Յայտարարութիւն

Thursday, September 23, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 145 -Ռուբէն

Այս դէպքերէն վերջ կը պատրաստուի մեծ խումբ մը` մօտաւորապէս 80 հոգիէ բաղկացած, որ Կարոյի առաջնորդութեամբ պիտի անցնէր Վան` միանալու Վարդանին եւ Տէրոյեանին: Խումբը արդէն պատրաստ էր ճանապարհ ընկնելու, երբ Խոյէն հեռագիր կուգայ, թէ Վարդանը իր խումբով վերադարձեր է Սալմաստ: Կը պարզուի, որ երբ Սեմերճեանի եւ Շէկոյի խումբերը ապահով մինչեւ Վան կը հասնին, կը գրաւեն կառավարութեան ուշադրութիւնը Վանի վրայ եւ քաղաքին մէջ նորէն կը սկսի կռիւներ, որմէ յետոյ ստիպուած կը լինին թողնել քաղաքը եւ դուրս գալ այնտեղէն եւ կռիւ մըն ալ Կէմի մօտ տալէն յետոյ, ապաստանիլ Սալմաստ, ձգելով Տէրոյեանը հիւանդ վիճակի մէջ Վասպուրական: Երբ Երկիր գացած խումբերը ստիպուած կը լինին իրենց ղեկավարներով թողնել Երկիրը եւ դուրս գալ այնտեղէն, այլեւս անիմաստ կը դառնայ Կարոյի խումբը ուղարկելը: Նորէն կ’ուժեղանայ այն հոսանքը, թէ Սալմաստ հաւաքուած ուժերը պէտք է օգտագործուին արշաւախումբ մը կազմակերպելու քրտերու վրայ` առնելու համար Աւետիսեանի, Պետոյի եւ Մարտիկի վրէժը: Նիկոլ աւելի ուժգին կը պնդէ այդ տեսակէտին վրայ, թէեւ Երկիր գնալու եւ Երկիրը ուժեղացնելու միտքը կը պաշտպանէին կարգ մը մարդիկ, որոնց մեծ մասը տաճկահայեր էին: Վրայ հանող ձմեռը ժամանակաւորապէս վերջ կու տայ այս տարակարծութիւններուն, անհնարին դարձնելով ե՛ւ արշաւանք, ե՛ւ Երկիր խումբեր ուղարկելը: Ստիպուած կը լինին ցրել զինուորներու մէկ մասը, ուղարկելով զանոնք մինչեւ Թաւրիզ եւ Կովկաս, որպէսզի թեթեւանայ Սալմաստի վիճակը, մինչեւ գարնան գալը:

Այդ ձմեռ կը սպաննուի Շէկոն Թաւրիզ իր զինուորներուն կողմէ: Ան չափազանց կոպիտ մարդ մըն էր, թէեւ շատ անձնազոհ, եւ չէր կրնար վարուիլ իր զինուորներու եւ ընկերներու հետ: Հասարակ հարցի մը` ծխախոտի թէ կերակուրի շուրջը վէճ տեղի կ’ունենայ անոր եւ իր զինուորներուն միջեւ, որոնցմէ մէկը, համբերութենէն ելլելով, կը խփէ անոր գլխուն լուացուելու ատեն եւ տեղն ու տեղը կը սպաննէ: Շէկոն կը թաղեն Թաւիրզ: Զայն սպաննող զինուորներէն մէկուն համար կ’որոշեն դուրս նետել ընկերական շարքերէն, մինչեւ որ մեծ քաջութիւն մը չգործէ, իսկ միւսին համար կ’որոշեն տեռոր եւ ան կը սպաննուի Սալմաստ, Կարոյի ձեռքով: Առաջին զինուորը Փարամազի հետ Երկիր կ’երթայ եւ կը սպաննուի Վանի ճանապարհին:

Տարակարծութիւնները արշաւանքի դէմ Երկիր անցնելու շուրջը կը շարունակուին մինչեւ գարուն եւ կարծեմ հարցը կ’որոշուի ի վերջոյ Ընդհ. Ժողովին կողմէ յօգուտ արշաւանքի: Բայց պայքարները սուր կերպարանք կը ստանան եւ Բիւրոն Սալմաստ կ’ուղարկէ Շահիկեանը` հարթելու վէճերը եւ ոյժ տալու արշաւանքի պատրաստութիւններուն: (Մինչ այդ` Երկրէն կանչած էին նաեւ Տէրոյեանը, որպէսզի ան վճռէ խնդիրը, բայց ան անյաջողութեան հանդիպած էր): Շահրիկեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց մէջ կ’որոշեն կազմակերպել պատժիչ արշաւանք, բայց միաժամանակ նաեւ Երկիր ուղարկել գործիչներ ու զինական պաշար Վասպուրականի եւ Դուրանի համար: Երբ լեռները կ’ազատուին ձիւներէ, կը պատրաստուին Երկիր ուղարկել Յունիսին երկու խումբեր, մէկը` Տէրոյեանի եւ միւսը հնչակեան Փարամազի առաջնորդութեամբ: Տէրոյեանի խումբին մէջ կը մտնեն այ ուժերը, որոնք Վասպուրականէն պիտի անցնէին ա՛լ աւելի առաջ` քան Դուրան: Ատոնց մէջն էին Գուրգէնը, Փարսագանը, Անդրանիկը եւ միւսները: Այս խումբը ճանապարհ կ’իյնայ եւ ապահով տեղ կը հասնի, Փարամազի խումբը դեռ Վան չհասած, կռուի կը բռնուի ճանապարհին, որու հետեւանքով անոր մեծ մասը կը կոտորուի եւ միայն քանի մը հոգի կը յաջողին Փարամազի հետ միասին հասնիլ Վան:
Երբ այդ խումբերը կ’երթային, եռանդոտ պատրաստութիւններ կը տեսնուին արշաւանքին համար: Ատրպատականի մարտական եւ միւս բոլոր ուժերը կը կեդրոնացուին Սալմաստ: Թաւրիզէն կու գան Թորոսը, Սամսոնը, Արղութեանը եւ Սալմաստի միւս գործիչները, ինչպէս Բժ. Օհանեանը, Կարոն, Նիկոլը, Վարդանը, Փոխիկը, Ախպէրը, Սաքոն եւ տարբեր կրթութեան ու տարբեր դիրքի ուրիշ ընկերներ ու զինուորականներ: Հաւաքուածներու մէջ կային ներքին խմորումներ այս կամ այն անհատին դէմ: Մեծ դժգոհութիւն կար մանաւանդ Նիկոլի հանդէպ, որուն չէին համակրեր շատերը (գլխաւորապէս անոնցմէ, որոնք կողմնակից էին Երկիր խումբ անցկացնելուն):

Շար. 145


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝