Յայտարարութիւն

Thursday, September 16, 2010

Մտորումներ՝ Համահայկական Կրթական 4-րդ Խորհրդաժողովի մասին

Գէորգ Պետիկեանի այս յօդուածը իրական պատկերն է Կրթական Դ. Խորհրդաջողովին, որ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ 13-17 Օգոստոսին:Կարելի է աւելցնել մէկ բան միայն, որ մեր սիրելի մասնակիցները ՝ անխտիր ,ցուցաբերեցին մանկավարժի փրոֆէսիօնալ եւ արժանավայել կեցուածք բոլոր մարզերու մէջ, բոլոր մակարդակներու վրայ:Գովելի միայն:

«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Մտորումներ՝
Համահայկական Կրթական 4-րդ Խորհրդաժողովի մասին
(Ծաղկաձոր 13 17 Օգոստոս, 2010)

Գէորգ Պետիկեան

Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան, 13 ՎՆ 17 Օգոստոս, 2010-ին, Ծաղկաձորի Multi Rest շքեղ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 4-րդ Կրթական խորհրդաժողովը, որուն հրաւիրուած էին 18 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբա-ղէն, ամէնօրեայ, միօրեայ եւ կամ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ փոխ տնօրէններ, համալսրանական փրոֆէսէօրներ, մշակութային կեդրոններու անդամներ, վերահսկիչներ, թեմական կրթական խորհուրդի անդամներ եւ ներկայացուցիչ-ներ, կրթական բաժիններու ղեկավարներ եւ բաժանմունքներու վարիչներ, մասնագէտներ, աշխատակիցներ, դաստիարակներ, մեթոտիստներ, հոգաբարձուներ, փորձագէտներ, գիտաշխատողներ՝ շուրջ 150 կրթական մշակներ:

***

Այս առթիւ՝ կ'արժէ որոշ չափով լոյսին բերել խոհրդաժողովին լիագումար եւ կամ մասնակի ժողովներու ընթացքին սրտբացօրէն արծարծուած կարեւոր այն կէտերը՝ մտահոգութիւններէն մինչեւ թելադրանք-առաջարկները, մինչեւ հարցերն ու դժուարու-թիւնները, որոնք արծարծուեցան եւ կամ ներկայացուեցան ժողովին մասնակից Սփիւռքի եւ Հայաստանի կրթական մշակներու կողմէ:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, խորհրդաժողովի առաջին օրն իսկ, ես ինծի համար հարց, թէ այս խորհրդաժողով մենք ներկաներս ուր կÿուզէինք երթալ եւ որ ուղղութեամբ քալել:
Ըստ իս ներկայացուած կամ արծարծուած բազմազան խնդիրները այնքան ալ դիւրին կամ հեզասահ լուծուելիք ճամբաներ չունէին: Եթէ նոյնիսկ նման բաներ կային, այդ բոլորը պիտի կարօտէին լուրջ ուսուամնասիրութիւններու, որոշ նիւթականի եւ մանաւանդ որոշ ժամանակի եւ հետեւողական աշխատանքի:
Նախ ըսեմ, որ մեր հայրենիքը իսկապաէս փոխուած էր: Արդիականացած էր: Միւս կողմէ չեմ կարծեր, որ բոլորին համար նորութիւն էր, որ այսօրուայ Սփիւռքն ալ իր կարգին տարբեր կառոյց դարձած էր:
Արեւու նման յայտնի էր, թէ այսօրուան Սփիւռքի թիւը աւելցած եւ նոյնիսկ կարգ մը գաղութներէ ներս բազմապակուած էր, Հայաստանէն զանազան պատճառներով արտագաղթածներով:
Ուստի, ինծի համար անվիճելի կը մնար Հայաստան-Սփիւռք կապի հիմնական ամրապն-դումը:
Այս ժողովին մասնակիցները, բոլորս ալ Մեսրոպ Մաշտոցի դարաւոր բանակին զինուո-րագրեալներ կամ կամաւորներ, այդ հինգ օրերու վրայ երկարող կարճ ժամանակին մէջ, անշուշտ որ որոշակի եւ յստակ ըսելիքներ ունէինք, համագործակցութեան մտահոգու-թիւններէն մինչեւ կրթական եւ ուսումնական հարցերուն իրազեկ եւ բաժնեկից դարձնելու միտումներ, հայերէն լեզուի դասագիրքերու զանազանութիններէն մինչեւ ամէն տեղ եւ ամէն առիթներով մաքուր հայերէն խօսելու անհրաժեշտութիւնը եւ տակաւին զանազան եւ բազմազան կէտերու մասին լուծումներ եւ խորհուրդներ:
Կը կարծէին, որ այդ բոլորին մէջ էականն էր Սփիւռքի եւ Հայաստանի խրամատը նեղցնել փորձող այս նախաձեռնութեան յաջողութիւնն ու արդիւնաւորումը, որ իր կարգին պիտի ամրապնդէր նաեւ կապը հսկայ մեր երկու հատուածներուն միջեւ:
Այսինքն կրթակա-դպրոցական-ուսումնական-եւ զանազան հասարակական բազմազան եւ բազմաշերտ հարցերու կողքին, ժողովը պիտի միտէր նաեւ նոր շունչ եւ ոգի տալ Հայաս-տան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ մանաւանդ ազգային մեր ներկայ ինքնութեան:

Տեղի ունեցած անկաշկանդ արտայայտութիւններն ու տրուած թելադրանքները դրական իրենց արձագանգը ձգեցին մեր նոր սերունդի հայապահպանման հարցին վրայ:
Մէկ խօսքով մեզ՝ մասնակիցներս տանջող մեծ խնդիր մըն էր այս մէկը:
Գնահատելի էր այն երեւոյթը, որ ամէն անգամ եւ ամէն առիթով ներկաներէն շեշտուեցաւ, թէ ազգային մեր լեզուն իր որոշիչ դերը ունէր մեր գոյութեան մէջ: Ասոր իբրեւ հարազատ ծնունդ շեշտուեցաւ աշխարհի տարածքին հայ ըլլալու եւ մանաւանդ հայ մնալու առաջնահերթ խնդիրը:
Մեր նոր սերունդի մօտ ինքնագիտակցութեան, զոհողութեան, ինքնաճանաչման, պատկանելիութեան ու մանաւանդ հայախօսութեան կէտերը թելադրական շունչով վերարծարծուեցան:
Խորհրդաժողովին մեր բոլորին անձնական կամ հաւաքական շփումները անկասկած, որ իրենց բարերար դերն ու գործը ունեցան մեր մտքերու զարգացման բաժնէն ներս:
Շեփորուեցան հայ աշակերտին մօտ հայերէնախօսութեան նուազումը, անոր ունեցած բառապաշարի պակասը, այս ձեւով հայերէն լեզուի նահանջը, ինչպէս նաեւ որոշ ծրագիրներու չգոյութիւնը, ուսուցման կերպերը, յարմարագոյն դասագիրքերու ոճը, պակասն ու ներկայ բազմաշերտ իրավիճակը:
Ինծի համար բացարձակ իրականութիւն էր այն վարկածը, որ հայկական ամէն տեսակի ուսումնարաններէն ներս հայերէնը ապրումի պէտք էր վերածել եւ թէ կրթական մշակը պէտք էր ունենար իր յանձնառութեան նկատմամբ յստակ հաւատք եւ առաքելութիւն:
Այս մասին ող մէկ առարկութիւն:
Կը յուսայի, որ կարելի պիտի ըլլար նաեւ ուսումնական եւ կրթական ծրագիրներու բարեփոխումներն ու արդիականացումները տեսնել եւ մանաւանդ՝ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն նոր դասագիրք պատրաստելու կամ ունենալու ճշգրիտ ու կողմորոշուած քայլերը լսել եւ տեսնել:
Ըսի դասագիրեր, որոնք քայլ պահելով հանդերձ ներկայ մեր ապրած դարուն եւ ժամանակաշրջանին հետ, միւս կողմէ ոչ միայն պիտի պահէին մեր ազգային արժէքները, այլեւ պիտի պահպանէին զանոնք, զանազան մօտեցումներով կամ որդեգրումներով ու արդիական մեթոտոով ու ոճով:
Այս մէկուն՝ դասագիրքերուն կապակցութեամբ, տակաւին յոյսս չեմ կտրած:

Աւելցնեմ նաեւ, որ թէեւ բացայայտուած քննարկումներուն եւ հարցադրումներուն ընթացքին կը գիտակցէի, թէ վերջ ի վերջոյ ներկայացուած մտահոգութիւնները որոշ չափով եւ ձեւով մեր բոլորին մօտ նոյնն էին, սակայն էական այն էր թէ ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն շուտ կարելի պիտի ըլլար զանոնք լուծելը:
Այս մէկն ալ մօտս հարցական եւ մտահոգիչ մնաց մինչեւ ժողովի աւարտը:
Ուստի կարեւոր նկատեցի մեր ներուժը համախմբելու եւ մէկտեղելու խնդիրը։
Պէտք էր, ըսել նաեւ, որ լոկ կրթական կամ ուսումնական ծրագիրներ մշակելու չէինք հաւաքուած, այլ անոնց մշակումներէն ետք, անոնց հետապնդումը ապահովելու եւ գործադրութեան անցնելու առաջադրանքերն ու հարցերն ալ կային: Ասոնց մասին ալ պէտք էր որ մտածուէր:
Անոր համար էր, որ մեր բառերուն մէջ կար կշիռք եւ մտահոգութիւն: Կար նաեւ հայկական դիմագիծի պահպանման ակունքէն ծնած կուտակուած հարցեր:
Հայրենի եւ այլ Սփիւռքի մեր գործընկերներուն համար հաստատօրէն պարզած էինք, որ մենք սփիւռքահայ ուսուցիչներս, ամէնօրեայ կամ Շաբաթօրեայ մեր պաշտօնավարած վարժարաններէն ներս, իբրեւ հայ մտքի մշակներ, թէեւ հեռու էինք հայրենի մեր հարա-զատ հողէն, սակայն նոյն ատեն մեր ապրած երկիրներուն մէջ մեր աշակերտներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ստեղծած էինք հայուն պապենական հայրենիքը, միաժամանակ փոխանցելով նաեւ հայու ոգի եւ ապրում:
Մեր անհատական կամ խմբական խորհրդածութիւններու ընթացքին շեշտած էինք նաեւ, որ մեր մօտ ստեղծուած այդ հայրենիքը միշտ միաձուլուած կը մնար համայն հայութեան մեծ եւ մէկ հայրենքին՝ որ Հայաստան կը կոչուի:
Վերջ ի վերջոյ մեզի համար՝ հայեցի դաստիարակութեան նպատակն էր, պատրաստել հայ անհատը հասարակական կեանքին, նաեւ հայկական արժէքներ փոխանցել եւ ասոնց կողքին աշակերտներուն սրտին ու հոգիին մէջ հաւատք ներշնչել եւ ինքնագիտակցութիւն արթնցնել, հայութիւն ստեղծել, որպէսզի Սփիւռքի տարածքին հայ աշակերտը չդառնար ծագումով հայ:
Այս բոլորին համար էական էր հայերէն լեզուի դասագիրքը, մեր մայրենի լեզուին մաքրու-թիւնն ու ճիշդ գործածութիւնը, անոր՝ օտար բառերէն զերծ մնալու ու մաքրագործուելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս մեր մատղաշ սերունդի բերնին մէջ՝ հայրենքի կամ Սփիւռքի տարածքին, հաւասարապէս:
Ժողովին՝ հպարտալի երւեոյթ էր մէջբերումը, թէ իր կոչումին գիտակից հայ ուսուցիչը, կամ իր սրբազան առաքելութեան հաւատարիմ հայ դաստիարակը կը հաստատէ, թէ միայն հայերէն լեզուով կարելի էր հայեցի կրթութիւն տալ: Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ կը հաւատայինք, որ մեր ինքնութիւնը պահելու համար լեզուն եւ կամ մեր մայրենի լեզուի էականութիւնը նախապայման էր:
Հայը նախ պէտք էր հայօրէն ապրէր եւ այս մէկը կու գար իր պատկանելիութեան զգացումէն: Որովհետեւ վերջին հաշուով ինչ է ազգը, եթէ ոչ մայրենի լեզուն:
Լեզուն՝ մանաւանդ մաքուր ձեւով արտասանուած մայրենին, մեր գոյութեան մեծագոյն կռուանն է, կ'աւելցնեմ, ըսելով նաեւ թէ ան մեզի կու տայ աւիշ եւ զօրութիւն: Տարիներ առաջ մեր ծնողներն ու մեր ապրած երկիրներու անմիջական միջավայրը ու մանաւանդ մեր յաճախած ազգային վարժարանները մեզի սորվեցուցած էին, թէ մեր լեզուն մեր ոգեղէն հայրենիքն է ու նաեւ հոգեմտաւոր մեր արժէքներու շտեմարանը: Ուստի պէտք էր զայն խնամքով ու մաքուր պահել ու պահպանել եւ աւելին՝ անոր տէր կանգնիլ:
Ահա թէ ինչու ինծի համար լեզուն կը նմանի մարդու առողջութեան: Սպաննեցէք զայն՝ անմիջապէս այլ խօսքով՝ կը մեռնի զայն գործածող ժողովուրդը:
Ուստի հայօրէն ապրելու, գոյատեւելու եւ մեր արմատներուն հաղորդակից դառնալու միակ ձեւը եւ բանալին մեր մայրենի լեզուն է: Անոր համար իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւո-րութիւն մը ունի մեր մայրենիին հանդէպ եւ առաջին իսկ հերթին զայն լաւ իւրացնելն ու մաքուր պահելն էր:
Այս օրերուն, Սփիւռքի կամ հայրենիքի փողոցներէն մինչեւ մեր ժողովասրահները գրեթէ ամենուրեք, կարելի է լսել աղաւաղուած կամ »կարկտնուած« ձեւով խօսուած կամ արտայայտուած մեր մայրենին:
Այս մէկը ահազանգ դառնալէ աւելի ուրիշ սարսափազդու երեւոյթ ալ է:
Մտածել պէտք է: Անմիջական լուծման կը կարօտի:
Ասկէ մեկնած կը կրկնեմ, որ սփիւռքահայերուս համար առաջնահերթ է, որ մեր հայրենքիը չկորսնցնէ իր հայկական նկարագիրն ու դիմագիծը՝ հաւատքը, մշակոյթը, լեզուն։ Որովհետեւ պարզ է, որ Սփիւռքը չի կրնար երկար ապրիլ, առանց հզօր հայրենիքի։
Կը հաւատամ նաեւ, որ մենք իբրեւ սփիւռքահայեր, ուժեղ ենք, երբ հայրենքիը զօրաւոր է:
Այս բոլորը կÿըսեմ անոր համար, որովհետեւ կը կարծեմ, որ մենք արտրեկրի մէջ ապրող-ներս, մեր նկարագիրը հիմնած ենք մեր հայկականութեան վրայ: Այս մէկն է, որ մեզ ապրեցուցած է մինչեւ հիմա: Սակայն ի տես ներկայ տգեղ երեւոյթներուն, մեր յաջորդներուն մասին չեմ կրնար որեւէ ձեւով կողմնորոշուիլ կամ գուշակութիւններ կատարել: Միայն յոյսով եմ...:

Անցնելով խորհրդաժողովի մասնակից երկիրներու եւ անոնց ներկայացուցիչներու բաժնին, ըսեմ, որ յստակ էր բացակայութիւնը գանատահայ, Հարաւային Ամերիկայի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ազգային կամ յարանուանական ամէնօրեայ կամ միօրեայ վարժարաններու ներկայացուցիչներուն, որոնք կրնային իրենց փորձառութիւն-ները բաժնեկից դարձնել բոլորին:
Իսկ հայերէն լեզուի դասագիրքերու հարցին կապակցութեամբ, ընդահանուր տպաւորու-թիւնը այն էր, թէ բոլոր անոնք որոնք հայերէն լեզուի կամ այլ նիւթերու դասագիրքի պատրաստութեան աշխատանք կը տանին, միշտ նկատի պէտք է ունենան իրենց ապրած գաղութի պայմաններու ընդարձակ դաշտն ու անոր ակնկալութիւնները:
Եւ աւելին՝ լաւ կ'ըլլայ, որ հայ դպրոցը ենթարկուի իր շնչած հայ համայնքի զարգացման հոլովոյթին: Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ հայ դպրոցն է, որ պէտք է կազմաւորէ իրեն յանձնուած հայ մատղաշ երեխան կամ պատանին: Մէկ խօսքով, հայ դպրոցը իր բոլոր երեսներով եւ ձեւերով պէտք է գոհացնէ արդիական կրթական հաստատութեան մը բոլոր պահանջները, գործնական միջոցներով:
Իսկ հոն աւանդուած հայերէն լեզուի պարագային, այդ լեզուն պէտք է դառնայ հաղոր-դակցութեան, դատողութեան եւ տրամաբանութեան ճշգրիտ գործիք:

Արդ, իբրեւ վերջաբան, այս 4-րդ Խորհրդաժողովի բոլոր տուեալներէն մեկնած, իմ կարգիս համեստօրէն կը թելադրեմ.-
- յետ այսու նման ժողով-հանդիպում-խորհրդածութիւններուն ապահովել նաեւ ներկայութիւնը Սփիւռքեան կրթական զանազան հաստատութիւններու ներկայա-ցուցիչներուն:
- բոլոր մասնակիցները, նախապէս իրենց մօտ ունենան զրուցակիրներուն գրաւոր զեկուցումները կամ յանձնարարականները:
- խորհրդաժողովները առաւել եւս գործնական դարձնելու միտումով, զանոնք մասնագի-տական բաժանմունքներով դասաւորել եւ մասնայատկել:
- փափաքելի է, որ բաւականաչափ ժամանակ տրամադրուի դասագիրքեր ունենալու կամ պատրաստելու հնարաւորութիւններու բաժնին:
- անպայմանօրէն շեշտուի էնթերնէթին ընձեռած ծառայութիւններուն օգտագործումը եւ այս ձեւով, օրին պէտք եղած նորութիւններն ու լուրերը բաժնեկից դարձնելու անհրաժեշտութիւնը
- խորհրդաժողովները իրենց լիագումար եւ մասնակի նիստերուն այնպայմանօրէն ունենան իրենց ժողովավարը, խուսաբելու համար աւելորդաբանութիւններէն եւ ժամավաճառութիւններէն:
- անպայմանօրէն ապահովել եւ կամ յատկապէս հրաւիրել մեր նոր սերունդէն ներկայա-ցուցիչները, որոնք ընդհանրապէս ընտրած են կրթական ասպարէզը եւ դարձած են կամ պիտի դառնան կրթական մշակներ, ուսուցիչներ կամ դասատուներ:
- էական է նաեւ ներկայութեան ապահովումը բոլոր այն ուսանողներուն, որոնք կրթութեան եւ գիտութեան մարզերէն ներս որոշ հետաքրքրութիւններ եւ մանաւանդ փորձառութիւններ ունին:
- անհրաժեշտ է մօտէն եւ յարատեւ հետապնդումը սոյն ժողովներուն առնուած քայլերուն, առաջարկ-ներուն եւ կամ որոշումներու իրագործման:

Եւ վերջապէս պէտք է, անպայմանօրէն յիշել եւ ծափահարել ՀՀ Կրթական նախարարու-թեան այն երեք պաշտօնուհիները, յանձինս՝ Նունէ Վարդանեանի, Թամարա Զալինեանի եւ Ամալիա Քոչարեանի անունները, որոնք այս 4-րդ խորհրդաժողովի յաջողութեան ի խնդիր ոչ մէկ ճիգ խնայած էին:

Ուստի՝ մինչեւ յաջորդ հանդիպում:

****







«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝