոթուրի ճանապարհին ամբողջովին կոտորուած էին (միայն ասորի մը ազատած էր), իսկ Աւետիսեանի մեծ խումբին մեծ մասը փճացած էր Բարթողիմէոս Վանքի մօտերը, փոքր մասը 30-40 հոգի, փախած էր Սալմաստ, եւ մնացածն ալ յետ նահանջած էր դէպի Վան եւ շրջակայքը:
Ինչպէս ըսի, Երկիր գնալու եւ զէնք փոխադրելու նպատակով ամէն կողմէ Սալմաստ եկած էին բազմաթիւ գործիչներ եւ զինուորներ: Այդտեղ հաւաքուեր էին հին գործիչներէն ընկերներ Օհանեանը, Իշխան Արղութեանը, Սաթենիկը, Նիկոլը եւ նորերէն Սեմերճեանը, Գուրգէն եւ ուրիշներ: Կային նաեւ բազմաթիւ զինուորներ` տաճկահայ եւ ռուսահայ: Սալմաստի գաւառակը, որ տնտեսապէս խեղճ վիճակի մէջ էր, անկարող էր պահել այդ հարիւրաւոր օտարականները, որոնք զուրկ էին ապրուստի սեփական միջոցներէ եւ կը կերակրուէին տեղացիներու հաշւոյն: Զինուորներու եւ գործիչներու վրայ պիտի աւելցնել նաեւ Երկրի մէջ տեղի ունեցած կռիւներու ու կոտորածներու հետեւանքով փախած ժողովուրդն ու զինուորները, որոնք նոյնպէս կը ծանրանային Սալմաստի բնակիչներուն վրայ:
Այս ամէնը առաջ բերած էին Սալմաստի մէջ երկուստեք դժգոհութիւններ եւ ստեղծած էին մթնոլորտ մը, ուր կը բացակայէր փոխադարձ սէրն ու միաբանութիւնը: Այս կացութենէն դուրս գալու համար պէտք էր ելք մը գտնել: Հարցը դրուած էր այսպէս` Վանի անյաջող կռիւներէն յետոյ, երբ այնտեղի ուժերը դուրս կու գային Երկրէն, պէ՞տք էր, արդեօք, հոն գնալ խումբերով կամ զէնք ուղարկել Վան:
Այս հարցին շուրջ կարծիքները կը տարբերէին: Սալմաստ գտնուող գործիչներէն մաս մը, հիմնուած Վասպուրականէն ուղարկուած Վարդանի եւ Տէրոյեան նամակներուն վրայ, կ’ըսէին թէ պէտք է հոն օգնութիւն հասցնել ու ոյժ ուղարկել, իսկ միւսները կը կարծէին, թէ պէտք է Սալմաստ հաւաքուած ուժերը տրամադրուին մեծ արշաւանք մը կազմակերպելու եւ վրէժ առնելու` խումբերը կոտորող աշիրէթներէն: Առաջին տեսակէտին ջերմ կողմնակից էին` Սեմերճեանը, Կարոն, Գուրգէնը, Արամայիսը եւ տաճկահայ զինուորութեան մեծը մասը, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի գաւառական գործիչները` Նոր Գեղի Հաջին, Շախտու Բազիկը, Յոխնին, եւն.: Արշաւանքի կողմակից էին` Նիկոլը, Բժ. Օհանեանը, Իշխանը, Սաթենիկը: Այդ երկու հարցերու շուրջը նոյնիսկ կիրքեր կը յուզուէին: Զինուորներու պահելը դժուարութիւններու կը հանդիպէր տնտեսական նեղ վիճակի պատճառով, եւ եթէ անհրաժեշտ էր զանոնք ճամբել, ատիկա պէտք էր ընեկ շուտ: Ի վերջոյ կանգ կ’առնուի միջին ճանապարհի մը վրայ: Կ’որոշուի մաս մը զինուորներ պարբերաբար ուղարկել Երկիր, իսկ միւս մասը ցրել շրջակայքը:
Առաջին խումբը կ’որոշուի Օգոստոսի կէսին ուղարկել Պետրոս Սեմերճեանի ղեկավարութեամբ: Այդ խումբին մէջ կը մտնեն` Գուրգէնը` Սասունի ապագայ ղեկավարը, Արամայիսը, Խեչոն, Նիկոլը, թիւով մինչեւ 13 հոգի: Ասոնք ապահով եւ անվնաս կը հասնին Վան, ուր կը միանան Տէրոյեանի խումբին: Երբ այս խումբը տեղ կը հասնի եւ միւս կողմէ Երկրէն լուր կը ստացուի, որ Դաշնակցութիւնը չէ մեռած, որ ողջ են թէ Վարդանը եւ թէ Տէրոյեանը, կ’ուղարկուի Սեմերճեանի ճանապարհով երկրորդ խումբ մը` 35էն անց: Իսկ Թադէոս Առաքեալի վրայով, Աբաղայով, փոքրիկ խումբ մը, 7 հոգիէ բաղկացած, Սահակեանի ղեկավարութեամբ: Շէկոյի խումբը Սեպտեմբեր ամսի մօտերքն է, ճանապարհ կ’իյնայ Սեմերճեան ճանապարհով եւ ապահով տեղ կը հասնի (մի երկու թեթեւ եւ աննշան պատահարներու կը հանդիպին): Իսկ Աբաղայով գացող խումբը աւելի ուշ դուրս կը գայ, երբ արդէն ցուրտը սկսած էր: Կը պաշարուի Հայտարանցի քիւրտերով, տեղի կ’ունենայ կատաղի կռիւ մը խումբը, թշնամիէն երկու անգամ աւելի զոհեր խլելէն յետոյ, ամբողջովին կ’ոչնչանայ:
Շար . 144


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝