Յայտարարութիւն

Saturday, September 25, 2010

Հայ Յեղաթոխականի մը Յիշատակները-146-Ռուբէն

Նիկոլի համար էականն էր յաջողցնել արշաւանքը: Թէեւ ան էր միակ արժանաւորը ղեկավար լինելու արշաւանքին, կամ առնուազն լինելու ղեկավարի օգնական, բայց զայն կը կարգեն միայն յիսնապետ, իսկ խմբի ղեկավար կ’ընտրեն Վարդանը, անոր օգնական` Իշխան Արղութեանը, հարիւրապետներ` Փոխիկը, Ախպէրը եւ ուրիշներ, որոնց անունները չեմ յիշեր. ձիաւորներու ղեկավար կը դառնայ Սաքոն: Այդպէսով մօտ 400 հոգինոց խումբ մը Յուլիսի կէսերուն ճանապարհ կ’իյնայ դէպի սահման: Ատիկա առաջին ամենամեծ խումբն է ամբողջ Դաշնակցութեան գործունէութեան ընթացքին:
Առաուլ լեռը կայ, որ կը բաժնէ Տաճկաստանի սահմանը Պարսկաստանէն. այդ լերան լանջերին է Խանասորը, որտեղ ղոզան էր ելած Մազրիկցի աշիրէթը, ան որ կոտորած էր Աւետիսեանի խումբը: Որոշում կը տրուի բնաջինջ ընել այդ աշիրէթը իր ցեղապետ Շարաֆ բէկով: Երկու օր խումբ աննկատելի ճանապարհ կ’երթայ լեռներով եւ կը պահուի Առաուլի ծալքերուն մէջ, իսկ գիշերը ճանապարհ գնալով կը պաշարէ Մազրիկցիներու աշիրէթը: Արշալոյսը դեռ չբացուած խումբը կը յարձակի Մազրիկցոց վրայ եւ կը կոտորէ ձեռք ընկածը: Քիւրտերը յանկարծակիի գալով դիմադրութիւն չեն կրնար ցոյց տալ, եւ կը սկսին փախչիլ, ձգելով ամէն ինչ: Կը յաջողի ճողոպրիլ Շարաֆ բէկը, թողնելով իր աշիրէթը ֆետայիներու ձեռքին: Քիւրտերէն շատերը կը սպաննուին, իսկ մերոնք, քանի դեռ շրջակայ աշիրէթները չէին կտրած իրենց ետեւը, կը սկսին նահանջել դէպի Սալմաստ: Ամէն կողմէ ձիաւորներ կը հասնին ու կ’աշխատին նահանջի ճանապարհները կտևել: Ֆետայիները կը կռուին եւ կուտան իրենցմէ 19 սպաննուածներ եւ կորուստներ, որոնց մէջ Կարոն (Թէ ի՞նչ է պատահեր իրականին մէջ Կարոյին հետ, ոչ ոք գիտէ. կարծիքներ կան, որ ան սպաննուած է քիւրտերէ, իսկ ոմանք ալ կ’ենթադրեն թէ ան ինքնասպան եղած է: Զայն ոչ ոք տեսեր է յարձակումը վերջանալէն յետոյ` նահանջի ընթացքին: Կարոն արդէն մօտ մէկ տարի մահ կը փնտռէր: Ան ունէր հոգեկան խոր վիշտ մը, որ առաջ եկած էր Մարոյի հանդէպ տածած սէրէն: Մարոն ուսուցչուհի էր Թաւրիզ եւ դաշնակցական էր: Ան եւս խելագարի նման սիրահարած էր Կարոյին: Բայց քանի որ այդ ատենները հոն (ինչպէս Տաճկաստան մինչեւ վերջերը), կը տիրէր հոգեբանութիւն մը, որ սիրահարութիւնը եւ ամուսնութիւնը արգելք կը լինին յեղափոխականի ազատ գործունէութեան եւ սէ՛րը որպէս շղթայ մը, կը կաշկանդէ ուխտեալ յեղափոխականի թռիչքները, Կարոն եւ Մարոն կը ջանային խեղդել իրենց բնական զգացումները: Եւ որպէսզի Մարոն ազատէ եռանդուն եւ միշտ Երկիր ձգտող Կարոն սիրոյ կաշկանդումներէն, ինքնասպան կը լինի եւ նամակ մը կը ձգէ Կարոյին, յայտնելով թէ ինչ պատճառներէ դրդուած կ’ընէ այդ քայլը: Կարոն իր սիրած աղջկան մահէն յետոյ ոչ թէ ինքզինք ազատ կը զգայ կաշկանդումէ, այլ կը մատնուի խոր յուսալքութեան ու հոգեկան տանջանքներու: Կեանքը այլեւս դատարկ ու անարժէք կը դառնայ անոր համար: Ատով պիտի բացատրել անոր անժամանակ ու խորհրդաւոր անհետանալը: Գուցէ ան գնաց Մարոյի ետեւէն, գնաց զայն փնտռելու համար…):
Խումբը իր վրայ դրած խնդիրը գրեթէ յաջողութեամբ լուծելէ յետոյ, կը դառնայ Սալմաստ: Բայց արդէն տաճիկ կառավարութիւնը սկսած էր դիմումներ կատարել պարսից կառավարութեան մօտ, պահանջելով զսպիչ միջոցներ ձեռք առնել հայ ֆետայիներու դէմ: Կրնային լուրջ բարդութիւններ ծագիլ: Մնաց որ այլեւս միտք չկար այդչափ զինուորներ եւ գործիչներ պահել Ատրպատական: Այս նկատումներով, կ’որոշուի զինուորները զանազան ճանապարհներով փոխադրել Կովկաս եւ ուրիշ վայրեր, որով Պարսկաստանը կը դատարկուի ֆետայիներէ: Սալմաստ կը մնայ միայն փոքրիկ խմբակ մը: Գործիչներն ալ կը քաշուին Կովկաս, բացի Սամսոնէն որ մինչեւ վերջ հոն կը կենայ: Մէկ կողմէ կաշառքը, միւս կողմէ պարսիկներու աւանդական անտարբերութիւնը` պատճառ կը դառնան, որ այս դէպքերը անցնին անուշադիր: Կը ձերբակալուին միայն տասնեակ մը աղբակեցիներ ու կը յանձնուին տաճկական հիւպատոսին, որ տեսնելով անոնց ֆետայի չլինելը, կ’ազատէ զանոնք եւ ասով ալ խնդիրը կը փակուի:
Խանասորի արշաւանքի բարոյական արժէքը մեծ եղաւ կուսակցական վերակենդանացման եւ քիւրտերու հետ բարեկամանալու տեսակէտէն: 1896 թուականէն յետոյ, ընդհանուր յուսալքում կը տիրէր հայութեան մէջ, յեղափոխականներու վարկը ինկած էր ժողովուրդին աչքին: Հնչակեան կուսակցութիւնը, որ ամենահին եւ ամենէն ուժեղն էր հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու մէջ, ենթակայ էր առաւել չափով ռէակցիայի հարուածներուն: Յուսալքումը թափանցած էր ոչ միայն ժողովուրդի, այլ նոյնիսկ Հնչակեան կուսակցութեան մէջ մինչ նա, ազդուելով այդ ամէնքէն, համարեա թէ ձեռք կը քաշէր Տաճկահայ խնդրէն, Դաշնակցութիւնը Խանասորի արշաւանքով կը յայտարարէր գործով, որ ինքը պիտի շարունակէր հայկական հարցի հետապնդումը, մինչեւ որ ան գոհացուցիչ լուծում մը ստանար: Խանասորի մեծ դէպքը լքուած հոգիներուն կենդանութիւն տուաւ: Դաշնակցութիւնը, շնորհիւ այդ արշաւանքին, խլեց Հնչակեան կուսակցութենէն խոշոր հատուածներ եւ առաւ ու ձուլեց իր մէջ:

Շար. 146



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝