Յայտարարութիւն

Tuesday, September 7, 2010

ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Ընթերցողներէս կը խնդրեմ, որ ներեն ինծի գրառական այս՝ ժամանակային առումով ետ ու առաջ ընթացքը, քանի որ բնաւ չէի մտածած, որ այսքան նիւթ ամբարուած է իմ նոթատետրիս մէջ՝ Համահայկական հինգերորդ համաժողովին մասին։ Նիւթ, որ կարելիութիւն կþընձեռէ մանրամասն ներկայացնել ե՛ւ Համաժողովին անցուդարձերը, ե՛ւ իմ ներքին խլրտումներս՝ առաջին մասնակցութեանս առիթով։ Կորսուած մանրամասնութիւններ կարծեր էի վարի նշումներս, բայց քանի որ անոնք ճշմարիտ պատկերը կը ներկայացնեն նաեւ մեր հաւաքական նիստ ու կացին, վերաբերումին ու գնահատանքին, որոշեցի անպայման անդրադառնալ Համաժողովի առաջին օրուան անցուդարձերուն եւ յատուկ գլուխով մը ներկայացնել զայն իբրեւ յատկանշական մանրամասնութիւն։
Տեղին է նշել, որ հինգերորդ համաժողովը, բացի թեմաթիկ նիստերէ, կþընդգրկէր նաեւ այլ ձեռնարկներ, որոնք ծրագրուած էին յստակ ժամանակացոյցով։ Այսպէս, երկուշաբթի, համագումարի առաջին օրուան նախաճաշէն ետք, Ծաղկաձորի ամարանոցի լայնատարած գաւիթին մէջ պարոն Լեւոն Անանեան ոտքի վրայ բացումը կատարած էր Գրողներու համահայկական հինգերորդ համաժողովին եւ մեզ հրաւիրած՝ ՀԳՄ լուսանկարիչ Բախշի Խաչատրեանի լուսանկարչական ցուցահանդէսին եւ գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքին, որոնք նոյն վայրին մէջ տեղի կþունենային, ապա մեզ հրաւիրած էին դահլիճ՝ ներկայ ըլլալու «Թռիչք եւ թեւեր» խորագրեալ ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին հայրենի բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեան ներկաները ծանօթացուց Հայաստանի նորափթիթ, երիտասարդ սերունդի տաղանդաւոր տղոց ու աղջիկներու ժամանակակից մտորումներուն, խոստմնալից թռիչքներուն, ապա տաղանդաւոր նորերու արտայայտման բեմի՝ «Գրեթերթ»ի խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեանի հետ փոխն ի փոխ վարելով ձեռնարկը, անոնք մէկ առ մէկ ներկայացուցին շատ երիտասարդ գրիչներն ու անոնց ցարդ հրատարակած գործերը, որոնք նոյն ատեն տարբեր լեզուներու թարգմանութեանց արժանացած էին։ Երիտասարդներու խմբակէն շնորհալի տղաք ու աղջիկներ յաջորդաբար իրենց գործերէն կատարեցին ընթերցումներ, որոնք սակայն միշտ չէ, որ հաճոյքով ընկալուեցան ներկաներուն կողմէ, քանի որ անոնցմէ շատ քիչերն էին, որ յաջողեցան իրենց սրտի յոյզն ու մտքի թափը հեզասահ ու ճիշդ առոգանութեամբ հասցնել ունկնդիրին։ Բարեբախտաբար, նաեւ տեղին նշումներ եղան այս մասին՝ ընդգծելով այն իրողութիւնը, թէ այսօր արեւելահայերէնը եւս բանաւոր ընթերցումի թէ ասմունքի ձեւի մէջ կþապրի նահանջ՝ նոյնիսկ հայկական բնօրրանի ամէնէն տաղանդաշատ շրջանակներու մէջ։
Կէսօրուան ճաշէն ետք, յետմիջօրէի ժամը երեքին, արտերկրի գրողներու խումբը մեկնեցաւ Էջմիածին եւ մօտաւորապէս երեք ժամ հիւրը եղաւ Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ.ի։ Վեհարանի դահլիճին մէջ գրողներուն թիւը կրկնապատկուած էր, որովհետեւ Ծաղկաձորի խումբին միացած էր նաեւ Հայաստանի գրողներէն նկատառելի խումբ մը։ Հոս էր, որ առաջին անգամ ըլլալով գրեթէ բոլոր մասնակիցները հանդիպեցան իրարու (ըստ յայտարարութեան՝ իննսուն հոգի)։ Գարեգին Բ. վեհափառը լայն սրտով, մեծ դրուատիքով եւ խրախուսական ջերմ խօսքերով ողջունեց հայ գրողները՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ապա աւելի քան մէկ ժամ յոտնկայս զրուցեց դահլիճը լեցուցած գրողներուն հետ, լսեց անոնց դժուարութիւնները, սպառիչ պատասխան տուաւ հարցումներուն եւ Էջմիածնի զօրակցութիւնը յայտնեց հայ գիրի ու դպրութեան յաւերժութեան նուիրուած հայ մտաւորականին, գրողին ու մշակութային գործիչին, իր խօսքին մէջ յորդորելով ազգային միաբանութեան գաղափարն ու պետականութիւն-եկեղեցի-ժողովուրդ երրեակի առաւել սերտացման հրամայականը։ Հրաժեշտ տալէ առաջ Էջմիածնին, բազմատասնեակ գրողները ստացան հոգեւոր օճախի հրատարակութենէն հատորներ եւ հիւրասիրուեցան Հայաստանեայց առաքելական Մայր աթոռի միաբաններուն կողմէ։
Խումբին Ծաղկաձոր վերադարձը եղաւ առանց հայաստանցի մեծաթիւ գրողներու, այլ անոնցմէ միայն քանի մը գրող մեր փոխադրակառքը բարձրացան։ Հաւանաբար տնտեսական նկատառումներով էր, որ Հայաստանի գրողները Ծաղկաձորի մէջ մեծաթիւ ներկայութիւն չեղան միշտ, բացի երէց սերունդի քանի մը ներկայացուցիչներէ թերեւս, որոնք մեզի պէս իրենք ալ իջեւանած էին Ծաղկաձոր, նաեւ ելոյթներով մասնակիցներ էին ծրագիրին, իսկ ուրիշներ պարբերաբար ներկայ կþըլլային՝ ըստ ձեռնարկի բնոյթին, պաշտօնական հիւրերու ցանկին։ Ծրագիրին մէջ, ընթրիքէն առաջ նշուած էր «Մթնշաղի կամուրջներ» գրական-երաժշտական երեկոն, որ իր մատուցման ձեւով, ոճով ու բովանդակութեամբ շատ տպաւորիչ էր։ Մեծն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Մթնշաղի կամուրջներ» քերթուածներու նորատիպ հատորիկը խմբագրած է բանաստեղծուհի Գոհար Գալստեան, մէկ էջի վրայ Տէրեանի մէկ ստեղծագործութիւնը, իսկ դիմացի էջին վրայ համագումարին ներկայացող կարգ մը բանաստեղծներու տէրեանական մոթիֆներով գործերու տեղադրումը կատարած է։ Ասոր համար ալ գիրքը կոչուած է «Մթնշաղի կամուրջներ»։ Գործին երաժշտական-բեմական յղացումը եւս կը պատկանի բանաստեղծուհիին, իսկ գործադրութեան համար ան օգտագործած էր Գեղարուեստաթատերական հիմնարկի ուսանողներէն զոյգ մը եւ երիտասարդ թաւջութակահար մը, որոնք լաւապէս յաջողեցան ներկաները փոխադրել տէրեանական թախծոտ աշխարհ, ուր սէրն ու աշունը, թաւջութակին լարերն ու բաժանման արհաւիրքը զգայնութիւններու բացառիկ բեմադրութեամբ մատուցուեցան շնորհիւ շնորհաշատ ուսանող զոյգին՝ Անի Գալստեանի եւ Յարութիւն Անդոյեանի, որոնք ո՛չ միայն աշնանային թուղթէ տերեւներու վրայէն կարդացին Տէրեանը, այլեւ զայն զգացին մինչեւ իրենց մազերակները եւ իրենց զգացածը նոյնութեամբ հաղորդեցին դահլիճին, որմէ սակայն ոչ միայն կը սպասուէր համապատասխան ընկալում, այլեւ նուազագոյն յարգանք՝ դէպի բեմն ու Տէրեանը։ Սակայն, տարօրինակօրէն, ինքնըստինքեան խելամիտ մարդոցմով լեցուած դահլիճը սկսաւ անտեղի աղմկել, բջիջային հեռաձայններու զանգեր հնչեցին տարբեր անկիւններէ, որոնց յաջորդեցին հեռաձայնային խօսակցութիւններ՝ առանց նոյնիսկ սրահը ձգել-հեռանալու, այլ՝ տեղւոյն վրայ, նստած տեղն իսկ (ի դէպ, համագումարի բոլոր օրերուն եւ ամէն նիստի հնչեցուեցան բջիջայիններ՝ աջէն ձախէն, եւ ո՛չ մէկը անոնց տէրերէն յոգնութիւնը առաւ լռեցնելու զանոնք, անգա՛մ ամէնէն լուրջ կարծուած վայրկեաններուն... իսկ բոլոր նիստերուն ալ դահլիճ մուտքի դուռը միշտ ալ երթեւեկի, մուտքի ու ելքի բանուկ ճամբու մը վերածուեցաւ, անհարկի աղմուկով լեցնելով դահլիճն ու լուռ նստած ներկաներուն ականջները...)։
Պատահեցաւ նաեւ, որ բջիջայինը շալկած եւ հեռանալու փորձ կատարողներէն ոմանք ալ երբեմն այնքան զբաղած էին իրենց խօսակցութեամբ, որ փոխանակ մինչեւ դուռ հասնիլը շշնջալու, կամ նուազագոյնը՝ մեղմաձայն փսփսալով դահլիճը չխանգարելու ճիգ մը կատարելու, կը խօսէին իրենց ամէնէն զիլ ու ուժեղ ձայնով, կարծես միտումնաւոր կը ձգտէին խանգարել դահլիճին անդորրը այնքան, որ կարգ մը ներկաներ չվարանեցան հայոց այբուբենի «շա» տառը իրարու ետեւէ հնչեցնել (շշշշշ...), բայց՝ անօգուտ։
Այսպէս, Տէրեանն ու Գոհար Գալստեանի հրաշալի բեմադրութիւնը խոցուեցան այնքան, որ աւարտին, երբ ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեան առջեւ հրաւիրեց ծրագիրի հեղինակ բանաստեղծուհին՝ իր խմբագրած նոյնանուն հատորին ու անոր բեմական յղացքին մասին խօսելու, ան իր խօսքը տակաւին չամբողջացուցած սկսաւ բարկութենէն ու յուզումէն, չգնահատուած ըլլալու տագնապէն արդա՛ր պոռթկումով լալ...

... Նոյն վայրկեանին կարծեցի դահլիճին խորքէն լսած ըլլալ այսպիսի խօսակցութիւն մը.
-Արրրա՜՜՜...էս ի՛նչ պատահեց, իաա՜...
-Հէէէ՜չ... ի՞նչ ա եղել որ, Հայաստա՛ն ա, մենք ենք ու մերոնք, օտար մարդ չկա՜յ...

Ս. Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝