Յայտարարութիւն

Monday, September 27, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 147 - Ռուբէն

Արշաւանքը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ նաեւ քիւրտերու հոգեբանութեան վրայ: Անոնք տեսան, որ Հայը կրնայ պատժել զինքը կոտորողը եւ կրնայ ընել ատիկա կազմակերպուած եւ բաւականին մեծ ուժերու միջոցով: Անոնք սկսան վախնալ հայերէ եւ հասկցան, որ ապագային ամէն անգամ պատասխանատու պիտի ըլլան իրենց արարքներուն համար` ընդդէմ հայերու: Խոր տպաւորութիւն ձգեց քիւրտերու վրայ նաեւ ֆետայիներու ուժը, որ չափազանցեալ ձեւով անդրադարձաւ անոնց երեւակայութեան մէջ: Դաշնակցութիւնը այսուհետեւ կը պատկերանար անոնց որպէս մի պետութիւն, որ եթէ թոյլ էր Տաճկաստանի համեմատութեամբ, բայց ունէր պահանջներ, որոնք արդար էին եւ որոնք օր մը կրնային իրականանալ: Հայերը, կ’ենթադրէին քիւրտերը, կարող էին իշխանութիւն ունենալ եւ պատժել զիրենք: Ատոր իբրեւ հետեւանք, անոնք աւելի զգոյշ կը դառնան, կը հակուին դէպի չէզոքութիւն եւ նոյնիսկ կը սկսին որոշ համակրութիւն տածել դէպի հայերը: Քիւրտերու հոգեբանութեան մէջ առաջ եկած այս փոփոխութիւնները ապագային հիմք պիտի ծառայէին բարեկամութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներու համար: Ինչպէս շատերու, բայց մասնաւորապէս քիւրտերու համար, գնահատելի եւ պաշտելի է ֆիզիքական ոյժը: Եթէ մէկը ոյժ չունի եւ յենուած է միայն գեղեցիկ քարոզներու վրայ, ան քիւրտի աչքին որեւէ արժէք չի ներկայացներ: Խանասորի դէպքով սահմանամերձ բոլոր քիւրտերը զգացին որ հայերը կարող են ե՛ւ ոյժ ներկայացնել: Ատով պիտի բացատրել այն հանգամանքը, որ 97 թուականէն յետոյ, քիւրտերու յարաբերութիւնները դէպի ֆետայիները ոչ թէ վատացան, այլ, ընդհակառակն, դէպի բարեկամութիւն կամ չէզոքութիւն թեքուեցան, որի հետեւանքով ալ Սալմաստի եւ Վասպուրականի գործունէութիւնը հիմնովին փոխուեցաւ: Մինչ այդ, ռազմամթերքի փոխադրութիւնները կը կատարուէին խումբերու միջոցով, որոնք մի մի հրացան առած, մեծ մասամբ կռուով որու ընթացքին մեծ քանակութեամբ զոհեր կու տային, կ’երթային մինչեւ Վան: Այնտեղէն խումբի մի մասը, զէնքերը հոն թողնելով, իսկ միւս մասը այդ անզէնները պաշտպանելու համար, առնելով տարած զէնքերու մի մասը, նորէն կը վերադառնային Սալմաստ, որպէսզի վերստին զինուին եւ դառնան Երկիր: Տարուած ռազմամթերքին 15-20 առ հարիւրը միայն կը հասնէր իր նպատակին, իսկ մնացածը կամ կը կորսուէր, կամ կը ծախսուէր ճանապարհին այդ նոյն կռիւներու ժամանակ, եւ կամ ետ կու գար նորէն Պարսկաստան: Երկիրը իրականին մէջ, շատ քիչ օգուտ կը ստանար այդ խումբերէն, բայց ուրիշ միջոց չկար, որչափ ատեն որ քիւրտերը թելադրուած տաճիկ կառավարութենէն, անպատասխանատու կերպով ամէն մի գացող կարաւան կը խուզարկէին ու կը թալլէին, ամէն մի օտարական կը ձերբակալէին, ամէն մի մարդ, լինի հայ թէ քիւրտ, եթէ ան կը կասկածուէր թէ զէնք, նամակներ կամ գրականութիւն կը փոխադրէ, կը սպաննէին:
Խանասորի արշաւանքէն յետոյ, սակայն, բոլոր քիւրտերը ինքզինքնին զսպուած կը պահէին եւ եթէ կառավարութեան անմիջական ճնշումը չլինէր, չէզոք դիրք կը բռնէին եւ երբեմն ալ նոյնիսկ կ’օգնէին մեր փոխադրական գործին: Որով, եթէ մինչեւ 1908 թիւը, մօտ տասը տարի, քիչ եղած են կռիւները եւ քիչ խումբեր անցեր են դէպի Վասպուրական, բայց շատ բեղմնաւոր եղած է մեր աշխատանքը: Սալմաստի եւ վանքի միջոցով միայն, փոխադրուեր են միլիոնաւոր փամփուշտներ եւ հազարաւոր զէնքեր, եւ մարդկային զոհերի թիւը եւ զէնքերու կորուստները շատ աւելի սակաւ են եղած, քան 90-96 թ.թ.:

Շար. 147


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝